Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհը Ե՞րբ Վերջ Պիտի Դնէ Թուրքիոյ Ոճիրներուն

Նոյեմբեր 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Տարիներ շարունակ տասնեակ զեկոյցներ գրուած են` թրքական իշխանութիւններու կողմէ  ամբողջ աշխարհի մէջ թուրք քաղաքացիներու  լայնածաւալ առեւանգումներուն մասին` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը քննադատելնուն պատճառով:

Աքսորեալ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլա Պոզքուրթ բացայայտած է թրքական այս  անօրինական  գործողութիւնները` տրամադրելով թրքական կառավարութեան աղբիւրներէն  ստացած գաղտնի փաստաթուղթերու պատճէններ: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիա զայն ձերբակալելու հրաման տուած է: Ան Շուէտի մէջ կը հրատարակէ «Նորտիք մոնիթըր»-ը:

Պոզքուրթ 3 նոյեմբեր 2022-ին յօդուած մը գրած է  «Նորտիք մոնիթըր»-ին մէջ` «Թուրք դիւանագէտներու լրտեսութիւնը  2022-ին շարունակուած է նոր թիրախներով` Նորվեկիոյ, Հոլանտայի եւ Յունաստանի մէջ» վերնագիրով:

Պոզքուրթ հրապարակած է թրքական գաղտնի փաստաթուղթ մը, որ պատրաստած է  Անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնութիւնը, 7 յունիս 2022-ին: Ան  բացայայտած է, որ արտասահման գտնուող դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու մէջ աշխատող թուրք դիւանագէտներ կը շարունակեն «քննադատներու եւ հակառակորդներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու անօրինական գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ»:

Պոզքուրթ յայտնած է, որ «երկու թուրք դիւանագէտներ` այդ օրերու մամուլի կցորդ Հաճի Մեհմետ Խանի եւ Հաքան Քամիլ Երկէ` Պեռնի մէջ այդ օրերու թրքական դեսպանատան երկրորդ քարտուղարը, 2016-ին թմրանիւթերու կիրարկմամբ առեւանգած են Զուիցերիոյ թուրք գործարարը: Յունիս 2018-ին Զուիցերիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը երկու թուրք դիւանագէտներու ձերբակալութեան հրահանգ  տուած է»:

Բացի իրենց հակառակորդները բռնելու եւ տուն բերելու փորձերէն` Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկրին ներսը կը բանտարկէ անոնց հարազատները եւ կը բռնագրաւէ անոնց ունեցուածքը:

4 նոյեմբեր 2022-ին «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ հրապարակուած երկրորդ` «Թրքական հետախուզութիւնը Շուէտի մէջ կը շարունակէ լրտեսել լրագրողները» վերնագրով յօդուածին մէջ, Պոզքուրթ կ՛ըսէ, որ Շուէտի մէջ «Նորտիք Մոնիթըր»-ի խմբագիր Լեւենթ Քենեզի «հետապնդած  է Թուրքիոյ  հետախուզական ծառայութիւնը` անոր անձնական տեղեկութիւնը հրապարակելով թրքական լրատուական միջոցներուն մէջ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ տպագրուող «Սապահ» թերթը անցեալ երեքշաբթի հրապարակած է Քենեզի լուսանկարները` Սթոքհոլմի իր բնակարանին դիմաց, ուր ան կ՛ապրի ընտանիքին հետ, հրապարակած է անոր հասցէն ու  առօրեային կապուած մանրամասնութիւններ»`  վտանգի ենթարկելով անոնց կեանքը: Հասկնալի է, որ ներքին քննադատները լռեցնելէ ետք,  Էրտողան հիմա ալ կը փորձէ արտասահմանի մէջ իր քննադատները լռեցնել:

Երրորդ յօդուածը, որ վերնագրուած էր` «Թուրք դիւանագէտները շահագործած են Միացեալ Նահանգներու ներքին ապահովութեան կայքը` Միացեալ Նահանգներու այլախոհներուն հետեւելու համար», «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ հրապարակած է Պոզքուրթ, 2 նոյեմբեր 2022-ին:

Պոզքուրթ բացայայտած է թրքական  գաղտնի փաստաթուղթ մը, որով ցոյց կու տայ, որ թրքական հետախուզական գործակալութիւնը օգտագործած է Միացեալ Նահանգներու մաքսային եւ սահմաններու պաշտպանութեան կայքը`  Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւելու համար թուրք բժիշկին, որ կը քննադատէ թրքական կառավարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կայքէջին վրայ մարդոց անձնական տուեալներու շտեմարան մուտք գործելը յանցագործութիւն է:

Պոզքուրթ յայտնած է, որ միայն 2016-2017 թուականներուն թրքական դեսպանատուներն ու հիւպատոսութիւնները ներկայացուցած են  արտերկիր ապրող  Թուրքիոյ 4386 քննադատներու տուեալները: 2021 թուականին Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու մէջ նշանակուած թուրք դիւանագէտներուն կառավարութիւնը պաշտօնապէս յանձնարարած է գաղտնի լրտեսական գործողութիւններ իրականացնել օտարերկրեայ տարածքի մէջ: Աւելի՛ն. էրտողանամէտ թրքական  ցանցերն ու կազմակերպութիւնները արտերկրի մէջ հանդէս եկած են որպէս թրքական վարչակարգի «երկար ձեռքը»:

2019-ին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը դատապարտեց  թրքական իշխանութեան աշխատակից Քամիլ Էքիմ Ալփթեքինը` Միացեալ Նահանգներու մէջ Էրտողանի հակառակորդները հսկելուն համար: Ալփթեքին կը շարունակէ մնալ փախուստի մէջ եւ ներկայիս կը պահուըտի Թուրքիոյ մէջ, մինչդեռ անոր համախոհ Պիճան Ռաֆիէքեան, որ 2019-ին դատապարտուած է Ամերիկայի մէջ թրքական կառավարութեան իբր գաղտնի գործակալ գործունէութիւն ունենալուն   համար`  առանց բացայայտելու իր յարաբերութիւնները ամերիկեան կառավարութեան, ըստ Պոզքուրթի:

Մեթիու Ամլոթ 12 յուլիս 2020-ին «Արապիա»-ի մէջ հրապարակեց յօդուած մը` «Թուրքիան գաղտնի համաձայնագիրներ ստորագրած է երկիրներու հետ` այլախոհները արտասահմանէն առեւանգելու համար» վերնագրով: ՄԱԿ-ի չորս զեկուցողներու կողմէ գրուած միացեալ նամակին համաձայն,  «Թուրքիա գաղտնի համաձայնագիրներ ստորագրած է բազմաթիւ երկիրներու (Ազրպէյճան, Ալպանիա, Քամպոտիա եւ Կապոն) հետ` ենթադրեալ պետական այլախոհներուն` երկրին տարածքէն դուրս  առեւանգումները իրականացնելու նպատակով® Թուրքիա նաեւ թիրախաւորած է (իր) քաղաքացիները Աֆղանիստանի, Քոսովոյի, Ղազախստանի, Լիբանանի եւ Փաքիստանի մէջ, գրուած է նամակին մէջ»:

ՄԱԿ-ի նամակին մէջ արձանագրուած է, որ` «Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այլ պետութիւններու հետ համաձայն, ամբողջ աշխարհէն ստիպողաբար Թուրքիա տեղափոխած է 100 թուրք քաղաքացիներ, որոնցմէ 40-ը ենթարկուած են բռնի  անհետացման, հիմնականին մէջ առեւանգուած  են փողոցներէ կամ իրենց տուներէն եւ բազմաթիւ դէպքերու պարագային` իրենց զաւակներուն հետ միասին»:

Ալիս Թէյլըր «Էքզիթ Նիուզ»-ի մէջ գրած է, որ` «Նոյեմբեր 2018-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուցած է խորհրդարանը, որ արտայանձնման 452 խնդրանք ղրկուած է ընդհանուր թիւով 83 երկիրներու»:

Եասիր Կէօքչէ գրած է յօդուած մը, որ հրապարակուած է 25 նոյեմբեր 2018-ին, Հարվըրտ համալսարանի «Քենըրի Սքուլ Ռիվիու»-ին մէջ` «Թուրքիոյ արտաքին առեւանգումները կը հակասեն միջազգային օրէնքին» վերնագիրով: Այս ապօրինի առեւանգումները պէտք է ներկայացուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին, առաջարկած է Կէօքչէ:

2020-ին Եոհան Հէյմընզ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային դիտորդական կազմակերպութեան հետ միասին հրապարակած է 128 էջնոց զեկոյց մը, որ մասամբ հիմնուած է Անգարայի իրաւաբաններու ընկերակցութեան զեկոյցին վրայ, որ իր կարգին կը փաստէ  Թուրքիոյ քաղաքացիներու արտաքսման կամ առեւանգման յստակ դէպքերը` 17 երկիրներէ. Մոլտովա, Ազրպէյճան, Կապոն, Սուտան, Քոսովօ, Միանմար, Սէուտական Արաբիա, Պուլկարիա, Պահրէյն, Ինտոնեզիա, Ղազախստան, Փաքիստան, Ուքրանիա, Լիբանան, Մալեզիա, Զուիցերիա եւ Մոնկոլիա:

Վերջապէս, OpenDemocracy.net-ը 16 յունիս 2021ին հրապարակեց Սերտար Սանի յօդուածը, որ վերնագրուած էր` «Արտասահմանի մէջ  թուրք լրտեսները կ՛առեւանգեն Էրտողանի քաղաքական հակառակորդները»:

Սերտար Սան  իրաւացիօրէն նշած է, որ` «Քաջալերուելով ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական միութեան արձագանգի բացակայութենէն` նախագահ Էրտողանի վարչակարգը կ՛առեւանգէ այլախոհները», որպէսզի լռեցնէ քաղաքական այլախոհութիւնը: Մեղաւորը Արեւմտեան կառավարութիւններն են, որոնք աչք կը փակեն զիրար յաջորդող թրքական  իշխանութիւններու անօրինական վարքագիծին վրայ` տասնամեակներէ ի վեր խրախուսելով զանոնք, որ շարունակեն խախտել ներքին եւ միջազգային օրէնքները:

 

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւրոպայի աշխատանքային այցելութիւններու երկիրներու շարքին էր նաեւ Նիդերլանդները։

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ Թիւը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?