ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի,
ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը:
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Լսողաց ենք յաճախ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին երեսնամեակը տարբեր հնչեղութիւն ունեցած է` նկատի առած գործունէութեան ծաւալն ու հզօրութիւնը: Այս նկատառումը իր բովանդակ իրաւացիութեամբ նաեւ կ՛ընդգրկէ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ շատ անգամ մոռացութեան կը տրուի կամ չի շեշտադրուիր, այդ ալ` կազմակերպական կեանքի ուժեղացումն է հանդիսացած, հակառակ դժուարին թէ դժոխային պայմաններու:
Իսկ ի՛նչն է եղած ամենակարեւոր ազդակը այս հզօրացման, եթէ ոչ այն պարզ ըմբռնումը` հաշուետուութիւնը, որեւէ մտածումի թէ արարքի, յատկապէս երբ տուեալ աշխատանքի ետին կը կանգնէին խոնարհ ֆետայիներ, պատասխանատու գործիչներ թէ ղեկավար տարրեր:
ՀՅ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ այնքան շատ են նմանօրինակ պատումներն ու դիպաշարերը, որոնցմով կարելի է սերունդներ դաստիարակել, նոյնիսկ 21-րդ դարու այս այլանդակ, տխեղծ եւ ապաշնորհ օրերուն:
Պիտի ըսուի, որ լոկ այս հաշուետուութիւն բառով կարելի՞ է կազմակերպական կեանք մը ամբողջ հունաւորել, եթէ երբեք անոր կիզակէտին չըլլան բազում այնպիսի արժանիքներ, որոնք հանդիսացած են յենասիւները մեր կազմակերպութեան եւ զինք մղած են ստանձնելու ազգի մը ճակատագիրը ճշդորոշող աշխատանքներ:
Յիշեցման կարգով ընդգծենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եթէ երբեք կրցած է իր ազգային տեսլականն ու ապագայակերտ մտածումները իրականութիւն դարձնել, ապա ատիկա իրագործուած է շնորհիւ գերազանցապէս մարդկային պահուածքին եւ առաւելաբար հայաշունչ հոգեկերտուածքին:
Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութիւնը օրին գիտակցած էր վերոնշեալ ճշմարտութեան, եւ` շնորհիւ իր ունեցած պայծառատեսի եւ իմացական բարձր մշակուածութեան, կրցած է մարմնաւորել դաշնակցականի տիպարը եւ սեփական օրինակով առաջնորդել հսկայական փաղանգներ: Իրօք, դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ` ականջալուր ըլլալով նման մեծութիւններու պատգամին, իրենց կարգին, արեամբ ջրդեղեցին ՀՅ Դաշնակցութեան տաճարը:
Այո՛, անվարան եւ հպարտութեամբ կրնանք արձանագրել, որ դաշնակցականի նկարագիրը իր մէջ կը խտացնէ այնպիսի տարրեր, որոնք իւրայատուկ են եղած հայ կեանքին մէջ, մանաւանդ որ տասնամեակներ շարունակ եւ առանց ինքնաժխտումի հայ երիտասարդ սերունդներ տէր են կանգնած նման ազգավայել պահուածքի:
Հարց կը տրուի մեր օրերուն, արդեօք անցեալի ու ներկայի դաշնակցական պահուածքին մէջ փոփոխութիւն չկա՞յ, կարգախօսերու, ըմբռնումներու, մօտեցումի թէ գործելակերպի տարբերութիւններ զգալի չե՞ն, կամ` կազմակերպական կեանքի մէջ չկան թերութիւններ, բացթողումներ ու շատ անգամ հեղինակազրկող երեւոյթներ:
Անշուշտ որ կա՛ն, բնական է որ ըլլան: Իսկ մեր կազմակերպութիւնը արդեօք բացառութի՞ւն է համայնակուլ թէ աշխարհասասան պայմաններու յորձանուտին մէջ, երբ պետութիւններ կը քանդուին, երկիրներ կը տարբաղադրուին:
Այդուհանդերձ, ինքնարդարացումի ոչ մէկ պատճառ պէտք է փնտռել, երբ հարցը կը վերաբերի ինքնարժեւորման կամ ինքնաքննութեան: Իսկ այս սրբազան իրաւունքն ու հասկացութիւնը մեզի տրուած է նոյնինքն ՀՅԴ կանոնագիրով, ուր յստակ կը տողանցեն կազմակերպական կեանքի ուժեղացման գործառոյթները:
Արդարեւ, որքա՛ն կը թուլանայ ինքնաքննութեան կամքը, աւելի՛ն. որքա՛ն կը հեռանանք ինքնաքննադատութենէ, այնքան մօտեցած կ՛ըլլանք քաոսային վիճակներու, բայց մանաւանդ դիմացինի` կուսակցականի, համակիրի թէ հակառակորդի, այսպէս ըսած, խիստ վերաբերումին, վստահութեան նուազումին եւ շատ անգամ արհամարհանքին:
Հարիւր տոկոս համաձայն ըլլալով, կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ոեւէ հայ անհատ՝ կուսակցական, միութենական կամ համակիր, ինքնաբերաբար չէ որ այդ կոչումին կ՚արժանանայ:
Շատեր արդէն իբրեւ կուսակցականի, միութենականի եւ ազգին ծառայելու համար կը ծնին ու կապրին, բարոյական բարձրագոյն արժանիքներով՝ անձնուրաց, անոխակալ ու մարդասէր, իսկական ընկերներ, ընկերուհիներ, քոյրեր եւ եղբայրներ:
Կազմակերպութեան մը անդամակցութիւնը ինքնաբերաբար անդամին յատուկ անձնական նկարագիրը՝ կեանքը պիտի տաշէ, կոփէ եւ յղկէ դէպի կազմակերպութեան բնորոշած կերպարին: Շատեր, արդէն այդպէս կը ծնին ու կը մեծնան: Սակայն, միւս կողմէ, պէտք է յայտնել, որ կարգ մը մարդոց մէջ անկարելի է եսասիրութիւնը, փառամոլութիւնը եւ ոխակալութիւնը ջնջել՝ ի շահ ընդհանուրին ծառայութեանը: Հետեւաբար, կան շատ մը անհատներ, որոնք բոլորովին խորդ են ազգային կազմակերպութիւններուն, երբե՛ք յարմարութիւնը չունին ազգային կազմակերպութիւններուն անդամակցելու՝ համեստ ու անաղմուկ, եւ մանաւա՛նդ այնտեղ պաշտօններ ստանձնելու, թէեւ այդ մէկը երբեմն պատահած է ու կը պատահի: