Անդրադարձ

Տոմս.   Երրորդութիւնը

Տոմս. Երրորդութիւնը

ՀՅԴ երրորդութեան` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի եւ Սիմոն Զաւարեանի անհատականութիւններուն մասին հրաշալի գրութիւններ ունի երրորդութեան կենդանագիրը` Սիմոն Վրացեան, որ «ՀՅԴ յուշապատում»-ին մէջ ստորագրած  իր գրութիւններուն մէջ լաւագոյնս կը ներկայացնէ ՀՅԴ երրորդութիւնը: Քրիստափոր: Ֆիզիքականով տկար, բայց զարմանալիօրէն տոկուն եւ աշխատասէր այս անձը, ինչպէս կը նկարագրուի Սիմոն Վրացեանի կողմէ, մտքով եւ հոգիով խորունկ ովկիանոսի մը նման է, մտածումներով եւ զգացումներով զուսպ եւ հանդարտ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Հնաբոյր Խօսքերու Դաշտահանդէս Կամ «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն» (132-Ամեակ) Դ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Անտարակոյս, կարելի է քննադատել Դաշնակցութիւնը, երբ կարիք կայ` անկեղծութեամբ եւ անշահախնդրօրէն: ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ   Այո՛, ի զուր հնչած են, կը հնչեն ցարդ այն բոլոր պարսաւանքները, որոնք կը վերաբերին ՀՅ Դաշնակցութեան գոյութեան, կատարած աշխատանքին թէ ազգային ըմբռնումներուն: Մեր կազմակերպութիւնը, իր ծնունդէն ի վեր գիտակցած է այս ու նման ծանծաղամիտ խօսքերու սնանկութիւնը եւ միշտ ալ հանդուրժողութեամբ եւ լայնասիրտ պահուածքով ընդունած...

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը` Կրկին Բեմին Վրայ

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը` Կրկին Բեմին Վրայ

«Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակին պատճառով 2 տարի ակամայ դադար առնելէ ետք, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը այս շաբաթավերջին` 19 եւ 20 նոյեմբերին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանրութեան պիտի ներկայացնէ Ժան-Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց... կայուն» զաւեշտական թատերախաղը` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Քանի մը ամսուան փորձերը արդէն իսկ այս վերջին շաբաթներուն օրական բնոյթ ստացած են, եւ քանի մը օր ետք արդէն իսկ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Լիբանանահայ Թատերական Կեանքի Մեկնարկ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանահայ թատերական կեանքը երկար դադարէ ետք պիտի վերակենդանանայ: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին նախաձեռնութեամբ, եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, այս շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի Ժան Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր... բայց կայուն» թատերախաղը: 2019-էն ետք լիբանանահայ թատերական կեանքը կանգ առած էր: Վերջին ներկայացումը Սուրէն Խտըշեանի «Կոմիտաս» վարդապետին նուիրուած ներկայացումն էր: Լիբանանի ժողովրդային շարժումը, անկէ ետք «Քորոնա» համաճարակը,...

Ուղղահայեաց Առանցքը` Օգուտ, Հորիզոնականը` Միայն Ենթակայութիւն

Ուղղահայեաց Առանցքը` Օգուտ, Հորիզոնականը` Միայն Ենթակայութիւն

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հիմա արագ կշռոյթով հոլովոյթ մը կայ, որ կ՛ընթանայ երկու ուղղութիւններով` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու այսպէս կոչուած կարգաւորումը, բնականոնացումը իրագործելու: Կը թուի, թէ այս հոլովոյթը անկասելի է, ներկայ իրերու դրութիւնը անխուսափելիօրէն կը տանի դէպի նաեւ մեծ պետութիւններու ու մեծապետական շահերու օրհնութիւնը ստացած հոլովոյթի կենսագործում` հայկական իրականութեան մէջ 2020 թուականի պարտութենէն ետք այս գաղափարի ջատագով ունենալով Հայաստանի իշխանութիւնները, «խաղաղութեան դարաշրջան»...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Ինքնարժեւորման Հրամայականը (132-Ամեակ) Գ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի, ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը: ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ Լսողաց ենք յաճախ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին երեսնամեակը տարբեր հնչեղութիւն ունեցած է` նկատի առած գործունէութեան ծաւալն ու հզօրութիւնը: Այս նկատառումը իր բովանդակ իրաւացիութեամբ նաեւ կ՛ընդգրկէ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ շատ անգամ մոռացութեան կը տրուի կամ չի շեշտադրուիր, այդ ալ` կազմակերպական կեանքի ուժեղացումն է հանդիսացած, հակառակ դժուարին թէ...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Իրաւազրկուած, անիրաւուած եւ անազատ ըլլալու զգացումէն ծնունդ կ՛առնէր հայ յեղափոխութիւնը, որ առաջին իսկ օրերէն կը դառնար դաւանանք, կը դառնար միս ու արիւն` իր դրօշին տակ համախմբելով պայքարի պատրաստակամ բոլոր տարրերը: Անկերպարան հայ իրականութենէն ծնունդ կ՛առնէր նոր հայը - յեղափոխական հայը: Առաջ կու գար նոր սերունդ մը` աւելի՛ ինքնագիտակից, աւելի՛ պայծառատես ու վճռակամ, որ հայութիւնը առաջնորդելու եւ հայ կեանքին ուղղութիւն տալու...

Հոգեհանգիստ` Առանց Հոգեկան Հանգիստի

Հոգեհանգիստ` Առանց Հոգեկան Հանգիստի

Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստի պաշտօնի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը: Այսօր եկած ենք այստեղ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցեալի նուիրեալներու պանթէոնին առջեւ, անոնց եւ իրենց այլուր յաւիտենապէս ննջող նմաններու հոգիներու հանգստեան համար խոկալու եւ աղօթելու: Մեր ննջեցեալներու հոգիներու հանգիստը մեր օրերուն ապահովելը չափազանց դժուար իրագործելի փափաք մըն է. քիչ առաջ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Դժուարագոյն Մարտահրաւէրը (132-Ամեակ) Բ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ունենալ ժողովուրդին վստահութիւնը` կ՛ենթադրէ վերցնել ծանր պատասխանատուութիւն: ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Հայ իրականութեան մէջ տարօրինակը այն է, որ անհատներ թէ հաւաքական միջավայրեր, երբ ուզեն քննադատել կամ գնահատել որեւէ գործունէութիւն, սոսկ առօրեայ կեանքի մէջ պատահածն է, որ իրենց ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Այլ խօսքով` անոնք նուազագոյն ճիգն ու տրամադրութիւնը ի գործ չեն դներ, սապէս խորանալու կամ ըստ էութեան հասկնալու` յատկապէս հաւաքական...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Հայ յեղափոխութիւնը եղաւ նոր հայութեան կերտիչը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղաւ Հայ յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջատար ուժը, աննկուն ախոյեանը: Արդ, հայ յեղափոխութիւնը զէնք չէր միայն, այլեւ ոգեկան զինավառում էր, նոր խօսք չէր միայն, այլեւ վերափոխիչ ու ամրապնդիչ գործ էր, գաղափար չէր լոկ, այլեւ գաղափարականացում էր: Ընդվզում չէր միայն պատմութեան դէմ, բռնութեան ու ճակատագրին դէմ, այլեւ ստեղծագործ թռիչք էր, բարոյական, հոգեկան ու իմացական վերանորոգում,...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

«Սփիւռքը»… Պետիկեանի Քաջավաստակ Հատորը

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Վերջին տասնամեակներուն, տպագիր գիրքերու աւանդավարժ ընթերցասէրներուս համար, ոչ միայն ականատեսներն ենք, այլ բարեվարժ օգտագործողներն ենք առցանց, ելեկտրոնային թուայնացած արհեստագիտութեան օժանդակութեամբ հայերէն բազմիմաց գիրքեր կարդալու: 21-րդ դարու հաղորդակցական տարաբնոյթ սարքերը` համակարգիչներէն մինչեւ բջիջային հեռախօսները, անրջական կը դարձնեն տպագիր հրատարակութիւնները: Բայց եւ այնպէս հայ իրականութեան առջեւ բացուող հաղորդակցական հսկայ կարելիութիւններու պարտադրող ազդեցութեան հետ համակերպելով, համակարգիչի պաստառին առջեւ նստած, կը...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստա՞ն, Թէ՞ Արցախ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Սոչիի եռակողմ հանդիպումին վերեւ կը սաւառնէր արցախեան հարցի ուրուականը: Հանդիպումին օրակարգը, անոր քննարկումները եւ զայն քննողները կը խուսափէին ուրուականէն: Աւարտին, ուրուականը շրջանցած ըլլալու խաբուսիկ գոհունակութեամբ, երեք կողմերը վերադարձան տուն: Ռուսիա գոհացած էր ամերիկեան ծրագիրը ռուսականի վերածելու եւ ռուսական միջնորդութիւնը գերակայելու իր յաջողութեամբ: Ազրպէյճանը բաւարարուած էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ իր ցարդ ձեռք բերած ապօրինի նուաճումներու սթաթուս քոն պահելով:...

Մինակ Չես

Նախակոչ Եւ Փիլիպպոս Առաքեալները

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Հայ ազգը քրիստոնեայ առաջին ազգը ըլլալով, քաջատեղեակ է մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսին տասներկու առաքեալներու անուններուն: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, ան բոլոր առաքեալներու կեանքին մասին տեղեկութիւններ չունի, որովհետեւ ընդհանրապէս կեդրոնացած է անոնցմէ երեքին` Ս. Բարթողիմէոս, Ս. Թադէոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներուն, ինչպէս նաեւ տասներեքերորդ առաքեալին` Ս. Պօղոսին վրայ: Այդ իսկ պատճառով  այս գրութեան նպատակն է ներկայացնել...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Չթարգմանուած իղձ մը մարմնացնող յայտնութիւնը եղաւ Դաշնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ, համատարած տագնապի մը բաղձալի լուծումը, ճակատագրի մը կոչը: Երեւի այսպէս կը կազմուին պատմական անկիւնադարձները: Երեւի միշտ այսպէս կ՛ըլլայ ու խռովիչ կ՛ըլլայ երկարօրէն սպասուած ու յանկարծօրէն յայտնուած շարժումներուն հմայքը: Երեւի մարդոց արագ գինովութիւնը արդիւնք է երկարատեւ պապակներու յաջորդող մեծ պոռթկումներու: Հայ կեանքին մէջ մութը առաւելագոյն խտութեամբ դիզուած էր այդ օրերուն ու...

Սթափելու Ժամանակը

Մտորումներ` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մասին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակի նշումներու սեմին, իր գործունէութեան վերաբերող հարցականներու ու երբեմն հնչող մեղադրանքներու լոյսին տակ, թուղթին կը յանձնեմ կարգ մը մտածումներ, աւելի ճիշդ` մտորումներ: Դաշնակցութեան էութիւնը բնորոշող, իր հիմնադրութեան հիմքերէն մէկը, կարեւորագոյնը, իր յեղափոխութիւնն է: Քանի որ դաշնակցութեան գործունէութեան առաջին երեսնամեակին ընթացքին, երբ արմատաւորուեցան կուսակցութեան բարոյական չափանիշները, զինեալ պայքարն էր յեղափոխութեան ամէնէն աւելի տեսանելի արտայայտութիւնները, շատերու գիտակցութեան...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Գաղտնագիրներ Չունի (132-Ամեակ) Ա.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Դաշնակցութիւնը հոգի է, միտք ու գաղափար: Յակոբ Կարապենց Երանի թէ ունենար, յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք զրպարտութիւններու, հնաոճ բարբաջանքներու թէ սնանկ խօսքերու: Արդ, ի՛նչ հասկնալ` ակնարկելով գաղտնագիր հասկացութիւնը, որ կլանած է համայն մարդկութիւնը, մանաւանդ 21-րդ դարու այս օրերուն: Խօսքը կը վերաբերի այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնք ծնունդն իսկ են մենաշնորհեալ մարդոց հետապնդած գաղտնի ծրագիրներու,...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քննութիւն

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քննութիւն

Հոկտեմբերի 6-ին` Փրակայի բանակցութիւններից յետոյ, Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի ստորագրած յայտարարութեամբ ակնյայտօրէն դրսեւորուեց հայ-ազրպէյճական խնդիրների լուծման նախաձեռնութիւնը Ռուսաստանից խլելու, առհասարակ Ռուսաստանին տարածաշրջանից դուրս մղելու Արեւմուտքի ցանկութիւնը, ինչը միաժամանակ Հայաստանի իշխանութիւնների չորսուկէս տարի շարունակուող հետեւողական քաղաքականութիւնն է: Նոյեմբեր 1-ին ռուսական «Ռեկնում» լրատուական գործակալութեան վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասովը գրեց. «... Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնների տինամիքան տարածաշրջանում Մոսկուայի օրակարգ է բերում ազդեցութեան ոլորտների վերաբաշխման խնդիրը:...

Լոյս Տեսաւ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ Թիւը

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2022 թուականի 11-րդ թիւը: ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի առաջնորդող յօդուածը նուիրուած է հայութեան համար տագնապալի քաղաքական գործընթացներուն եւ անոնց հաւանական հետեւանքներուն` հայութեան եւ հայոց երկու զոյգ պետականութեան համար: Անդրադառնալով վերջին շրջանի բանակցային գործընթացներուն եւ անոնց հետեւանքներուն` «Դրօշակ» կ՛եզրակացնէ, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան համար այս գործընթացները ինքնանպատակ բնոյթ ունին եւ կը ծառայեն իբրեւ Արցախի ու Հայաստանի կործանման հաշուոյն իշխանութիւնը...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Աշխարհը Ե՞րբ Վերջ Պիտի Դնէ Թուրքիոյ Ոճիրներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Տարիներ շարունակ տասնեակ զեկոյցներ գրուած են` թրքական իշխանութիւններու կողմէ  ամբողջ աշխարհի մէջ թուրք քաղաքացիներու  լայնածաւալ առեւանգումներուն մասին` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը քննադատելնուն պատճառով: Աքսորեալ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլա Պոզքուրթ բացայայտած է թրքական այս  անօրինական  գործողութիւնները` տրամադրելով թրքական կառավարութեան աղբիւրներէն  ստացած գաղտնի փաստաթուղթերու պատճէններ: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիա զայն ձերբակալելու հրաման տուած է: Ան Շուէտի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Փաշինեան Կ՛ամբաստանէ… Փաշինեանը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ոեւէ մէկը անդրադարձա՞ւ (վստահաբար` այո՛), որ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը` Նիկոլ Փաշինեան, հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի կառավարական նիստին ճակատաբաց եւ յանդուգն մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ արձակեց... Նիկոլ Փաշինեանի դէմ: Առաջին ակնարկով մարդիկ ունեցան այն տպաւորութիւնը, որ մարդուկին խելքը ի վերջոյ տուն եկած է, սկսած է տեսնել, թէ Ազրպէյճանը ինչպիսի՛ նպատակներ կը հետապնդէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն ճամբով: Ու Փաշինեան գրեթէ բառացիօրէն հաստատեց...

Page 229 of 807 1 … 228 229 230 … 807

Արխիւներ