Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 4. Երգ Երգոց

Յունիս 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ժիրայրին յիսուներորդ տարեդարձն էր, այդ գիշեր մեր զուարճութեան համար իր տղան` Րաֆֆին եւ անոր ընկերը` Սեւակը, հայկական նոր սկաւառակներ բերած էին, եւ երաժշտութիւնը անընդհատ կ՛ընթանար զանազան երգչուհիներու եւ երգիչներու կատարողութեամբ, որոնց մեծ մասը մեզմէ շատերուն համար անծանօթ էին: Սեւակը երգերու եւ տեսահոլովակներու (վիտէօ քլիփ) մեծ հաւաքածոյ մը ունէր եւ երգիչներէն շատերը անձամբ կը ճանչնար եւ մեզի տեղեկութիւններ կու տար անոնց մասին:

– Այս երգերը մտիկ ընելը շատ հաճելի է, Հայաստանի երգիչները գոնէ երգել գիտեն եւ նուագախումբերու որակը բարձր է, ոչ սփիւռքահայ երգիչներուն նման, որոնց ընկերակցող նուագախումբերը կարծես խոհանոցի կաթսաներու վրայ կը նուագեն եւ խուլ են, եթէ ոչ ի ծնէ, գոնէ` իրենց հանած աղմուկին պատճառով,- ըսի:

Արթուր Մեսչեան
Արթօ Թունճպոյաճեան

– Բայց սփիւռքահայ խումբեր կան որոնք բաւական լաւ կը նուագեն, հաճելի է զիրենք մտիկ ընել, եւ սիրուած երգիչներ ալ կան: Կարելի չէ բոլորը նոյն պիտակի տակ դնել,- դիտել տուաւ Սիմոնը:

– Տարբերութիւնը յստակօրէն կը զգաս, երբ բարձր մակարդակի նուագախումբ մը լսես, ձայնին որակը բոլորովին տարբեր է: Նոյնիսկ խտասալիկներու պատրաստութեան մէջ սփիւռքահայ նուագախումբերը մեծաւ մասամբ անփոյթ են, եւ իրենց պատրաստած տիսքերը նոյնիսկ նուազագոյն թեքնիք  մակարդակը չունին,- պատասխանեցի:

– Ես երբ հայկական պարահանդէսի կամ ճաշկերոյթի երթամ, աղմուկին չեմ դիմանար, այդ պատճառով յաճախ կանուխ կը ձգենք: Մեր տարիքին այլեւս չենք կրնար այդ տեսակ երաժշտութիւն մտիկ ընել,- աւելցուց Լենան:

– Ատիկա տարիքի հետ կապ չունի,- ըսի,- ես երբ երիտասարդ էի «Պլեք սեպպըթ», եւ այլ այսպէս կոչուած «ծանր մետաղ» երաժշտութիւն շատ կը սիրէի եւ մինչեւ հիմա ալ կը սիրեմ, եւ այդ տեսակ երաժշտութիւնը պէտք է բարձր ձայնով մտիկ ընել: Արթուր Մեսչեանի կամ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբին եղանակները կարելի չէ մեղմ ձայնով մտիկ ընել, ձայնը պէտք է հզօր ըլլայ, որպէսզի կարենաս երաժշտութեան հետ հաղորդուիլ:

– Ես բարձր աղմուկով երաժշտութիւն երբեք չեմ սիրած,- վրայ բերաւ Լիզան:

– Հաւանաբար որակաւոր սարքի վրայ չես լսած. օրինակի համար, հիմա Սեւակին նուագած եղանակները զանազան ոճի են, բայց շատ հաճելի է լսելը, քանի որ սարքը շատ որակաւոր է:

– Մե՛ղք, որ մեր երիտասարդ եղած ատեն այսքան մեծ թիւով հայ երգիչներ չկային, գոնէ ես լրիւ օտար երաժշտութեան ազդեցութեան տակ մեծցած եմ, չեմ գիտեր թէ ձեր փորձառութիւնը ի՛նչ եղած է,- հարցուց Վազգէնը:

– Հիմա այս նիւթը ուրկէ՞ հանեցիք, ձգեցէք` երաժշտութիւնը մտիկ ընենք,- ըսաւ Լենան:

– Երէկ նորէն ամերիկեան PBS հեռատեսիլի կայանէն դրամ կը հաւաքէին կոր եւ ամէն դրամահաւաքի շատ փնտռուած վիտէոներ ցոյց կու տան, որպէսզի մեծ թիւով դիտողներ ունենան, այս անգամ յիսունական եւ վաթսունական թուականներէն սիրուած խումբերու համերգներն էին, եւ գրեթէ ամէն երգ յուզում պատճառեց ինծի: Իսկ հայերէն երգերու պարագային, միայն մէկ երգ գիտեմ, որ ինծի այդքան յուզում կը պատճառէ, այդ ալ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Դու ինչպէս մի աստղ» երգն է,- պատասխանեց Վազգէնը:

– Ամերիկան աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրն է եւ մէկ հանրային հեռատեսիլ չի կրնար պահել, երեք ամիսը անգամ մը մուրալու կ՛ելլեն եւ մէկ-երկու  շաբաթ քսան վայրկեան յայտագիր ցոյց կու տան եւ քսան վայրկեան գլուխդ կ՛արդուկեն, ես դրամահաւաքի ժամանակ այդ կայանը բնաւ չեմ դիտեր,- շարունակեց Լենան:

– Ես ալ տեսայ այդ յայտագիրը,- ըսաւ Սիմոնը,- ինծի համար ալ շատ զգացական էր պատանեկութեանս սիրուած երգերը դարձեալ լսել: Ես լրիւ յայտագիրը կ՛արձանագրեմ եւ յետոյ խօսակցութեան վրայէն կը ցատկեմ եւ միայն յայտագիրի մասերը կը դիտեմ:

– Ես երբ «The platters» խումբին «The great pretender» երգը լսեցի, այնքան յուզուեցայ, որ աչքերէս արցունքներ հոսեցան: Անմիջապէս ինթըրնեթէն անոնց լաւագոյն երգերու սկաւառակը գտայ եւ այնքան յաճախ մտիկ ըրի, որ կինս եւ զաւակներս սկսան գանգատիլ: Հիմա միայն ականջակալներով մտիկ կ՛ընեմ,- ըսաւ Վազգէնը:

– Արդեօք պարզապէս այդ ժամանակներու կարօ՞տն է, որ քեզ կը յուզէ, թէ ոչ այդ երգերը իրապէ՛ս գեղեցիկ եւ յուզիչ են,- հարցուց Լիզան:

– Համերգին ներկայ գտնուող ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մեզի պէս մոխրագոյն գլուխներ էին, եւ պէտք էր տեսնէիր, թէ որքա՛ն կը յուզուէին, եւ ծափերու տարափ մը կը լսէիր, երբ առաջին քանի մը նոթաները կը լսէին եւ երգը կը ճանչնային,- պատասխանեց Սիմոնը:

– Այդ երգերը մէջդ յիշատակներ կ՛արթնցնեն. ո՞վ չի յուզուիր, երբ իր երիտասարդութիւնը, մանաւանդ իր պատանեկութիւնը յիշէ,- ըսաւ Լենան:

– Ո՛չ, ատիկա ճիշդ չէ,- ըսաւ Վազգէնը,- անցեալ օրը բարեկամիս տունն էինք ճաշի, անոր տղան Մոնրէալէն եկած էր եւ հօրը պէս երաժիշտ է, այն տարբերութեամբ, որ հայրը դասական երաժշտութեամբ կը զբաղի, իսկ ինք շատ ժամանակակից «ֆիւժըն» կոչուած ժանրին կը հետեւի: Իր սկաւառակներէն վերջինը հետը բերած էր: Մտիկ ըրինք եւ մեր կարծիքները յայտնեցինք: Այդ խօսակցութեան ընթացքին իրեն հարց տուի, թէ այսօր նուագախումբեր կա՞ն արդեօք, որոնք հետք մը կը ձգեն: Ես որեւէ նոր նուագախումբի անուն չեմ գիտեր, թերեւս տարիքիս պատճառո՞վ է, որ չեմ լսած անոնց մասին: Օրինակի համար, «Պիթըլզ», «Իկըլզ» կամ «Փինք Ֆլոյտ» նուագախումբերը ամբողջ սերունդներու վրայ ազդած են` որպէս մշակութային կամ ընկերային երեւոյթներ, եւ նոյնիսկ գեղագիտական յեղաշրջումներու ազդակ դարձած են: «Շա՛տ ճիշդ է,- պատասխանեց ան,- ես ալ պիտի ըսէի որ մանաւանդ «Փինք Ֆլոյտ»-ի նման խումբեր չկան հիմա»:

– Ես հայկական երգերով մեծցած եմ,- ըսաւ Ստեփանը,- եւ գիտէ՞ք, որ օթոյիս  մէջ միայն հայկական սկաւառակներ ունիմ: Երբ պատանի էի, միշտ հայերէն երգեր մտիկ կ՛ընէինք Խորհրդային Հայաստանի ռատիոյէն եւ նոյնիսկ անոնց սկաւառակները ունէինք: Հիմա շատ աւելի մեծ թիւով երգիչներ կան եւ` ոճի այլազանութիւն, մտիկ ընելու համար աւելի մեծ ընտրութիւն ունինք:

– Ըսածդ ճիշդ է երեւութապէս, բայց իրականութեան մէջ անոնցմէ ութսուն առ հարիւրին երգերը եթէ տասը անգամ իսկ լսես, եղանակը միտքդ չի մնար: Տասը առ հարիւրը հին երգերը «նոր ոճով» կ՛երգեն, իսկ մնացեալ տասը տոկոսին ամէնէն յիշատակելի երգերը Թաթայի եւ Արամ Ասատրեանի նման երգիչներու երգերն են, հակառակ որ անոնք ռապիզ կը նկատուին եւ որոշ մարդիկ ցած աչքով կը նային անոնց,- պատասխանեց Լիզան:

– Անշուշտ Ռուբէն Հախվերդեանը ինքնուրոյն ոճ մը ունի եւ հայ երգի մէջ մեծ պարապ մը լեցուցած է: Ես Արթօ Թունճպոյաճեանն ալ շատ կը սիրեմ, ան բոլորովին տարբեր ոճ մը ունի եւ կրցած է հայ երգը միջազգային հետաքրքրութեան առարկայ դարձնել իր «Հայկական նաւատորմի նուագախումբ»-ով,- աւելցուց Սիմոնը:

– Լիզային կէտը շատ հետաքրքրական է,- ըսաւ Վազգէնը,- ես կը յիշեմ «Բաղրամեան փողոցում» եւ նման բազմաթիւ երգեր. հիմա, երբ անոնք լսեմ, ինծի խորթ կը թուին, հաւանաբար որովհետեւ այդ երգերու երգահանները փորձած են մեր ժողովուրդին արեւելեան գիծը բոլորովին ուրանալ. ես երաժիշտ չեմ, բայց կը հաւատամ, որ ըսածս ճիշդ է: Օրինակ` Թաթային «Անապատի արեւ» երգի առաջին քանի մը նոթաներէն մարդիկ երգը կը ճանչնան. ոեւէ մէկուն հարցուր, վստահ եմ, որ եթէ այդ երգը լսած է, եղանակը կը յիշէ: Թունճպոյաճեանն ալ մեր արեւելեան երակը ի յայտ կը բերէ իր երգերուն մէջ:

– Արեւելեան ոճի թեքում ունեցող երգերու նկատմամբ տարօրինակ վերապահութիւն մը ունինք, որ անոնք կրնան թրքական երաժշտութենէ ազդուած ըլլալ, եւ անմիջապէս կ՛ուզենք զանոնք չէզոքացնել. երբ կ՛ըսեմ` կ՛ուզենք միայն մեր ազգային մամուլը նկատի ունիմ, ժողովուրդին հոգը չէ, անոնք միայն իրենց սիրած երգերը մտիկ կ՛ընեն, եւ այդ է ճիշդ ձեւը, չես կրնար մարդոց պարտադրել, որ քու ճաշակիդ համաձայն երգեր մտիկ ընեն,- վրայ բերաւ Լիզան:

– Այո՛, ըսածդ ճիշդ է, անգամ մը երիտասարդական թերթի մը խմբագիրները երաժշտութեան մասին իրենց կեցուածքը հրապարակած էին, երիտասարդներու յատուկ խակ եւ արմատական մօտեցումով: Ըստ իրենց, երիտասարդները միայն Ռուբէն Հախվերդեանի եւ Արթուր Մեսչեանի երաժշտութիւնը պէտք էր մտիկ ընէին, եւ միւս բոլոր երգիչները «այլասերած» կը նկատուէին: Ես Արթուր Մեսչեան շատ կը սիրեմ, յաճախ մտիկ կ՛ընեմ, Ռուբէն Հախվերդեանն ալ ինծի համար շատ սիրելի երգիչ մըն է, բայց ես պիտի չուզէի, որ երիտասարդները միայն անոնց երգերը մտիկ ընէին,- ըսաւ Վազգէնը:

– Շատ տարօրինակ է, որ երիտասարդները այդքան արմատական մօտեցում ունին այս տեսակ հարցի մը նկատմամբ. ինծի կը յիշեցնէ սփիւռքահայերու կեցուածքը Հայաստանի հանդէպ: Այնքան լսած են, որ «Հայրենիքը սրբութիւն է» եւ նման սնամէջ խօսքեր, որ երբ Հայաստան այցելեն, կը սպասեն, որ ամէն մարդ այդ խօսքը արդարացնէ իրենց համար: Կ՛ընդվզին, երբ ամէնէն հասարակ «սխալներ» նկատեն: Աստուած չընէ, որ գիշերային ակումբներու մասին լսեն, կամ հեռատեսիլէն տեսնեն կիսամերկ պարուհիներ, «Ասոնք ռուս ըլլալու են» կ՛ըսեն, չեն կրնար ընդունիլ, որ Հայաստանը ուրիշ երկիրներու նման երկիր մըն է, ուր ամէն տեսակ մարդիկ եւ կիներ կան, ուր նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն հին արհեստը կիրարկողներ ալ կան,- յիշեցուց Լիզան:

– Սփիւռք-Հայաստան հարցերը մի՛ բանար, եթէ մինչեւ առտու խօսինք, ոչ մէկ տեղ կը հասնինք: Մեր եւ իրենց առաջնահերթութիւնները բոլորովին տարբեր են, եւ, շատ մը պարագաներու, իրարու հակադրուած են, քանի որ մեր արժեւորումները տարբեր են,- ըսաւ Լենան:

– Եթէ մենք այդ հարցերը չծեծենք, ո՞վ պիտի մտածէ անոնց մասին,- պատասխանեց Սիմոնը,- թէեւ ըսածդ ճիշդ է, բայց չենք կրնար այդ մասին չխօսիլ:

– Տարիներով Հայաստանի անկախութեան մասին երազեցինք, բայց մեզի համար այդ գաղափարը այնքան անկարելի կը թուէր, որ անկէ անդին ոչ մէկ բանի մասին մտածեցինք, քանի որ չէինք սպասեր, որ պիտի պատահի: Մեր սովորական անփութութեամբ եւ կարճատեսութեամբ «Հելէ Հայաստանը անկախ թող ըլլայ, վերջը կը մտածենք, Աստուած մեծ է» ըսինք: Յանկարծ անկարելին պատահեցաւ, Խորհրդային Միութիւնը խորտակուեցաւ, եւ մենք ակամայ ստացանք անկախութիւն մը, որուն համար բնաւ պատրաստուած չէինք: Հիմա ոտք կոխած ենք, որ ուղղագրութիւնը փոխեն, եւ կը կարծէ՞ք, որ այդ նպատակով որեւէ բանասիրական աշխատանք տարած ենք, կամ հարցը սերտած ենք: Ո՛չ: Միայն կը պահանջենք` առանց գիտնալու հարցին տարողութիւնը, եւ այսպէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի կը սրուին,- ըսաւ Լիզան:

– Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքի նախարարութիւն ստեղծեց. չե՞ս կարծեր, որ ատիկա կրնայ յարաբերութիւնները աւելի գործնական գետնի վրայ զարգացնել,- հարցուց Լենան:

– Սփիւռքի նախարարութիւնը մինչեւ այսօր զբաղած է միայն այստեղ-այնտեղ մետալներ եւ շքանշաններ բաշխելով, եւ մինչեւ այսօր ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք տեսած ենք: Ասիկա կը նմանի երեխայի մը շաքար տալու, որպէսզի զինք լռեցնես: «Դեռ ի՞նչ կ՛ուզէք կոր, ձեզի համար նախարարութիւն ստեղծեցինք» պիտի ըսեն, եթէ որեւէ գանգատ ներկայացնես,- պատասխանեց Լիզան:

– Լիզային ըսածը ճիշդ է,- ըսաւ Սիմոնը,- լաւ է` չխորանանք, ինչպէս կ՛ըսեն հայաստանցիները:

– Աշխարհի վրայ որեւէ զանգուած կա՞յ, որ միայն «Հայ» որակումը կը կրէ, ինչո՞ւ կ՛ըսենք «հայաստանցիները» եւ ոչ թէ` «հայերը». չի բաւեր, որ սփիւռքի մէջ ունինք պոլսահայ, եգիպտահայ, լիբանանահայ, պարսկահայ եւ այլն: Օր մը ցեղ մը պիտի գոյանա՞յ արդեօք, որուն անունը միայն «հայ» է, առանց ածականի: Ես կը կարծեմ, որ այդ մտածելակերպը մեր ունեցած հիւանդութեան ախտանշանն է,- ըսաւ Վազգէնը:

– Ի՞նչ է այդ հիւանդութիւնը,- հարցուց Լենան:

– Մեր հիւանդութեան անունը սփիւռք է: Յամենայն դէպս ես երգիչներու մասին խօսելու սկսայ, եւ տեսէք` նիւթը ո՛ւր հասաւ,- դիտել տուաւ Վազգէնը:

– Մեր ձեռքը չէ,- ըսաւ Սիմոնը,- ի՛նչ նիւթէ ալ սկսինք, վերջաւորութեան անպայման հոս կը յանգինք:

– Մենք ուրիշ տեսակ կեանք չենք տեսած, մեր կեանքը այս է, հայութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը մեր հարցերն են, նոյնիսկ եթէ որոշենք հեռու մնալ եւ աշխարհի ծայրամասերը երթանք, տակաւին մեր միտքերը պիտի չարչրկենք այս նիւթերով: Նոյնիսկ այնտեղ թերթերուն մէջ եւ ֆիլմերուն վերջաւորութեան հայկական անուններ պիտի փնտռենք: Ազգովին վարակուած ենք, եւ մեզի համար հիմնական մղում մըն է, որ մեզ` բոլորս իրարու մօտ կը բերէ, նոյնիսկ եթէ նոյն եզրակացութեան չենք յանգիր,- ըսաւ Լիզան:

– Եթէ օր մը արթննանք եւ հրաշքով մեր բոլոր հարցերը լուծուած գտնենք, կարծեմ թէ մեծ դժուարութիւն պիտի ունենանք մեր կեանքերը իմաստաւորելու,- ըսի:

– Այդ է պատճառը, որ իրարու հետ այսքան սերտ բարեկամութիւններ կը մշակենք, որովհետեւ բոլորս նոյն հարցերով մտահոգուած ենք: Մեծ ազգերու զաւակները իրարու հետ այսքան խորունկ կապերով չեն կրնար կապուիլ, որովհետեւ զիրենք իրարու կապող նիւթերը առօրեայ մանրուքներ են, իսկ մեր պարագային կենաց-մահու խնդիրներ են,- նկատել տուաւ Լիզան:

– Աստուած օգնէ ձեզի,- ըսաւ Վազգէնը,- երգիչներուն մասին խօսք բացի, անկէ զատ ամէն ինչի մասին խօսեցաք, ես կ՛ուզէի գիտնալ, որ արդեօք ուրիշնե՞ր ալ ինծի պէս հայկական երգէն հեռու մնացած են:

– Ի՞նչ է նպատակդ, «Հայ երգը եւ սփիւռքահայը» խորագրով յօդուա՞ծ մը պիտի գրես,- հարցուց Լենան հեգնական:

– Մի՛ գանգատիր,- ըսաւ Լիզան,- փառք տուր Աստուծոյ, որ քու մէկ հարցումդ այսքան նիւթ ստեղծեց. եթէ տեղացիներու շրջանակին մէջ այս հարցը դնէիր, կրնար հակառակը պատահիլ, եւ խօսքերդ օդին մէջ կախուած կը մնային:

– Ինծի նոյն բանը պատահեցաւ: Այո՛, բոլորդ այս նիւթին մասին խօսեցաք, բայց ձեզմէ ոչ մէկը իմ հարցումիս պատասխանը տուաւ:

– Լա՛ւ, մի՛ նեղուիր: Հաւանաբար բոլորս ալ նոյն փորձառութիւնը ունեցած ենք. օրինակ, Ստեփանին պէս, մեր տան մէջ ալ Հայաստանի հաղորդումները մտիկ կ՛ընէինք, բայց ես կնոջական զիլ ձայնով երգերը բնաւ չէի սիրեր եւ մինչեւ այսօր ալ չեմ սիրեր. բարեբախտաբար նոր երգչուհիները այդ ոճը չեն որդեգրած: Ես ալ քեզի պէս միջազգային ժողովրդական երգեր լսելով մեծցած եմ, եւ թերեւս այդ է պատճառը, որ քիչ մը աւելի առարկայական ձեւով կը մօտենամ այս հարցին,- ըսի:

– Հայ երգին կամ առհասարակ ոեւէ ազգի երգին առարկայական ձեւով մօտենալը սխալ է, քանի որ երգը զգացական դրսեւորում մըն է, եւ կարելի չէ զգացական հարցերուն առարկայականօրէն մօտենալ: Ես հայ երգը այնքան կը սիրեմ, որ ինծի տարբերութիւն չ՛ըներ երգիչներուն կամ նուագախումբերուն մակարդակը,- ըսաւ Ստեփանը,- երեխան, երբ կը մեծնայ, ի՛նչ բանի որ վարժեցնես, ատիկա պիտի սիրէ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը քիչ մը պակասաւոր ըլլայ: Ես այդ ձեւով կը մտածեմ:

Այդ խօսքը ինծի մտածել տուաւ, որ շատ դիւրին է աշխարհաքաղաքացի խաղալը. ո՞ր ձեւը ճիշդ է, անոր պատասխանը չունինք, ինչպէս որ անգլերէն կ՛ըսեն, երդուեալները տակաւին իրենց վճիռը չեն տուած:

Մինչ այդ Հայաստանի մէջ մետալ եւ շքանշան պատրաստող գործարանը անընդհատ կ՛աշխատի, եւ Հրանուշ Յակոբեանը պատուական սփիւռքահայերու նոր ցանկեր կը պատրաստէ:

3 ապրիլ 2011
Թորոնթօ

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Դասախօսութիւն` Սրբալոյս Միւռոնին Մասին

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա.

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?