Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուղղահայեաց Առանցքը` Օգուտ, Հորիզոնականը` Միայն Ենթակայութիւն

November 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հիմա արագ կշռոյթով հոլովոյթ մը կայ, որ կ՛ընթանայ երկու ուղղութիւններով` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու այսպէս կոչուած կարգաւորումը, բնականոնացումը իրագործելու: Կը թուի, թէ այս հոլովոյթը անկասելի է, ներկայ իրերու դրութիւնը անխուսափելիօրէն կը տանի դէպի նաեւ մեծ պետութիւններու ու մեծապետական շահերու օրհնութիւնը ստացած հոլովոյթի կենսագործում` հայկական իրականութեան մէջ 2020 թուականի պարտութենէն ետք այս գաղափարի ջատագով ունենալով Հայաստանի իշխանութիւնները, «խաղաղութեան դարաշրջան» սկսելու կեղծ կարգախօսի պատրանքին ներքեւ: Յամենայն դէպս տարբեր բան ալ սպասելի չէր հայկական ազգային շահերը հետապնդել ձախողած իշխանութեան մը կողմէ, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին բազմիցս ապացուցեց իր անկարողութիւնը Հայաստանի ու հայութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով:

Մենք անցնող մէկ տարուան ընթացքին մեր գրած յօդուածներուն եւ վերլուծականներուն ընդմէջէն փորձեցինք ընդհանուր գիծերու մէջ պարզել ու յստակացնել, թէ ինչպիսի՛ մեծ աղէտներ կը սպասեն Հայաստանին եւ հայութեան, եթէ գետնի վրայ իրագործուին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրութիւնը կրող երեք յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ` եթէ առ ի լրացում հայ-ազրպէյճանական հոլովոյթի իրականացման, Թուրքիան նոյնպէս Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու «բանականոնացման» ուղղութեամբ «բարի կամեցողութեան» քայլերու դիմէ: Նշեցինք հողային յաւելեալ կորուստներու հաւանականութիւնը, Հայաստանի գերիշխանութենէն եւ ինքնիշխանութենէն որոշ չափով զիջիլը` մեկնելով իշխանութեան այն մտավախութենէն, որ այլապէս լարուածութիւնը կրնայ հասցնել արիւնալի յաւելեալ դէպքերու, խօսեցանք նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ու հաղորդակցական ուղիներու ապաշրջափակման գաղափարին մասին, իսկ ամէնէն կարեւորը` անդրադարձանք այն հարցին, թէ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման պարագային տնտեսական ինչպիսի՛ ենթակայութիւն կը սպասուի Հայաստանին, երբ երկիրը նոր-նոր սկսած է կարեւորութիւն տալ արտադրութեան, իսկ գիւղատնտեսութիւնը բարձիթողի վիճակի մէջ է, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ հիմա արդէն, առանց սահմանները բանալու ալ, թրքական արտադրութիւնները բաւական ողողած են հայաստանեան շուկան:

Ուրեմն, մարգարէ պէտք չէ ըլլալ նախատեսելու համար այն աղէտը, որ գուցէ վաղն իսկ մեր հանրապետութեան դրան առջեւ պիտի կանգնի` տնտեսապէս ամբողջապէս ենթակայ դարձնելով երկիրը թրքական դրամագլուխին… Պէտք չէ մոռնալ, որ թրքական տնտեսութիւնը կը սպասարկէ 85 միլիոն մարդու, իսկ հայկական տնտեսութիւնը` շուրջ երեք միլիոն մարդու…

Ի տես այս բաւական գորշ պատկերին` հայութիւնը, իբրեւ պետութիւն եւ հասարակութիւն, հիմակուընէ պէտք է սկսին խորհիլ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է սպասուած աղէտին ծանրութիւնը թեթեւցնել: Եւ խնդրեմ` ելք կայ, ամէնէն անելանելի կացութիւններուն մէջ անգամ ելքեր կան, պարզապէս մեր պետական դիւանագիտութիւնը բաւական սթափ պէտք է ըլլայ այդ ելքերը բացայայտելու համար: Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը մինչեւ հիմա զինուորական ու քաղաքական իր պայմանները հայկական կողմին պարտադրելէ ետք կը պատրաստուի տնտեսապէս ամբողջական ենթակայութեան տակ առնել զինք: Ասիկա հորիզոնական առանցքն է…

Բայց կայ նաեւ ուղղահայեաց առանցքը, որ մեր ազգային շահին առումով աւելի օգտակար է մեզի: Մենք ասկէ առաջ նաեւ գրած էինք հիւսիս-հարաւ տարանցիկ միջանցքի` Հայաստանի համար ունենալիք մեծ կարեւորութեան մասին, ընդգծած էինք «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի գաղափարին դիմաց այդ տարանցիկ միջանցքի գաղափարը յառաջ մղելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս ուղղութեամբ վերջերս բաւական լուրջ զարգացումներ արձանագրուեցան: Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքը խախտելու Ազրպէյճանի վերջերս յաճախ կրկնուող քայլերուն, Հարաւային Կովկասի մէջ սահմանները փոխելու սպառնալիքներուն դիմաց մեր հարաւային դրացի պետութիւնը բարձրագոյն մակարդակով քանի՜ քանի՛ անգամներ յայտարարեց, որ Իրանի համար անընդունելի է Հարաւային Կովկասի մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Աւելի՛ն. Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան նախատեսուածէն շատ առաջ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ իր հայաստանցի գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ բացումը կատարեց Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին: Բացի ասկէ` երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերու հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ցուցանիշները բարձրացնելու անհրաժեշտութեան մասին, իսկ Փաշինեանի Թեհրան վերջին այցելութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ առեւտրական շրջանառութիւնը չորս միլիառ տոլարի բարձրացնելու մասին: Դեռ չենք խօսիր երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած ուժանիւթի բնագաւառի մեկահամաձայնագիրին մասին, որով կ՛երկարաձգուի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ելեկտրականութեան դիմաց կազի տրամադրման ժամկէտը:

Յամենայն դէպս Ապտոլլահեանի Երեւան այցելութեան եւ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած գլխաւոր թեման այս հարցերէն եւ ծրագիրներէն զատ ուրիշ մեկանախագիծ մըն էր, որուն շուրջ ծաւալած են գլխաւոր բանակցութիւնները: Խօսքը դարձեալ Սեւ ծովը Պարսից ծոցին կապող տարանցիկ ճամբաներու եւ միջանցքի մասին է, որուն հանդիպման օղակը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, եւ մեր` հայութեան ազգային եւ տնտեսական շահը ներկայիս կը պարտադրէ, որ այս մեկանախագիծի իրագործման շատ մեծ կարեւորութիւն տանք: Այս նախագիծը պիտի նպաստէ, որ Հայաստանը այս միջոցով ծովային առեւտրական ելք ունենայ թէ՛ իրանեան նաւահանգիստներուն եւ թէ՛ Սեւ ծովուն վրայ գտնուող վրացական նաւահանգիստներուն վրայ: Բացի այն տնտեսական օգուտներէն, որ Հայաստանը պիտի ստանայ իր հողերէն տարանցուող տարբեր երկիրներու ապրանքներէն: Ահա ճիշդ այս պատճառներով ալ խիստ անհրաժեշտութիւն կը ծագի յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով բարելաւելու մեր զոյգ` նուազ անբարեացակամ եւ առաւել բարեկամական դրացի երկիրներուն` Իրանի եւ Վրաստանի հետ:

 

 

 

Նախորդը

Ինքնարժեւորման Հրամայականը (132-Ամեակ) Գ.

Յաջորդը

Լիբանանահայ Թատերական Կեանքի Մեկնարկ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.