Սոչիի եռակողմ հանդիպումին վերեւ կը սաւառնէր արցախեան հարցի ուրուականը:
Հանդիպումին օրակարգը, անոր քննարկումները եւ զայն քննողները կը խուսափէին ուրուականէն: Աւարտին, ուրուականը շրջանցած ըլլալու խաբուսիկ գոհունակութեամբ, երեք կողմերը վերադարձան տուն:
Ռուսիա գոհացած էր ամերիկեան ծրագիրը ռուսականի վերածելու եւ ռուսական միջնորդութիւնը գերակայելու իր յաջողութեամբ:
Ազրպէյճանը բաւարարուած էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ իր ցարդ ձեռք բերած ապօրինի նուաճումներու սթաթուս քոն պահելով:
Իսկ Հայաստանը ձեռնածալ ու ապա ձեռնունայն շուարած էր, թէ ինչո՛ւ իր «խաղաղութեան» բոլոր զիջումները կը շարունակէին իրենց ձախող տեղքայլը:
Անշուշտ շուարելիք բան չկայ, պէտք չէ ըլլայ: Ի վերջոյ, ամէն բան զիջողը, ամէն ինչ յանձնողը Հայաստանի իշխանութիւնն է: Բայց հիմա իշխանութիւնը ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տայ մեր ժողովուրդին իր այդքան փայփայած «խաղաղութեան» անհասանելիութեան մասին: Բնականաբար բացատրութիւն պիտի չտայ, ինչպէս միշտ, ինչպէս իր միւս բոլոր ձախողութիւններու պարագային:
Փոխարէնը` պիտի փորձէ կողմնակի ու անհետեւանք հարցերով ու մեղադրանքներով ուշադրութիւնը շեղել իր յայտարարած ծրագրային օրակարգերու վիժումներէն:
Նայինք ետ եւ հարց տանք. ինչպէ՞ս հասանք այսօրուան:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր խմբակցութիւնը իշխանութեան տիրացան «նախկինները» հեռացնելու, կաշառակերութիւնը վերացնելու, մարդկային իրաւունքները հաստատելու, ժողովրդավարութիւնն ամրապնդելու եւ ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու օրակարգով: Այս օրակարգի իւրաքանչիւր կէտ, այսօր մոռցուած է եւ` ձախողութեան մատնուած: Եւ ընդհակառակը, օրակարգի իւրաքանչիւր կէտ, իր բոլոր բնագաւառներով, գլխիվայր շրջուած է: «Նախկիններէն» հնազանդները մաս կը կազմեն իշխանութեան, մաֆիոզ օլիկարխները խորհրդարանի պատգամաւոր եւ կառավարութեան անդամ են:
Կաշառակերութիւնը պետականացուած է` ներառելով ազգականական ու խնամիական բոլոր մակարդակները: Հաստատուած է բռնատիրութիւն` մենատէրի մը գերիշխանութեամբ, որ իր կարգին կաշառած ու իրեն հլու դարձուցած է ուժային ծառայութիւնները եւ արդարադատական համակարգը:
Բայց ուրկէ՞ բուսաւ այս իշխանութեան «խաղաղութեան» օրակարգը: Այդ մասին «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» ոչ մէկ խօսք ըրած էր: Ի սկզբանէ չկար նման օրակարգ:
Իրապէ՞ս չկար: Անշո՛ւշտ կար: Այդ մէկը նիկոլական շարժումին իսկական ու միակ օրակարգն էր: Մնացեալը շղարշ էր` ծածկելու իշխանափոխութեան նպատակը, որպէսզի հետապնդուէր «խաղաղութեան» օրակարգը:
Նիկոլական շարժումը ճիշդ այդ օրակարգին համար պատրաստուած էր արտաքին ուժերու (իմա՛ Արեւմուտք, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան) դաստիարակութեամբ, խորհրդատուութեամբ եւ յատկապէս քաղաքական ու նիւթական աջակցութեամբ: Աւելի քան քսան տարուան պատրաստութեան պատմութիւն կայ այս բոլորի ետին, որուն շան գլուխը կը սկսի առաջին նախագահով:
«Խաղաղութեան» օրակարգը այլ բան չէր, եթէ ոչ` ներսէն կազմաքանդել Հայաստանի բարոյական արժէքները, մշակութային ըմբռնումները եւ ընկերութեան միասնականութիւնը հիւսող թելերը, որպէսզի իրականացուին թրքական կողմի հակահայաստանեան ծրագիրները: Արեւմուտքի շահն էր, Հայաստանը տկարացնելով, մէկ կողմէ հարուածել Ռուսաստանը, միւս կողմէ` թրքական կողմը գոհացնել Հայաստանի հաշուոյն:
«Խաղաղութեան» օրակարգին առաջին յաղթանակը եղաւ 44-օրեայ պատերազմին Հայաստանի պարտութիւնը` քայքայելով Արցախի ամբողջականութիւնը եւ հարցականի տակ դնելով անոր ինքնիշխան գոյութիւնը:
Ուրեմն, 10 նոյեմբեր 2020-ին պատերազմի աւարտով նիկոլական «խաղաղութեան» օրակարգը մեկնարկեց իր ոդիսականը: Թրքական կողմին համար այս ոդիսականը տուն պիտի հասնի իր պատկերացուցած հայկական բոլոր զիջումներու ձեռքբերումով: Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ համար ոդիսականը պիտի աւարտի այն ատեն, երբ Հայաստան իրենց հաշուոյն տալիք չունի այլեւս:
Իշխանութիւնը, սակայն, ոչ մէկ հակակշիռ ունի իր «խաղաղութեան» օրակարգին վրայ, որպէսզի կարենայ հետեւիլ այս ոդիսականին ու մասնաւորապէս պատկերացնել անոր աւարտին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին վճարելիք գինը:
Սոչիի հանդիպումը տակաւին մէկ անվերջանալի արարն է այս ոդիսականին: Սակայն որքան ալ երկարին արարները, բոլորին վերեւ պիտի յարատեւէ արցախեան հարցի սաւառնումը:
Այնքան ատեն, քանի դեռ Արցախը գոյութիւն ունի, այս ոդիսականը տուն` Հայաստան, պիտի հասնի Արցախի ինքնիշխանութեան ճամբով: Քանի որ չկայ Հայաստան առանց Արցախի, ինչպէս չկայ Արցախ` առանց Հայաստանի: Այս բանաձեւումին մէջ է հայութեան յաղթանակը: Հետեւաբար մերժելի է այն երկընտրանքը, որ նիկոլական շարժումը մեր ժողովուրդին առջեւ դրած է ու կը շարունակէ պնդել` Հայաստա՞ն, թէ՞ Արցախ:
Նիկոլական շարժումը քաղաքական իմացականութենէ դատարկուած, գաղափարական լիցքաւորումէ անտեղեակ եւ հայրենասիրութեան ըմբռնումէ զուրկ ամբոխ մըն է:
Հայրենիքը ունի իր տրամաբանութիւնը, եւ հայրենասիրութիւնը ունի իր բանականութեան կշռոյթը, ուր անհամատեղելի է «Հայաստա՞ն, թէ՞ Արցախ» ընտրանքը:
Իբրեւ հայ` չես կրնար Հայաստանի հետ ըլլալ եւ միաժամանակ ըլլալ Արցախի դէմ: Չես կրնար Արցախի հետ ըլլալ եւ միաժամանակ ըլլալ Հայաստանի դէմ: Եթէ հետն ես, հետն ես երկուքին: Եթէ դէմն ես, դէմն ես երկուքին: