Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Թատերական Կեանքի Մեկնարկ

Նոյեմբեր 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանահայ թատերական կեանքը երկար դադարէ ետք պիտի վերակենդանանայ:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին նախաձեռնութեամբ, եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, այս շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի Ժան Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր… բայց կայուն» թատերախաղը:

2019-էն ետք լիբանանահայ թատերական կեանքը կանգ առած էր: Վերջին ներկայացումը Սուրէն Խտըշեանի «Կոմիտաս» վարդապետին նուիրուած ներկայացումն էր:

Լիբանանի ժողովրդային շարժումը, անկէ ետք «Քորոնա» համաճարակը, օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, տնտեսական տագնապը, դերասաններու արտագաղթը, վաստակաւոր դերասաններու վաղաժամ հեռանալը… բոլորը վրայ վրայի կուտակուած` թատերական կեանքը վերաշխուժացնելու լուրջ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման դրին մեզ:

Փաստօրէն մեծ թիւով դերասաններ գաղթեցին, մեծ թիւով ալ դերասաններ «Քորոնա»-էն եւ անակնկալ մահերով մեզմէ առյաւէտ հեռացան:

Սակայն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի վարչութեան եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ճիգերով կորով ու նոր թափ տալու որոշումը տրուեցաւ: Երիտասարդ տղոց համախմբումով 19 եւ 20 նոյեմբերին պիտի ներկայացուի թատերախաղ մը, որ մեկնարկ պէտք է սեպել լիբանանահայ թատերական կեանքի վերսկսման:

Յոյսով ենք, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին յաջորդեն անհատական եւ միութենական թատերախումբերու ներկայացումները, եւ վստահաբար «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնն ալ թիկունք պիտի կանգնի բոլոր թատերախումբերուն, որպէսզի լիբանանահայ թատերական կեանքը ապրի եւ շարունակէ:

Թատրոնը հանրային դպրոց է, իսկ թատերասէր հանրութիւն ունենալը գաղութի մը համար կարեւոր ազդակ է:

Վարձքը կատա՛ր թատրոնի հրաշքին հաւատացող «խենթ»-երուն, որոնք այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ գիշեր-ցերեկ փորձեր եւ զոհողութիւններ ընելով` թատերական կեանքը կենդանի պահելու կամքը ունին:

Վարձքը կատա՛ր լիբանանահայ հանդիսատեսին, որ լաւապէս կը գիտակցի մեր պայմաններուն եւ գիտէ, որ իր քաջալերանքով միայն կրնայ գոյատեւել լիբանանահայ թատրոնը:

 

 

Նախորդը

Ուղղահայեաց Առանցքը` Օգուտ, Հորիզոնականը` Միայն Ենթակայութիւն

Յաջորդը

Սքոլարի Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?