Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դժուարագոյն Մարտահրաւէրը (132-Ամեակ) Բ.

Նոյեմբեր 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ունենալ ժողովուրդին վստահութիւնը` կ՛ենթադրէ
վերցնել ծանր պատասխանատուութիւն:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հայ իրականութեան մէջ տարօրինակը այն է, որ անհատներ թէ հաւաքական միջավայրեր, երբ ուզեն քննադատել կամ գնահատել որեւէ գործունէութիւն, սոսկ առօրեայ կեանքի մէջ պատահածն է, որ իրենց ուշադրութիւնը կը գրաւէ:

Այլ խօսքով` անոնք նուազագոյն ճիգն ու տրամադրութիւնը ի գործ չեն դներ, սապէս խորանալու կամ ըստ էութեան հասկնալու` յատկապէս հաւաքական կեանքի հետ ուղղակիօրէն առնչութիւն ունեցող կազմակերպութեան մը գործունէութիւնը, որ ունի անցեալ, պատմութիւն, աւանդ, յաջողութիւն, ձախողութիւն, սխրանք, նուիրում, ազգային ըմբռնում, կեանքի փորձառութիւն եւ քաղաքական հեռանկար:

Փաստօրէն, վերոնշեալ ընդգծումները մեծապէս կ՛առնչուին կուսակցութեան մը, որ կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 132-րդ տարեդարձը:

Ի դէպ, տօն ու տարեդարձ բառերը թէեւ խորթ կը հնչեն` այս պարագային մեր կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան, այդուհանդերձ, անոնք` այս երկու բառերը, ունին որոշակի հնչեղութիւն, որովհետեւ այլապէս ալ  յարացոյց կը հանդիսանան մեր կուսակցութեան գոյութեան իմաստին, այսինքն` սեփական ժողովուրդին մատուցած ծառայութեան տարողութեան, աներկբայօրէն:

Իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր Դաշնակցութիւնը կառուցեց իր գաղափարի տաճարը եւ նուիրումի խորանին յանձնեց սերունդներ ամբողջ: Իրօք, հոգեկան եւ իմացական տաճար մը, ուր մուտք գործեցին տարբեր տիպի կազմաւորում ունեցող հայորդիներ, դաստիարակուեցան, յղկուեցան եւ նետուեցան պայքարի դաշտ, շատ անգամ իրենց թանկագինը` կեանքը զոհելով հայրենիքի ազատագրութեան եւ հայ ժողովուրդի փրկութեան:

Ու շնորհիւ դաշնակցական մտքի ու գործի պայծառութեան, իրերայաջորդ սերունդներ ծնունդ տուին խոնարհ հերոսներու եւ անկրկնելի ղեկավարներու, որոնք, իրենց կարգին, արմատացուցին դաշնակցականի գաղափարայնութեան սիւները եւ ամրագրեցին բարոյական արժէքներու շտեմարանը:

Սա երեւոյթ է հայ իրականութեան մէջ անշուշտ, այլ կազմակերպութիւններու առընթեր, որոնք նոյնպէս կոչուեցան հայրենիքի ու ժողովուրդի ծառայութեան եւ կերտեցին իրենց սեփական պատմութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան, անիկա յատկանշուեցաւ եզակի ըմբռնումով եւ արժեհամակարգով, որոնցմով կրցաւ ներշնչել զանգուածներ, համակել սեփական ժողովուրդի սիրտն ու հոգին եւ` առաջնորդի հանգամանքով, գործի լծել երիտասարդ ուժեր, որոնք չզլացան նուիրաբերել ամէն ինչ յանուն հայ կեանքի բարօրութեան եւ անվտանգութեան:

Ժամանակի, քաղաքական վերիվայրումներու թէ ընկերային պահանջներու լոյսին տակ, աշխարհատարած մեր կուսակցութիւնը, իր կարգին, գտնուեցաւ նորովի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Արեւմտեան կողմն աշխարհի, Միջին Արեւելքի թէ այլ գաղութներու մէջ հայ իրականութեան հասնելու պարտադրանքը մղեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը որդեգրէ բազմաբնոյթ մարտավարական ուղեգիծեր, որպէսզի, ըստ կարելւոյն, թեւ ու թիկունք կանգնի հայութեան` շատ անգամ իր կարողութենէն շատ ծանր պատասխանատուութիւն ունենալով իր շալակին:

Ու այդ ծանր շալակին դիմաց, տարբեր ժամանակներու ու փուլերու մեր կազմակերպութիւնը ունեցաւ ընկրկումներ, թերացումներ, նաեւ ձախողութիւն, պարզ այն պատճառով, որ ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն դիմաց չկրցաւ ապահովել կարելիութիւններու ամբողջ ցանց մը, որով նուազագոյնի պիտի հասցներ ժողովրդական տրտունջքը:

Արդ, առաւել ամրագրելու համար ժողովուրդին վստահութիւնը, աւելի քան պարտադրանք է` գործելակերպի ու մարտավարական աշխատանքի ուղղութեան վերանայումը, փոփոխութիւնն ու վերարժեւորումը:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ` Առանց Հոգեկան Հանգիստի

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?