Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութիւն Եւ Բարոյականութիւն

Յունիս 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները քննարկելու առիթով կը դիմագրաւենք մնայուն գործելաձեւ մը: Յարաբերութիւնները, նոյնիսկ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ, չեն հիմնուիր արդարութեան, իրաւունքի, ճշմարտութեան ու նմանատիպ բարեմիտ գաղափարներու վրայ: Յաճախ կը կրկնենք, որ յարաբերութիւններու մղիչ ուժը շահն է: Եթէ բարեկամական են երկու համարժէք պետութիւններու յարաբերութիւնները, կը գտնուի փոխադարձ զիջումներով, իւրաքանչիւրին շահը պահպանող լուծումը: Եթէ հակադիր են յարաբերութիւնները, փորձ կ՛ըլլայ տագնապ ստեղծելու ճամբով առաւելագոյն զիջումներ պարտադրելու եղանակը. զօրաւորը կը յաղթէ, կամ տագնապը կ՛երկարաձգուի երկար տարիներ: Եթէ երկու երկիրները համարժէք տարողութիւն չունին, ուժեղը, հարուստը, լաւ զարգացածը կը պարտադրէ իր կամքը` աղքատը աւելի աղքատացնելով ու տկարը աւելի տկարացնելով: Այս անարդար գործելաձեւը կը ներկայացուի միջազգային իրաւունքի, ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան ու նմանատիպ շողշողուն գաղափարներու խիստ սկզբունքային բացատրութիւններով:

Միջպետական յարաբերութիւններու մէջ անիմաստ է որոնումը պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան ու ազգերու հաւասարութեան ու համերաշխ գործակցութեան շեփորուած սկզբունքներուն: Այս երեւոյթը միթէ բարոյականութեան ամէնէն պարզ, հասկնալի  ըմբռնումի բացակայութիւն չէ՞. քիչ մըն ալ խտացնելով, կրնանք ըսել, որ միջազգային յարաբերութիւնները հիմնուած են բարոյական չափանիշներէ զերծ սկզբունքներու վրայ: Չըսելու համար` անբարոյութեան վրայ:

Միջազգային յարաբերութիւններու այս պատկերը կրնա՞յ պատճէնուիլ երկրի մը մէջ, անհատ քաղաքացիներու, քաղաքական կազմակերպութիւններու, հասարակական ընկերակցութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն պարագային: Պետութեան տարատեսակ գործառոյթներու աշխատելաձեւ դառնալ:

Հայաստանի մէջ, անկախութեան հռչակման օրերէն իսկ, նման աշխատելաձեւի առկայութիւնը մատնանշուած էր բազմիցս: Դժբախտաբար, պետութիւնը ղեկավարելու կոչուած իշխանութեան, իշխանութիւնը ամէն գնով պահելու մոլուցքէն թելադրուած ապաժողովրդավար վարուելակերպին թելադրանքով:

Թէեւ նոր չէ երեւոյթը, սակայն չորս տարի առաջ իրականացած իշխանափոխութենէն ետք, իշխանափոխութիւն մը, որ ոմանք կը յամառին յեղափոխութիւն կոչել, բարոյական չափանիշներու բացառումը դարձաւ սովորոյթ, օրէնք: Սուտը,  զրպարտութիւնը, բամբասանքը, պարսաւանքը կառավարման միջոցներ դարձան: Իշխանութիւնը կամ իշխանութեան ջատագովներ կը գործեն սխալը, որքան ալ ծանր ըլլայ ատիկա, կ՛արժանանան բարեացակամ արդարացումի, երբեմն ալ` ուրացումի: Ընդդիմադիր շրջանակէ եկող դոյզն շեղումը, նոյնիսկ յանցանքի տարրեր չունեցող արարքը պատրուակ կը ծառայէ խստագոյն դատապարտման ու քրէական քաշքշուքի:

Երկու դէպքեր, անցնող շաբթուան ընթացքին, եկան հաստատելու վերը ըսուածին իրականութիւնը: Շաբաթը բացուեցաւ Ապարանի մօտ կրակոցով մը, որ պատճառեց երեք մահեր ու չորս վիրաւորներ: Ոստիկանութիւնը շուտով յայտարարեց, որ…  որսորդական հրացանէ մը կրակոց մը արձակուած է, սովորական կենցաղային վէճի մը առիթով: Դէպքին քաղաքական դրդապատճառը բացայայտ էր. բացայայտ էր նաեւ ոճիրին դրդիչները, մասնակիցները ու պատճառը պարտկելու ճիգը: Մէկ հոգի ձերբակալուած է միայն, եւ արիւնալի ու ողբերգական արարքին ընթացիկ դէպքի մը հաւասարեցումը կը շարունակուի:

Երկրորդը բարացուցական է իշխանութեան գործունէութեան ոճին բացայայտման տեսակէտէն: Բարձրագոյն դատական խորհուրդի իրաւասութիւնը առկախուած նախագահը` Ռուբէն Վարդազարեան, եւ նոյն պաշտօնին ժամանակաւոր պաշտօնակատար դարձած Գագիկ Ջահանկիրեանը խօսակցութիւն մը ունեցած են: Վերջինը կը փորձէ համոզել առաջինը, որ հրաժարի նախագահի պաշտօնէն, մերթ իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները ջնջել տալու խոստումով, մերթ ընտանիքի ու զաւակներու յիշեցումով, փափուկ սպառնալիք հնչեցնելով: Գագիկ Ջահանկիրեան կը հաստատէ, որ ինք ամբաստանութիւն հնարելու եւ ջնջելու կարողութիւն ունի. կ՛ըսէ, որ ինք կարող է դատական համակարգը կառավարել, որ անցեալին նոյնիսկ… նախագահ կառավարած է: Խօսակցութիւնը ձայնագրուած է ու հրապարակուած: Որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ նման գայթակղութիւն մը կ՛առաջնորդէր հրաժարականի ու քրէական հետապնդման: Հայաստանի մէջ կ՛ուսումնասիրեն, ու հաւանաբար երկար ուսումնասիրեն ձայնագրութիւնը:

Պետական սպասարկութիւններու աշխատանքը պէտք է հնազանդի բարոյական ընթացիկ ըմբռնումներու, որոնք ամէն տեսակի օրէնսդրութեան հիմքը կը կազմեն: Բարոյական ըմբռնումներու բացակայութիւնը համազօր է ամբողջատիրութեան, որ ժողովրդավարական խօսոյթով ջնարակուած` բռնատիրութիւն է:

Տխուր է Հայաստան պետութեան այժմեան պատկերը:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա.

Յաջորդը

Շողիկ Թորոսեանի «Կաթիլ Մը Արցունք» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?