ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Դաշնակցութիւնը հոգի է, միտք ու գաղափար:
Յակոբ Կարապենց
Երանի թէ ունենար, յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք զրպարտութիւններու, հնաոճ բարբաջանքներու թէ սնանկ խօսքերու:
Արդ, ի՛նչ հասկնալ` ակնարկելով գաղտնագիր հասկացութիւնը, որ կլանած է համայն մարդկութիւնը, մանաւանդ 21-րդ դարու այս օրերուն:
Խօսքը կը վերաբերի այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնք ծնունդն իսկ են մենաշնորհեալ մարդոց հետապնդած գաղտնի ծրագիրներու, գործունէութեան, եւ, այսպէս ըսած, վաճառականական միտումներու: Անոնց համար սեփական շահն է հարկաւոր, որով յառաջ կը մղեն աշխարհաքաղաքացիական նկրտումներ, կը սրեն իրերամերժ կացութիւններ, քաղաքական մօտեցումներ եւ ընկերային վիճակներ:
Տուեալ շրջանակներ (աշխարհատարած) չունին ցեղի, դասակարգի, ազգի թէ պատկանելիութեան առնչութիւն. իրենց անսահման հարստութեամբ կը ղեկավարեն մարդկային հասարակակարգեր, երկիրներ թէ պետութիւններ, աւելի՛ն. ունին ուղղակի եւ ուժեղ ազդեցութիւն, յատկապէս որոշումի կեդրոններու վրայ` իրենց տիրութեան տակ պահելով աշխարհակարգերու ձեւաւորումը:
Դարեր շարունակ այս կազմակերպութիւնները (իմա` գերդաստան, ընտանիք, ընկերութիւններ) յաջողած են գոյատեւել պարզապէս որովհետեւ ունեցած են սեւ գաղտնագիրներ, ատոնք ըլլան կեանքի, գործունէութեան թէ թաքուն ծրագիրներու իրականացման համար:
Եւ սա է տարօրինակը, յատկապէս հայ կեանքին մէջ, երբ նման կառոյցներու դէմ ոչ միայն սուիններ չեն ճօճուիր, այլ քննադատութեան կամ զրպարտանքի խօսք անգամ չի հնչեր, լռութեան շղարշին տակ` ընդունելով անոնց ներկայութիւնը:
Փաստօրէն մեր օրերուն անոնց տրուած է անուանում մը (Ոչ կառավարական կազմակեպութիւններ – NGO), որոնք իրենց աշխարհածաւալ գործունէութեամբ, իբրեւ թէ բարիք, խաղաղութիւն եւ սէր կը բաշխեն` յանուն ապագայ սերունդներու բարօր ու բարգաւաճ կեանքի մը հաստատման:
Խոստովանիլ է պէտք, որ անոնք յաջողած են իրենց առերեւոյթ մարդկային եւ սակայն իսկութեամբ`քանդիչ գործունէութիւն տանելով, պարզապէս ապաւինելով երկու հիմնական գործօններու` նիւթական յանձանձում եւ սեւաթոյր գաղտնագիրներ:
***
Պիտի ըսուի, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 132-րդ ամեակին առիթով, ինչո՛ւ վերեւ յիշուած նախաբանը, երբ մեր կազմակերպութիւնը իր էութեամբ եւ գործունէութեամբ այնքան մը թափանցիկ է եւ պատկանելիութեամբ պայծառ, որով դասուած է ազգային արժէքներու շարքին եւ արժանացած իրերայաջորդ սերունդներու գնահատանքին, սիրոյն եւ աջակցութեան:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը` շնորհիւ իր հիմնադիր երրորդութեան անգնահատելի ներդրումին թէ անձնուրաց շարքայիններու ծառայութեան, արդէն կլանած է ամբողջ ազգի մը սիրտն ու հոգին, միտքն ու կամքը, այն օրէն, երբ համայն մարդկութեան թէ ազգային պարունակին նուիրած է ՀՅԴ Կանոնագիր ու Ծրագիր:
Իսկ ամէնէն էականը, մեր կազմակերպութիւնը յաջողած է արեամբ, քրտինքով, նուիրումով եւ գաղափարականի շունչով սնուցել իր իսկ բանաձեւած հաւատոյ հանգանակը. նետուիլ պայքարի դաշտ` ճակատաբաց մարտահրաւէր ուղղելով հայու դարաւոր թշնամիին`թուրքին, աւելի՛ն. սեփական ժողովուրդին մէջ արթնցնելով պայքարի ոգին, ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը, ազատ ու անկախ ապրելու երազանքը:
Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է նաեւ գերազանցապէս գործի կուսակցութիւն, միտք, հոգի, գաղափար ունենալու առընթեր: