Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնաբոյր Խօսքերու Դաշտահանդէս Կամ «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն» (132-Ամեակ) Դ.

Նոյեմբեր 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Անտարակոյս, կարելի է քննադատել Դաշնակցութիւնը,
երբ կարիք կայ` անկեղծութեամբ եւ անշահախնդրօրէն:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

 

Այո՛, ի զուր հնչած են, կը հնչեն ցարդ այն բոլոր պարսաւանքները, որոնք կը վերաբերին ՀՅ Դաշնակցութեան գոյութեան, կատարած աշխատանքին թէ ազգային ըմբռնումներուն: Մեր կազմակերպութիւնը, իր ծնունդէն ի վեր գիտակցած է այս ու նման ծանծաղամիտ խօսքերու սնանկութիւնը եւ միշտ ալ հանդուրժողութեամբ եւ լայնասիրտ պահուածքով ընդունած է զանոնք:

Ու այս արտայայտութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսացած է այն որոշումը, հաւանաբար, տարբեր մակարդակներու տրուած, որ երբեւէ չտարուիլ թշնամի թէ հակառակորդ ուժերու կողմ բեմադրուած թակարդներու մէջ իյնալէ, չսայթաքիլ, բայց մանաւանդ չկորսնցնել կողմնացոյցը, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր բովանդակ էութեամբ, ողջ պատմութեամբ եւ վաստկած արժեհամակարգով իրաւունք իսկ չունի մտնելու փոխադարձ ցեխարձակումներու թէ ամբարիշտ խօսքերու յորձանուտին մէջ:

Իրօք, կար ժամանակ, Խորհրդային Միութեան օրերուն, երբ երկիր Հայաստանը կը ղեկավարուէր համայնավար վարչակարգով եւ հակադաշնակցական մոլուցքով, բայց եւ այնպէս պարտադրաբար, դաշնակցական հրապարակագրութիւնը իր արժանի պատասխանը կու տար, վատաբանութիւններու թէ խեղաթիւրուած մտքերու:

Անցած են այդ օրերը, բարեբախտաբար: Այդուհանդերձ, ըստ երեւոյթին, ցարդ առկայ է մտայնութիւն մը անըմբռնելի` ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի կարգ մը շրջանակներու մէջ, որ, կարծես, այդ ողբալի օրերուն գոյութիւն ունեցող մօտեցումին մէկ նմանակն է, ցաւ ի սիրտ, եւ ինչ որ ժառանգած են նորահաս սերունդներ:

Ժողովրդավար կարգերու սրբազնագոյն արժանիքն է հանդիսացած ազատ խօսքի թէ քննադատութեան իրաւունքը: Իսկ պետական թէ քաղաքական կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող գործելակերպեր յաճախ արժանացած են խիստ քննադատութեան, երբ անոնք թերացած են կամ գտնուած են սխալ ուղղութեան մէջ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու թէ միութիւններու, նման գործընթաց ունեցած է իր շահեկանութիւնը, անտարակոյս:

Սակայն զարմանք ու զզուանք կը պատճառէ այն երեւոյթը, որ յատկապէս 21-րդ դարուն, երբ իմացականութեան տէր անձինք կամ քիչ թէ շատ պատմութեան բովէն անցած անհատներ եւ զանգուածներ` տարուած ըլլալով մտքի դալկութենէ կամ կոյր մտադրութենէ, նշաւակ կը դարձնեն կազմակերպութիւն մը ամբողջ, իբր թէ զայն քննադատելու, թերութիւններ մատնանշելու եւ սխալներ սրբագրելու միտումով:

Ու անոնք, այս տիպի մարդիկ, իբրեւ կեղծ առանձնաշնորհեալներ, կ՛իյնան իրենց իսկ լարած թակարդին մէջ, երբ իրենց անտեղի, անճիշդ, ամբարտաւան խօսքերով կը փորձեն հասարակական կարծիքի վրայ ազդել եւ ապաշնորհ միտքեր արտայայտելով` վարկաբեկել, այս պարագային ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Իսկ նմաններու ողբերգութիւնը այն է, որ կ՛անձնականացնեն քննադատութիւն կոչուած եզրոյթը, երբ թիրախ կը դարձնեն կուսակցական անհատներ` ղեկավար թէ պարզ շարքայիններ, որոնք, ըլլալով մահկանացուներ, իրենց կարգին, ենթակայ են բազում սխալի, թերացումի թէ անճարակութեան:

Մեզի համար հասկնալի են հակադաշնակցական ախտով տարուած նման մարդուկներու գոյութիւնը, որոնք ըստ երեւոյթին ժառանգած են այդ մէկը:

Աւելի՛ն. մեզ ցաւցնողն ու մտահոգողը անոնք են, որոնք օր մը եղած են մեր կազմակերպութեան շարքերուն մէջ, ծառայած են, ստանձնած են պարտականութիւն ու շատ անգամ կատարած են գնահատելի գործեր, սակայն, պէս-պէս պատճառներու բերումով` հեռացուած են, արտաքսուած կամ ինքնաչէզոքացուած:

Արդ, մեր ըսելիքն ու թելադրանքը կը մնայ այն, որ անկեղծ, անշահախնդիր,  խրոխտ, առարկայական, ազնիւ, լուրջ եւ նպատակասլաց քննադատութիւնը մեզի համար ոչ թէ բարիք է, այլ մեր կազմակերպութիւնը կենսունակ պահող գործօն:

Ուստի, հարկ է գիտակցիլ տարրական  սկզբունքի մը, որ` կը քննադատեն անձեր, մարմիններ, գործելաոճեր ու աշխատանքներ, ո՛չ թէ կուսակցութիւն մը ամբողջ, որուն շարքերուն ծառայած ու արիւն թափած են հազարաւոր խոնարհ հերոսներ:

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Յաջորդը

Տոմս. Երրորդութիւնը

RelatedPosts

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը
Անդրադարձ

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յունուար 30, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Եռամիասնութի՜ւն…

Յունուար 30, 2023
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In