Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Հրաժեշտ Կրթական Մշակ Եւ Վաստակաշատ Տնօրէն` Մովսէս Այնթապեանին

June 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ահաւասիկ հաւաքուած ենք վերջին հրաժեշտը տալու իրերայաջորդ սերունդներու ոգեկան եւ իմացական հայեցիութեան անխոնջ սպասարկուի մը` կրթական մշակ եւ վաստակաշատ տնօրէն` Մովսէս Այնթապեանին:

Օշականի կնիքով զրահաւորուած իր ուխտակրութեան ճամբան որոշ հանգրուանով մը` քաղաքային կանգառներէ ետք, զինք կը վերադարձնէ իր հարազատ գիւղը, մասնաւորաբար` իր գիւղի ազգային վարժարանը…

Եւ ամբողջ 30-ամեակ մը, նախ իբրեւ ուսուցիչ եւ ապա` իբրեւ տնօրէն, 19 տարիներ շարունակ իր կենսունակ ուժականութեամբ, իր մտքով ու հոգիով եղաւ յառաջապահ ջահակիրը վարժարանի ազգային կրթութեան առաքելութեան:

Իբրեւ հայ լեզուի եւ գրականութեան դասատու` եղաւ մղիչ ուժը 1962-էն սկիզբ առած «Մուսա Լեռ» տարեգիրքերու որակական անցումներուն: Որակի նման  ոստումները ոչ միայն արդիւնք էին խմբագրական իր հետեւողականութեան, այլ ցուցանիշն էին հայ լեզուի եւ գրականութեան իր դասաւանդութեան արդիւնաբերութեան, ցանուած սերմերու ծլարձակումին եւ աշակերտութեան մէջ գրականութեան հետ իր ստեղծած մոգական կապին:

Մ. Այնթապեանի ուսուցած հայեցիութիւնը սոսկական պատկանելիութեան մը հետեւակութենէն անդին` հոգեմտաւոր արժէքներու ժառանգութեան, գաղափարներու պայծառատեսութեան եւ նպատակներու վեհութեան յանձնառութիւնն էին.  ա՛յդ  յանձնառութեան ուսուցումը: Այդ իսկ պատճառով անոր դասաւանդութիւնը ոգեշնչող մնաց իրերայաջորդ սերունդներու մէջ եւ յառաջացուց որակ: Որակ մը, որ ոչ միայն թարգմանուեցաւ աշակերտական գրական փորձերով ու ստեղծագործութեամբ, այլ` կրթամշակութային ատենամարզանքներով ու ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրութիւններով, ցուցահանդէսներով եւ թատերական նրբաճաշակ ներկայացումներով:

Քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին` անոր վիճակուեցաւ վերցնելու վարժարանի տնօրէնի պատասխանատուութիւնը: Նոյն պատերազմի թոհուբոհին` վարժարանը  իւրաքանչիւր հանգրուանի բեռնաւորուեցաւ բազում դժուարութիւններով. սակայն, ի հիճուկս այս բոլորին, փաստ է, որ վարժարանը շարունակեց իր վերելքը:

Այս փաստի արձանագրման մէջ անուրանալի մնաց Մ. Այնթապեանի ղեկավար ներդրումը, վարչարար ու կազմակերպչական ունակութիւնը, ժրաջան աշխատանքն ու անխորտակ կամքը:

Վարժարանը նուաճեց ուսումնական փայլքով օծուած օճախի մը վարկը, եւ երբ տեղացի աշակերտներու զանգուածային դիմումներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ, մղուեցաւ Պարէլիասի մէջ հաստատելու երկրորդականի Ա. կարգի դասարան մը. քայլ մը, որ քաջալերեց տեղացիները հիմնելու իրենց երկրորդական վարժարանը:

Մ. Այնթապեանի հետեւողական ջանադրութեամբ քոլեճը ունեցաւ իր գիտական արդիական տարրալուծարանը` Զոհրապ Թազեանի բարերարութեամբ. նոյնպէս` վարժարանը յանձնառու մնաց եւ իրագործեց Եդուարդ  Պոյաճեանի յուշադամբան կիսանդրիի զետեղման իր նախաձեռնութեան: Առանձին բարերարութիւններով մանկապարտէզն ու նախակրթարանը ունեցան իրենց «Գառնի» եւ «Կարս» խաղավայրերը:

Մ. Այնթապեան` իբրեւ տնօրէն, չսահմանափակուեցաւ կրթական գործառոյթով. ան իր գործունէութիւնը վարեց բազմաճակատ ուղղութիւններով: Եթէ մէկ կողմէն կրցաւ համախմբել  որակեալ եւ նուիրական ոգիով օժտուած ուսուցչակազմ եւ գործի լծել զայն, միւս կողմէ` նախանձախնդիր  մնաց վարժարանի միջավայրային եւ կրթական յարմարութիւնները աւելցնելու, աշակերտական կեանք ծաղկեցնելու եւ վարժարանի գոյատեւման կռուանները բազմապատկելու:

Իր տնօրէնութեան ժամանակաշրջանին վարժարանին սատար  կանգնող ազգային կալուածներու ծրագիրը ընդլայնուեցաւ եւ World Vision-ի բարերար ներդրումի ապահովումով` գիւղի հարաւարեւմտեան սահմանը օժտուեցաւ այգիով:

Յատկանշական է, որ յաւակնոտ ծրագիրներու իր հետապնդումին մէջ միշտ ու միշտ հեռատես մնաց խնայողութիւն մը վերապահելու նեղ օրերու համար: Մտաւորական իր խառնուածքին հետ կրցաւ ըլլալ հմուտ տնտեսվարող:

Զինք մօտէն ճանչցողներու վկայութեամբ, հակառակ իր ձգած խստաբարոյ կերպարի տպաւորութեան, ունէր ծո՜վ համբերութիւն եւ գուրգուրոտ սիրտ: Իր հոգածութիւնը  տարածեց բոլորին` իւրաքանչիւր աշակերտի, ծնողքի եւ ուսուցիչի նկատմամբ:

Սակայն այս բոլորին մէջ ամէնէն բնորոշն ու տիրականը կը մնայ Մ. Այնթապեանի հայրենապաշտութիւնը` իբրեւ նկարագրային գիծ:

Մ. Այնթապեան համոզուած էր, որ սփիւռքը եւ զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր գաղութ ու մասնիկ չեն կրնար շնչել առանց հայրենիքի, համազգային իտէալի ու  պահանջատիրութեան: Իր այս հաւատամքը պարարտ հող գտած էր նաեւ աշակերտական կեանքին մէջ, որ կ՛եռար պահանջատիրութեամբ եւ կ՛աճէր ազգային արժէքներով:

Յիշարժան  կը մնայ իր մղումով 1976-77 տարեշրջանի 11-րդ դասարանին կողմէ գրուած նամակը հայրենի մտաւորական Սերօ Խանզադեանին` Ղարաբաղի հարցով, որուն մասին իր բանտախուցէն արձագանգեց վրիժառու բազուկ Գուրգէն Եանիքեանը:

Իր այս հաւատամքով եւ ստեղծած ոգեկանութեամբ պէտք է բացատրել այն եռուզեռն ու մթնոլորտը, զորս ունեցաւ վարժարանը հայրենի ազգային-մտաւորական  դէմքերու այցելութեամբ եւ աշակերտական կենսունակութեամբ: Զինեալ պայքարը, արցախեան շարժումն ու Հայաստանի վերանկախացումը յարատեւ կռուի շղթան կը հիւսէին Մ. Այնթապեանի վարժարանէն ներս 30-ամեայ ծառայութեան ժամանակաշրջանին,  եւ իր հաւատամքով այդ կռիւը  յարատեւ դրօշի կռիւն էր. կռիւը` եռագո՛յն դրօշին, որուն յանձնառութեան տակ կը դնէր իր աշակերտները` իր բառերով. «Այդ դրօշակը թող ձեզի մտասեւեռում դառնայ, եւ իբրեւ կեդրոնական առարկան ձեր մտածումներուն,  ապրումներուն եւ երազանքներուն` ձեր բոլոր կարելիութիւնները իր ծառայութեան ընծայուին, որպէսզի ազատագրուելով պանդուխտի իր աստանդական կեանքէն` վերագտնէ իր հարազատ պատուանդանը եւ կենսաւորուի հայրենի ազատ եւ անկաշկանդ հովերէն»:

Սիրելի՛ տնօրէն, քու այս կտակդ յաղթանակի ճամբան լուսաւորող ջահակրութիւն է արդէ՛ն:

Ննջէ՛ խաղաղութեամբ:

17 մայիս 2022

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Խոնարհներու Շառաւիղէն

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Ոսկեփոշիի Հատիկներ (Վ. Թեքեանի «Կին` Ատեան, Մատեան»-ը)

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.