Պրաւօ՜, պարոն Մերիք Կարլենտ. այս ի՜նչ արդարամտութիւն, այս ի՜նչ յանդգնութիւն: Ես ալ կը ձայնակցիմ քեզի, երբ կը յայտարարես, որ պէտք է հետապնդել եւ հաշուետուութեան կանչել Ուքրանիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ գործողները:
Ընթերցողս իրաւունք ունի հարցնելու, թէ ո՞վ է սա արդարամիտ եւ արի Կարլենտը, որուն ձայնակցելու ելեր եմ այսօր, լուռ հրաւէր կ՛ուղղեմ, որ ամէն արդարամիտ մարդ ձայնակցի անոր:
Մերիք Կարլենտ Միացեալ Նահանգներու արդարութեան նախարարն է, որ շատերու հետեւելով, փէշերը հաւաքած, յանկարծ (գաղտագողի) Ուքրանիա վազեց 21 յունիսին եւ Լեհաստանի սահմանագլուխին հանդիպում մը ունենալով հիւրընկալ երկրին ընդհանուր դատախազին հետ` կրկնեց շատերու հնչեցուցած յանկերգը. Ուքրանիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ կ՛ըլլան, պէտք է հաշիւ պահանջել, արդարութեան սեղանին բերել բոլոր ոճրագործները: Անոնք փախուստի տեղ չունին…
Եթէ Կարլենտ հիմնականին մէջ ի մտի ունի ռուսական ուժերը, ես կը նախընտրեմ կարկինը աւելի լայն բանալ եւ հաշուետուութեան կանչել պատերազմական բոլոր ոճրագործները, ո՛ւր կամ ե՛րբ որ ալ տեղի ունեցած են կամ տեղի կ’ունենան ոճիրները:
Շարքը երկար է, արձանագրենք քանի մը տարածք:
Պատերազմական ոճիրներ տեղի կ’ունենան նա՛եւ Ուքրանիոյ արեւելեան ռազմադաշտին` Տոնպասի շրջանին մէջ: Ռուսական ուժերը ձեռք ձգած են ուքրանացիներուն կողքին կռուող ամերիկացիներ, զանոնք կրնան մահապատիժի ենթարկել իբրեւ վարձկաններու (այլ երկիրներէ եկած կռուողներ ալ կան), մինչդեռ նոյն Կարլենտի Փենթակոնը կը պնդէ, որ անոնք կամաւորներ են, Ռուսիա պէտք չէ յանդգնի մինչեւ իսկ անոնց մազին դիպչելու:
Պատերազմական ոճիրներ գործած է եւ կը շարունակէ գործել Թուրքիա` ընդդէմ քիւրտերուն, ընդդէմ Սուրիոյ եւ Իրաքի (շարքը երկար է), իսկ եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան պատերազմական ոճիրներ գործեցին Արցախի մէջ, ոճիրները կը շարունակեն ընդդէմ Հայաստանի եւ հայութեան` հակառակ Երեւանի իշխանաւորներու այլանդակ խաղաղասիրութեան: Նորագոյն ոճիրները չեն կրնար մոռացութեան մատնել մեծագոյնը` Ցեղասպանութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ պատերազմական ոճիրներ գործեցին Վիեթնամի, Աֆղանիստանի, Իրաքի, Սուրիոյ մէջ (չերթանք մինչեւ ամերիկաբնիկ հնդիկներու ջարդի եւ սեւամորթներու ստրկութեան օրերը):
Խորհրդային Միութեան ժառանգորդ Ռուսիան չի կրնար ձեռքերը լուալ արեւելաեւրոպական երկիրներու մէջ իր կատարած ոճիրներէն, ո՛չ ալ ստալինեան արեան բաղնիքներէն:
Հապա Ֆրանսա՞ն, որ միլիոնաւոր զոհեր պատճառեց Ալճերիոյ մէջ (այլ գաղութներու պարագան նսեմացած է): Հապա՞ եւրոպական այլ գաղթատէրեր, որոնք ափրիկեան (եւ այլ) երկիրներ վերածած էին որսադաշտի:
Այո՛, պատերազմական բոլոր ոճրագործները պէտք է հետապնդումի ենթարկուին, բերուին արդարութեան սեղանին, արդար հատուցում կատարուի բոլոր զոհերուն, վերականգնին բոլորին իրաւունքները: Հիմա ուքրանացիներն են, ամէն օր զանգուածաբար ջարդուողները, անոնց քաղաքներն են, որ կը քանդուին, իսկ անդին` Աֆղանիստանի մէջ բնական աղէտը` երկրաշարժ մը «պակասը կը լրացնէ»: Լուսանցք նետուած են աւելի քան 100 միլիոնի գաղթական պատճառած ոճրագործները, ներառեալ` Թուրքիոյ հովանին եւ աջակցութիւնը վայելող «իսլամականները»…
***
… Մերիքի յիշեալ յայտարարութեան եւ վերը ցանկագրած պահանջներուս մասին եթէ հեռաձայնով խօսէի վաղեմի մէկ բարեկամիս հետ, վստահաբար պիտի տար լակոնական իր սովորական պատասխանը. «Պո՛շ խօսք…» (պարապ խօսք):
22 յունիս 2022