Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Նոյեմբեր 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխութիւնը եղաւ նոր հայութեան կերտիչը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղաւ Հայ յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջատար ուժը, աննկուն ախոյեանը:

Արդ, հայ յեղափոխութիւնը զէնք չէր միայն, այլեւ ոգեկան զինավառում էր, նոր խօսք չէր միայն, այլեւ վերափոխիչ ու ամրապնդիչ գործ էր, գաղափար չէր լոկ, այլեւ գաղափարականացում էր: Ընդվզում չէր միայն պատմութեան դէմ, բռնութեան ու ճակատագրին դէմ, այլեւ ստեղծագործ թռիչք էր, բարոյական, հոգեկան ու իմացական վերանորոգում, յորդում ու խոյանք էր: Սրտաթունդ երգ չէր պարզապէս, այլ հերոսական երթ էր, մարտ էր ու մարտնչում էր, մարդացում էր մանաւանդ: Արիւն ու աւերում չէր սոսկ, այլեւ կառուցում էր ու իմացական նորանոր հորիզոններու նուաճում: Յուշ ու մեռել չէր միայն, այլեւ յարութիւն էր, կեանք էր, թեւաւոր երազ եւ ստեղծագործ երկունք:

Այս բոլորին գումարն է հայ յեղափոխութիւնը, այս բոլորին բազմապատկութիւնն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, վերածնունդն ու բազմապատկութիւնը հայութեան, հայեցիութեան, հայկականութեան:

Հայութեան նոր ասպետութիւնն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը` յեղափոխական, քաղաքական ու իմացական եռեակ ճակատներու վրայ: Մեր նորագոյն դիւցազնավէպին յօրինողն ու կերպագրողը: Եւ, իբրեւ այդպիսին, ուղղակի ժառանգորդն է հայ ազնուականութեան, իբրեւ հայ պետական ու քաղաքական կեանքի կերտիչ, պահպանակ ու սատար:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հակառակ պատմական բոլոր փորձութիւններուն, գաղափարական, հաւատաւոր ու նուիրեալ իր յաջորդական սերունդներուն քրտինքով միշտ բարձր պահեց քաղաքական անկախ մտածողութեան, գաղափարախօսական ու կազմակերպական ինքնուրոյնութեան կենարար իր դրօշը, անայլայլ մարտունակութիւնն ու գաղափարապաշտութիւնը:

Գաղափարական նոյն անխորտակելի զրահով ան ապրեցաւ ու դիմակալեց իր պատմութեան երկար ու ձիգ տարիները եւ այսօր եւս ան պատրաստ է պայքարի ու զոհաբերութեան նորանոր տասնամեակներ նուաճելու` հայ ժողովուրդի ընկերային ու ազգային ազատագրութեան նուիրական դատի իրականացման ճանապարհին:

Պատրաստ է անվարան սրտով առաջ ընթանալու միշտ, նախորդ սերունդներու հերոսական ու լուսաւոր ուղիով, միեւնոյն ընկալուչ ու լայնամիտ ոգիով, կազմակերպական ու կարգապահական նոյն ուժականութեամբ, բարոյական նոյն ոգեշնչող կերպարով, քաղաքական ու գաղափարական նոյն սկզբունքայնութեամբ ու ինքնուրոյնութեամբ, հաւատքի ու նուիրումի միեւնոյն անսպառ կորովով, կենսափորձով եւ երկխօսութեամբ վերանորոգուելու ու կենսաւորուելու իր աննահանջ կամքով:

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Օրերու թաւալքին հետ խաչին աստուածային խորհուրդն ու պատգամը ներդրուեցան քիչ առ քիչ զինանշանին խորապէս մարդկային ճշմարտութեան ու ոճին:

Վառօդի թանձր ծուխը մոլեգնօրէն գրկընդխառնուեցաւ խունկի հոտեւան երիզներուն: Հայ ժողովուրդը, փոխն ի փոխ, բահի տեղ վերցուց փետուրը, փետուրի փոխարէն` դաշոյնը, եւ իր հերոսներուն արիւնով օծուն դրօշը բարձրացուց Րաֆֆիին երազը իրականացնելու, զայն կոթողելու համար Մասիսի գլխուն: Եւ հասաւ Սարդարապատ եւ ստեղծեց հայկական Հայաստան:

Հայոց պատմութեան ծագող արեւուն ճառագայթները թափանցեցին իւրաքանչիւր հայու սրտէ ներս եւ ոսկեհուր ճաճանչներով դրոշմեցին հոն անջնջելի Զինանշանը:

Եւ հայ ժողովուրդը, զանգուածօրէն, պատարագ մատուցեց Զինանշանի տեսլականին:

– Խաչուեցաւ երէկ, որպէսզի ապրինք մենք այսօր:

Բայց այդ մենքը Երեւանէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս ու Սիտնի` ապրո՛ղ, ծաղկո՛ղ հայութիւնն է այսօր: Այդ մենքը մեր Սեւրն է, Հայ դատը: Այդ մենքը Արագածի մեր աստղադիտարաններն են, մեր մատենադարանները, ղօղանջող մեր հաւատքի տուներն են` Էջմիածինն ու Անթիլիասը, կառուցուող մեր դպրոցներն ու ակումբները, աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծագործող հայ միտքն ու հոգին: Սարդարապատի եւ Մոնթեպելլոյի յուշարձաններն են, Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմն է այդ Մենքը: Մեր Անի՛ն է, եւ տակաւին գերի մեր Արարատը:

«Խաչեցեալին մահ չկայ» բանաստեղծի խօսք չէ, այլ` հայկական իրականութիւն:

Զինանշանը կերտողները չկան այլեւս, բայց Զինանշանը ինք կա՛յ այսօր, վաւերակա՛ն, անխորտակելի արտայայտութիւնը հայ ոգիին, աւելի պայծառ, քան` երէկ, աւելի պերճիմաստ ու առինքնող` այսօր:

Ողջո՜յն ու համբո՜յր Զինանշանին:

Ողջոյն ու համբոյր հայ անմահ ոգիին, յաւերժական հայութեան ու Հայաստանին:

Գ. ԳԵՂԱՐԴ

 

Նախորդը

«ՀՄԸՄ-ը Մեր Ժողովուրդին Հոգեւոր, Բարոյական, Ազգային, Մշակութային Ու Պահանջատիրական Արժէքները Կը Բովանդակէ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Դժուարագոյն Մարտահրաւէրը (132-Ամեակ) Բ.

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?