ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
Ժամադրուած էինք մայիս 27-ին տեսնուելու համար, պիտի գայիր Պէյրութ, եւ միասին ժամանակ անցընէինք ու կուշտ ու կուր ամէն հարցի մասին խօսէինք: Միտքդ փոխեցիր եւ ճանապարհդ շեղեցիր, եւ մենք քեզ ճանապարհորդեցինք հեռուէն, նոյն մայիս 27-ի օրը, հոն, ուր մեր բոլորին սիրելիները մէկտեղուած երկնային երանաւէտութեան մէջ` մեր գալուստը գգուանքով կը դիմաւորեն: Չեմ գիտեր, թէ ե՞րբ է մեր յաջորդ հանդիպումը, բայց գիտեմ, թէ ո՛ւր պիտի ըլլայ, տա՛յ Աստուած, որ հայրենի կամարներու վրայ հանդիպինք, ուրկէ եւ վերջապէս պիտի վկայենք մեր յաղթանակներու կերպարանաւորումը, հոգ չէ թէ մենք ներկայ պիտի չըլլանք:
Տեսակապով հետեւեցանք տխուր, շա՜տ տխուր ճանապարհորդութեանդ արարողութեան, բացակայ էին ընկերներդ, մենք` Ճեմարանի նախակրթարանի գրասեղաններէն մինչեւ երէկ շարունակուող ընկերութիւնը, հրաժեշտի վերջին յարգանքը մատուցելու եւ հարազատներէդ շատերը, ՀՕՄ-ը եւ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներդ, որոնց կողմէ թերացում մը չէր, այլ` անկարելիութիւն: Ներէ մեզի, սիրելի՛ս, որ չկրցանք հրաժեշտի վերջին համբոյրը դրոշմել ճակտիդ:
Տարիներով աշխատեցար Ամերիկա-Հայաստան-Արցախ եռեակին միջեւ` անդադրում ծրագիրներ մշակելով, Ախուրեանի Մօր ու մանկան հիւանդանոցի կատարելագործման համար յարատեւ այցելութիւններ տալով, առաջնորդուեցար մասնագիտական հմտութեամբ եւ վարչական սկզբունքներով, աշխատեցար անսակարկ ու խստապահանջ բծախնդրութեամբ եւ իրագործեցիր ճշդապահութեան եւ հաշուապահական արտասովոր հետամտութեամբ, յաճախ եւ ընդհանրապէս դիւր չգալով շատերուն, որոնց համար մասնագիտական եւ պահանջկոտ գործելակերպը ընկալուած չէր: Այս մօտեցումը կու գար քու կերտուածքէդ, որ կոփուած էր մեր ազգային համեստ վարժարաններու խոնարհ ուսուցիչներու դաստիարակած արժէքներով` Ազգային Չաթալպաշեանէն, Նշան Փալանճեան ճեմարան, որոնք հետագային բիւրեղացան Պոսթընի եւ Հարվըրտ համալսարաններու մէջ` հասնելով եւ ստանձնելով Պոսթընի Մաունթ Օպըրն հիւանդանոցի ընկերային բաժանմունքի գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնին:
Այս բոլորը ծառայեցին օր մը ձեռնհասօրէն վարելու ՀՕՄ-ի ատենապետութիւնը երկու շրջաններու համար:
Երբ աւարտեցիր պարտականութիւններդ, որոշեցիր հաստատուիլ հայրենիքի մէջ, որովհետեւ տեսար, ապրեցար եւ հաւատացիր, որ միակ ու լաւագոյն կերպը հայրենիքին օգտակար ըլլալու հոն` ժողովուրդին հետ ապրիլն էր, եւ եթէ որեւէ ընելիք կար տեղւոյն վրայ, ժողովուրդին հետ ըլլալով, անոնց հետ շփուելով է, որ պիտի փոխէիր: Այդպէս հաւատացիր եւ այդպէս ալ կեանքիդ վերջին տասնամեակը հայրենիքին նուիրաբերեցիր եւ յաճախակի այցելութիւններովդ մօտէն իրազեկ դարձար աշխատանքներուն, իրագործումներուն` ապրելով հոգեկան բաւարարութիւնը անոնց յաջողութիւններուն եւ յաճախ նաեւ զայրոյթով արտայայտուեցար անսահման զոհողութիւններով ձեռք բերուած եւ այժմ ընդհատուած կամ փակուած կեդրոններուն ու ծրագիրներուն համար:
Ընտրեցիր տունդ, որովհետեւ անոր հիւրասենեակէն եւ պատշգամէն կրնայիր դիտել Արարատը օրուան տարբեր ժամերուն եւ տարուան բոլոր եղանակներուն, վայելել անոր պարգեւած տարբեր գեղեցիկ պատկերները: Վեհափառօրէն բազմած, հայ ժողովուրդի դարերու փորձութիւններով սպիտակած, դէմդ եղող, բայց հեռու ու անհաս լերան լուսանկարներ կ՛ուղարկէիր, «Արարատը այսօր` խաղաղ ու հանգիստ» գրառուած, երբ յստակ էր անոր գագաթը եւ անամպ, կամ` «Արարատը այսօր` տխուր ու բարկացած» երբ մոխրագոյն ամպերն էին ծածկած անոր սէգ գագաթը: Արարատով մանկացած, Արարատին մօտիկ, բայց անոր կարօտով կիզուած` մեզ եւս մասնակից կը դարձնէիր քու ապրումներուդ, Արարատի տարբեր երեւոյթներուն` արեւու ոսկի շողերով լուսափայլ թէ պիպլիական վեհափառութեամբ ձիւնով հանդերձապատ նկարներ ուղարկելով:
Եւ ահա յանկարծ արկածը քեզ տապալեց, անհաւատալի էր: Այդ ինչպէ՜ս պատահեցաւ, որ ակնթարթի մը մէջ, այդքան սարսափելի ու անդառնալի դարձաւ ամէն ինչ, ճակատագրի վճի՞ռն էր, որ ժամանակը հասած համարելով` խլեց քեզ բոլորէն, ու ոչինչով կրցան արգելք հանդիսանալ անժամանակ մեկնումիդ, ո՛չ գիտութեամբ եւ ո՛չ ալ մեր աղօթքներով, մեղա՜յ, մեղա՜յ քեզ, Աստուած:
Կեանքը դաժան եւ շատ անողոք եղաւ քեզի նկատմամբ, տասնամեակ մը հազիւ թէ հաշուող ամուսնական կեանքդ ընդհատուեցաւ երիտասարդ ամուսնոյդ` Վռամին յանկարծակի մահով եւ անկէ ետք գոյութեան պայքարը հանգիստ ու դադար չտուաւ քեզի: Հրայրդ մանուկ էր տակաւին, երբ Ամերիկայի մէջ գործի հաւանականութիւններն ու առաջարկները բազմաթիւ էին, բայց չուզեցիր Վռամին ծնողքէն` իրենց աշնան մէջ, զաւկի կորուստով սահմռկած երկու ծերունիներէն խլել կեանքին եւ իրենց մէկ հատիկին կապող միակ օղակը: Բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով` մնացիր Լիբանան եւ պարգեւեցիր գոհունակութիւնն ու ապահովութիւնը անոնց, մինչեւ անոնք եւս անցան ու միացան իրենց զաւկին: Անկէ ետք Վռամին հարազատները եղան քու երկրորդ ընտանիքդ, ձուլուեցար անոնց մէջ, անոնց հետ եղար մտերիմ ու անոնց մէջ ապրեցար Վռամին ներկայութիւնը, եկար այցի ամէն տարի ու ամէն առիթով ու Մինասեաններու հպարտութիւնը եղար քու անբասիր եւ օրինակելի վարք ու բարքով, ՀՕՄ-ին ծառայութեամբ, մինչեւ հասար մուրազիդ` հայրենիքի մէջ հաստատուելու: Անկէ ետք ուրախութիւնդ սահման չունէր Հրայրին ամուսնութեամբ, որմէ ետք թոռնիկիդ` Եւային ծնունդը, այլափոխեց կեանքիդ իմաստը եւ դէմքէդ ճառագայթող ժպիտը անցնող քառասուն տարիներուն ի՜ցիւ թէ տեսած ըլլայինք: Բայց ափսո՜ս, շատ կարճ տեւեց եւ կրկին ճակատագիրը հարուածեց` այս անգամ վերջնականապէս տապալելով քեզ: Մահը նոյնիսկ դիմաւորեցիր պայքարով եւ չկարենալ դիմանալով` յանձնուեցար ճակատագրի տնօրինումին: Է՜հ, սեւ բախտ: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, սիրելի՛ս, գնա՛ եւ միացի՛ր Վռամիդ, որուն տուած ուխտիդ մնացիր հաւատարիմ մինչեւ վերջին շունչդ, գնա՛ եւ տասնամեակներու հոգիիդ մէջ խեղդած կարօտդ ա՛ռ:
«Ո՞վ կացցէ ի խորանի քում կամ ո՞վ բնակեսցի ի լեառըն սուրբ քո: Որ գնաց անբիծ, գործէ զարդարութիւն, խօսի զճշմարտութիւն ի սրտի իւրում»: Այս սկզբունքով ու այս հաւատքով ապրեցար ու գործեցիր: Արժանի էիր բոլոր տեսակի պատիւներու, բայց կը խորշէիր ցուցականութենէ. անոր համար ալ մնացիր հեռու մեծարանքներէ, գործեցիր շիտակ ու մաքուր, խօսեցար խիզախօրէն ճշմարիտը, մնացիր լուսարձակներէ հեռու եւ ձգտեցար լաւագոյնին ու ճշմարիտին, եւ արդարօրէն իրագործեցիր քեզի վստահուած բոլոր յանձնառութիւնները` վարձատրութիւնդ եւ գոհունակութիւնդ գտնելով իրականացած ծրագիրներու սահուն գործունէութեան եւ անոնց յաջողութեան մէջ: Իսկական առաջնորդն էիր, որ իրագործելէ ետք վստահ կ՛ըլլայիր նաեւ, որ շարունակականութիւնը պահուած է:
Վերջին հրաժեշտի արարողութիւնդ եւս եղաւ քաջին թաղմանը նման` առանց փող ու թմբուկի, գացիր անաղմուկ միանալու մեր ժողովուրդի պարծանքը հանդիսացող խոնարհներու փաղանգին:
Այս տողերը կարդացած ատենդ անկասկած նոյն եւ անփոփոխ ոճովդ պիտի ըսէիր` «է՜հ, լա՛ւ, կը բաւէ® գիտցած եղիր, որ…», եւ մեր սովորական վէճը ծայր պիտի առնէր:
Մարօ՛ ջան, վա՛րձքդ կատար, վարձքդ կատար բոլոր զոհողութիւններուդ համար, որոնք անսակարկ նուիրաբերեցիր ընտանիքիդ, սիրելիներուդ ու ՀՕՄ-ին:
Եղար ու կը մնաս ՀՕՄ-ի խոնարհներու ածուէն սերած, արժանաւոր եւ վաստակաշատ ատենապետ` ընկհ. Մարօ Մինասեան:
Բարի՛ երթ դէպի յաւիտենութիւն:
30 մայիս 2022