(100)
1986-ին նոր ժամանած եմ Վանքուվըր եւ երկու շաբաթ յետոյ դրացի Ալպերթա նահանգի Էտմընթըն քաղաքը կը հրաւիրուիմ հայ զոյգի մը սուրբ պսակը օրհնելու: Տակաւին չեմ կողմնորոշուած: Հովուական առաջին ծառայութիւնս է: Առաջին անգամ մայրավանքէն հեռու եմ: Թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ տունիս մէջ ամէն բան ես պէտք է ընեմ: Հիմա ալ այս պսակը ելած է, Վանքուվըրէն օդանաւով մէկ ժամ հեռու, երգին բառերով` «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ», վարձուած յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մը մէջ, առանց սարկաւագի, առանց լուսարարի, առանց դպրաց դասի, առանց երգեհոն նուագողի… Աստուա՜ծ իմ, ինչպէ՞ս պիտի ընեմ այս բոլորը:
Պսակէն մէկ օր առաջ կը ծանօթանամ 20-25 տարեկան ինծի տարեկից փեսացուին եւ հարսնցուին, որոնք ամչկոտ կանգնած են եւ պրկուած պահը թուլցնելու համար գրեթէ միաբերան կ՛ըսեն. «Գիտէ՞ք, հա՛յր սուրբ, մեր առաջին պսակն է»: Ես ալ կը պատասխանեմ. «Ի՛մ ալ առաջին պսակս է»: Բարեբախտաբար յաջորդ օր պսակը շատ յաջող կ՛անցնի, եւ բոլորս ալ ուրախ կ՛ըլլանք:
Քանի մը ամիս ետք, երբ կը մտերմանանք, հարս ու փեսան կ՛ըսեն. «Մեզ լաւ մը վախցուցիր, բայց Աստուած երեսնիս նայեցաւ»: «Միայն ձե՞ր երեսին…», կ՛եզրափակեմ:
(101)
1991-ին Նիւ Ճըրզի հոգեւոր հովիւ կը նշանակուիմ: Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան (թաղականութեան) ատենապետը կը յայտնէ, որ եկեղեցւոյ անմիջական շրջապատին մէջ կան հայ եւ օտար վաճառատուներ, որոնք յատկապէս տարեկան պազարին նուէրներ կու տան եկեղեցւոյ. լաւ կ՛ըլլայ, որ որպէս նոր հովիւ` այցելեմ իրենց եւ ինքզինքս ծանօթացնեմ: Բոլորն ալ սիրալիր կ՛ընդունին, եւ քանի մը բառ կը փոխանակենք: Կը մտնեմ կահ-կարասի վաճառող ամերիկահայու մը խանութը: Մարդը յաճախորդ ունի եւ անգլերէնով կէս-բերան «Բարի՛ լոյս: Կը ներես, զբաղած եմ, բայց օր մը քեզի հետ սուրճ մը պիտի խմեմ», կ՛ըսէ: «Բարի՛ լոյս: Կը հասկնամ. ուրիշ օր կը հանդիպիմ», կը պատասխանեմ, եւ ապա քանիցս կ՛այցելեմ իրեն: Մինչեւ այսօր դեռ իր խոստացած սուրճը պիտի խմէ…
(102)
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդ եղած օրերուն Թորգոմ արք. Մանուկեան ինքնաշարժը շատ արագ կը վարէր: Օր մը թաղումի համար Նիւ Եորքէն Պոսթըն պիտի երթայ եւ ուշացած է: Հետը կայ սարկաւագ մըն ալ, որ շարունակ կը յուշէ. «Սրբազա՛ն հայր, շատ արագ էք, փոլիսը պիտի կեցնէ»: Սրբազանը ականջ չի կախեր. «Աստուած մեզի հետ է, տղա՛ս», կ՛ըսէ եւ կը սուրայ: «Թիքեթ պիտի ուտենք», կը զգուշացնէ սարկաւագը: Սրբազանը աւելի կ՛արագացնէ ինքնաշարժը եւ կը կրկնէ. «Աստուած մեզի հետ է, տղա՛ս»: «Էքսիտընթ պիտի ըլլանք», կը սպառնայ սարկաւագը: Սրբազանը ինքնաշարժը կը կանգնեցնէ պենզին լեցնելու համար եւ սարկաւագին կ՛ըսէ. «Ո՞ւր է հաւատքդ: Վերջին անգամ ըլլալով պիտի ըսեմ. Աստուած մեզի հետ է»: Սարկաւագը սրբազանին կ՛ըսէ. «Դուք եւ Աստուած գացէք, ես հոս կ՛իջնեմ», եւ ինքնաշարժին դուռը կը բանայ ու դուրս կ՛ելլէ…
(103)
Վանքուվըր հոգեւոր հովիւ եղած շրջանիս տարին քանի մը անգամ նաեւ կ՛այցելէի դրացի Ալպերթա նահանգի Էտմընթըն ու Քալկըրի քաղաքները, ուր փոքրաթիւ հայ համայնքներ ունէինք:
Առաջին հովուական այցելութեամբ ուրբաթ երեկոյեան կը հասնիմ Քալկըրի եւ պանդոկին մէջ կարճ դադար մը առնելէն ետք զիս կը տանին հայորդիի մը տունը, ուր հաւաքուած է շուրջ 40 անձերէ բաղկացած հայ համայնքը: Կը ծանօթանանք, կը խօսակցինք, սեղանը կ՛օրհնեմ, կ՛ընթրենք, հայերէն երգեր կ՛երգենք, համայնքին մասին տեղեկութիւններ կը քաղեմ եւ ի վերջոյ շաբաթ ու կիրակի օրերու յայտագիրիս մասին կը հարցնեմ: Համայնքի վարչութեան ատենապետը, որ նաեւ զիս օդակայանին մէջ դիմաւորած էր եւ միշտ հետս էր, կը տեղեկացնէ, որ շաբաթ հանգիստի եւ պտոյտի օր է, իսկ կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին պիտի պատարագեմ յոյներու եկեղեցւոյ մէջ, իրենց պատարագէն ետք. ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ համայնքային ճաշ տեղի պիտի ունենայ, եւ կ՛աւելցնէ, որ ամէն մարդ արդէն տեղեակ է, ներկայ պիտի ըլլայ, եւ ամէն բան դասաւորուած է: Բոլորն ալ շատ ուրախ են, որ ես եկած եմ եւ առաջին պատարագը պիտի ընեմ, յաճախ պիտի այցելեմ իրենց ու համայնքը պիտի կազմակերպեմ: Իմ հերթիս ես ալ յաւուր պատշաճի շնորհակալական խօսք մը կ՛ուղղեմ եւ ս. պատարագին վերադառնալով` կը յայտնեմ, որ ամէն բան բերած եմ հետս (սկիհ, նշխար, գինի, մաս, պատարագի զգեստ, շապիկ, խունկ եւ այլն). միայն կը փափաքիմ իմանալ, թէ որոնք են սարկաւագները, դպիրները, դպրաց դասը, երգեհոնը նուագողը, հոգաբարձուները (թաղական), որպէսզի իրարու ծանօթանանք եւ վաղը կարճ փորձ մը ընենք: Մարդիկ զարմացած իրարու երես կը նային: Ատենապետը կ՛ըսէ. «Հա՛յր սուրբ, ձեր ըսածները ոչ թէ չկան հոս, այլ առաջին անգամ կը լսենք կոր: Մեր քովը ասկէ առաջ պատարագ չէ եղած, ասիկա առաջին պատարագն է»: Բանս բուրդ է, կը մտածեմ. ուրեմն ամբողջ պատարագը առանձինս պիտի ընեմ: «Շա՛տ լաւ,- կ՛ըսեմ` կացութեան հետ համակերպած,- ձեր մէջ մէկը կա՞յ, որ պզտիկ եղած ատենը եկեղեցին շապիկ հագած է»: Կը փորձեմ գոնէ խորանին վրայ քովս բուրվառակիր մը ունենալ, որ ի պահանջել հարկին օգտակար ըլլայ: Յանկարծ կէս հայերէնով-կէս արաբերէնով քանի մը ամիսէ ի վեր Պուրճ Համուտէն նոր եկած երեսուն տարեկանի շուրջ երիտասարդ մը կ՛ըսէ, որ ինք քանի մը ամիս Մեսրոպեան վարժարան գացած եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցին շապիկ հագած է: Ես ալ կ՛ուրախանամ, որ մեր կիրակնօրեայ «փրկիչը» գտայ: Պանդոկ երթալէս առաջ սենեակ մը կը մտնենք եւ երիտասարդին կը բացատրեմ, թէ խորանին վրայ ո՛ւր պիտի կենայ, եւ ամէն անգամ երբ «Խաղաղութիւն ամենեցուն» ըսեմ, ինչպէ՛ս հինգ հատ բուրվառ պիտի ընէ: Նաեւ կը յանձնարարեմ, որ կիրակի օր քառորդ ժամ շուտ գայ եկեղեցի, եւ մէյ մըն ալ բուրվառով փորձ ընենք:
Միտքս հանգիստ` կիրակի օր եկեղեցի կը հասնիմ եւ երիտասարդին հետ մեր փորձը շատ յաջող կ՛անցնի: Սուրբ պատարագը կը սկսիմ: Ամբողջ քալկըրիահայութիւնը ներկայ է պատարագի սկիզբէն: Ի՜նչ ուսանելի երեւոյթ… Առաջին «Խաղաղութիւն ամենեցուն»-ին ամէն բան իրար կ՛անցնի: Մեր «փրկիչը» բուրվառը կը դարձնէ, եւ ածուխն ու խունկը խորանին վրայ կը թափին: Հաւատացեալներէն 10-15 հոգի խորան կը վազէ գորգին կրակը մարելու համար, մինչ այդ ծուխէն եկեղեցւոյ ահազանգը խլացուցիչ ձայնով կը հնչէ եւ հրշէջներ կը շտապեն եկեղեցի…
(104)
1986-1991, երբ Վանքուվըր կը ծառայէի, ղպտի ուղղափառներ եկեղեցի չունէին: Իրենց Շնուտա Գ. պատրիարքը մեր եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցէ ս. պատարագը` իր Վանքուվըր շնորհած հովուապետական այցելութեան ատեն: 1999-ին, երբ Վանքուվըր կ՛այցելեմ, կ՛իմանամ, որ ղպտիներ եկեղեցի մը հիմնած են, եւ հանդիպում մը կ՛ունենամ իրենց հոգեւոր հովիւին հետ: Ան ինծի հետեւեալը կը պատմէ. «Երեք ամիս առաջ Գահիրէ գացի Շնուտա Գ. պատրիարքին գանգատելու, որ մեր սարկաւագներէն մին անջատուած է մեր Վանքուվըրի եկեղեցիէն, օտար եկեղեցի մը վարձած է եւ պարբերաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դրացի քաղաքէն ղպտի քահանայ մը հրաւիրելով` սուրբ պատարագ մատուցել կու տայ ու մեր հաւատացեալները կը գողնայ: Պատրիարքը ապշեցուցիչ, բայց ուսանելի պատասխան մը տուաւ. «Տղա՛ս, գնա՛ եւ առաքելութիւնդ շարունակէ: Մէկի տեղ հիմա երկու եկեղեցի ունինք Վանքուվըրի մէջ: Աւելի ուրա՞խ պիտի ըլլայիր, եթէ ղպտի եղբայրներդ եւ քոյրերդ կաթոլիկ կամ բողոքական եկեղեցիներ երթային»: Յայտնեմ, որ այսօր Քանատայի մէջ երեսունհինգ հազար ղպտի կ՛ապրի, ղպտի ուղղափառներ ունին վաթսուն չորս եկեղեցի, որոնցմէ երեքը Վանքուվըրի մէջ են…
(105)
Մեծ մայրիկ մըն է պատմողը. «Մաման պարտականութիւն կու տայ իր երկու աղջիկներուն ամէն առտու նստասենեակին չորս պատուհաններուն վարագոյրները բանալ. իւրաքանչիւրը երկու վարագոյր պիտի բանայ: Օր մըն ալ պզտիկ աղջիկը` Սեդան, կը մերժէ իր երկու վարագոյրները բանալ: Քոյրը` Մայտան, քանիցս անոր կը յիշեցնէ մամային ըսածը: Ապարդիւն: Մայտան դժկամութեամբ կը բանայ չորս վարագոյրները ու կը նեղուի Սեդայէն: Սեդան ամէն միջոցի կը դիմէ, որ Մայտան հետը խաղայ, բայց ան տեղի չի տար: Սեդան մամային կը գանգատի, որ Մայտան իրեն հետ չի խօսիր եւ հետը չի խաղար: Մաման Մայտան ու Սեդան չորս պատուհաններուն քով կը տանի եւ վարագոյրները կը գոցէ: «Սեդա՛, աղջիկս,- կ՛ըսէ,- քանի որ քոյրիկդ առտու չորս վարագոյրները բացաւ, հիմա ալ դո՛ւն չորս վարագոյրները պիտի բանաս»: Սեդան կը բանայ վարագոյրները եւ կը պատրաստուի պուպրիկներուն քով վազելու: Մաման զինք կը կեցնէ եւ կը խրատէ. «Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ առտու դուն ալ երկու վարագոյր բացած ըլլայիր, ինչպէս Մայտան բացաւ: Տեսա՞ր` հիմա ի՛նչ եղաւ. առաջին` Մայտան քեզմէ նեղուեցաւ: Երկրորդ` մաման նեղուեցաւ, որ երկու քոյրիկներ իրարու հետ չեն խօսիր եւ չեն խաղար: Երրորդ` մամային գործ բացիր` չորս վարագոյրները ետ գոցել տալով: Չորրորդ` ի վերջոյ չորս վարագոյրները դո՛ւն նորէն բացիր եւ երկուքի տեղ չորս վարագոյր բացիր, որովհետեւ առտու Մայտան չորս վարագոյր բացած էր»: Սեդան մօրը դառնալով` կ՛ըսէ. «Ներողութիւն, մամա. անգամն ալ չեմ ըներ»: Ապա կ՛երթայ Մայտային կը փաթթուի, երկու քոյր իրարու պաչիկ կ՛ընեն ու կ՛ըսեն. «Ես քեզ շա՜տ կը սիրեմ», եւ ամէն բան մոռցած` կը սկսին իրենց պուպրիկներուն հետ խաղալ»:
(106)
Մոնրէալի մէջ Սարգիս առաջին անգամ ըլլալով իտալացի սափրիչ Մարիոյին կ՛երթայ: Հոսկէ-հոնկէ խօսելու ընթացքին մեր մարդը Մարիոյին կը հարցնէ, թէ Մարիօ Քանատա՞ ծնած է, թէ՞ Իտալիայէն եկած:
Մարիօ հպարտօրէն կը պատասխանէ. «Ես Սիսիլիայէն եմ»:
Սարգիս եւս հպարտօրէն կ՛ըսէ. «Կնիկս ալ Սիսէն է, դուն եւ կնիկս իրարու հայրենակից էք ուրեմն», եւ մեկուսի կ՛աւելցնէ. «Տունի սիսլիէն չազատած` այս սիսլիին ձեռքը ինկանք. Աստուած վերջը բարին ընէ…»:
(107)
Երեք տարի Մոնրէալ ապրած տիկին Արշալոյս երկու շաբաթ առաջ Պէյրութէն Մոնրէալ հասած իր ընկերուհին` Աստղիկը, դրամատուն կը տանի հաշիւ բանալու:
Ֆրանսախօս պաշտօնեան անհրաժեշտ տուեալները (անուն, մականուն, հասցէ եւ այլն) ստանալէ ետք կը հարցնէ. «Ամուսնացա՞ծ էք»:
Արշալոյս Աստղիկէն հետեւեալ պատասխանը կը ստանայ. «Անամ, աս ի՞նչ հարցում է: Դուն ալ գիտես` մերինը չոճուխներուն պզտիկ եղած ժամանակը տունը ձգեց գնաց: Հիմա ասոր ի՞նչ պիտի ըսենք»:
Հնարամիտ Արշալոյս իր հազիւ գիտցած ֆրանսերէնով պաշտօնեային կարճ-կտրուկ կը պատասխանէ. ««Տիսփարու» (անհետացած է)»: Մնացածը պաշտօնեային գործն է, ինք թող որոշէ` ի՛նչ պիտի գրէ…
(108)
Ծառայասէր տիկին Արշալոյս Հալէպէն նոր ժամանած ազգականուհին` տիկին Զարուհին, Մոնրէալի ներգաղթի գրասենեակը կը տանի կեցութեան արտօնագիր ստանալու համար:
Դասական հարցումներու կարգին, պաշտօնեան ֆրանսերէնով նաեւ կը հարցնէ. «Տիկինը քանի՞ տարեկան է»:
Թարգմանի դեր կատարող Արշալոյս Զապէլին ըսածը կը փոխանցէ պաշտօնեային. «Ըսէ, որ 1935-ին ծնած եմ, հաշիւը ինքը թող հանէ…»:
(109)
Տիկին Վարսենիկին աղջկան` Անժէլին տունին հեռաձայնը կը հնչէ եւ գիծին միւս ծայրէն Վիգէն կը յայտնէ, որ երկու օրէն Մոնրէալէն Պէյրութ պիտի երթայ եւ կ՛ուզէ Անժէլին մօրը հարցնել, թէ Պէյրութ բան մը ունի՞ ղրկելիք, բայց մօրը հեռաձայնի թիւը չունի, որ հետը խօսի: Անժէլ կը յայտնէ, որ մայրը քովն է եւ հեռաձայնը անոր կը փոխանցէ: Տիկին Վարսենիկ չ՛ուզեր աղջկան ներկայութեան ըսել, թէ ի՛նչ պիտի ղրկէ Պէյրութ, եւ Վիգէնին կ՛ըսէ. «Սելուլըրիս թիւը տամ, ինծի երկու ժամէն թելեֆոն ըրէ, տունս կ՛ըլլամ, կը խօսինք»: Տիկին Վարսենիկ իր թիւը միայն ֆրանսերէնով գոց սորված ըլլալով` կ՛աւելցնէ. «Գրէ՛. թըրուա, թըրուա, տէօ, զերօ, թըրուա, սենք, զերօ»:
Քիչ ետք Վիգէն իր ընկերոջ` տիկին Վարսենիկին տղուն, Պարգեւին, խանութը կը հանդիպի գործով եւ յատուկ հիացումով կը յարէ. «Ակա՜ս, մամա՜դ ինչ աղուոր ֆրանսերէն կը խօսի կոր. ինձմէ լաւ: Սելուլըրին թիւը ինծի ֆրանսերէնով տուաւ»:
Պարգեւ խնդալէն կը մարի, որովհետեւ մօրը գիտցած ֆրանսերէնը միայն այդքան էր…
(Շար. 11)



