Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Նոյեմբեր 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաւազրկուած, անիրաւուած եւ անազատ ըլլալու զգացումէն ծնունդ կ՛առնէր հայ յեղափոխութիւնը, որ առաջին իսկ օրերէն կը դառնար դաւանանք, կը դառնար միս ու արիւն` իր դրօշին տակ համախմբելով պայքարի պատրաստակամ բոլոր տարրերը: Անկերպարան հայ իրականութենէն ծնունդ կ՛առնէր նոր հայը – յեղափոխական հայը: Առաջ կու գար նոր սերունդ մը` աւելի՛ ինքնագիտակից, աւելի՛ պայծառատես ու վճռակամ, որ հայութիւնը առաջնորդելու եւ հայ կեանքին ուղղութիւն տալու հաստատ որոշումը ունէր:

Հայ կեանքէն ներս կը ստեղծէր նոր կացութիւն, եւ առաջ կու գար նոր աշխարհահայեացք. մէկ հայութիւն եւ մէկ հայրենիքի գաղափարով, որ կը քանդէր բռնի եւ արհեստականօրէն պարտադրուած բոլոր պատնէշները, կը լեցնէր բոլոր խրամատները` նոյն իտէալին շուրջ համախմբելով տարբեր դասերու, տարբեր դաւանութիւններու եւ տարբեր տիրապետութիւններու հարկատու հայերը: Կ՛անհետանային աշխարհագրական սահմանագիծները հայ մտածողութեան մէջ, կ՛ամրապնդուէր մէկ հայութեան գաղափարախօսութիւնը: Երէկի իրաւազուրկ հայը կը դառնար պահանջատէր եւ իր պահանջներու իրականացման համար կը մտնէր նոր կենսաձեւի մէջ: Դիւրին եւ հարթ ճամբաներու վրայ չէր բացուեր այդ նոր կենսաձեւը, անիկա իր դէմ ունէր թուրքն ու ռուսը` իրենց պետական եւ զինական անհաշիւ միջոցներով, իր դէմ ունէր պայքարի անընդունակ ներքին տարրերը, բայց ունէր նաեւ իր մէջ հայօրէն ապրելու բուռն տենչը, որ պիտի գիտնար արհամարհել բոլոր վտանգները, պիտի գիտնար յաղթահարել բոլոր արգելքները` լայն դուռ բանալով իր հայրենասիրական ձգտումներուն առջեւ:

Նոր հայրենիքներուն մէջ հայութիւնը, իր պապերու սովորութեամբ, իր բնակարաններուն քովիկը կը կառուցէր դպրոց ու եկեղեցի եւ ակումբ, կը կազմակերպէր իր կեանքը` հիմնելով մշակութային, երիտասարդական, մարզական եւ բարեսիրական հաստատութիւններ, կը հիմնէր հրատարակչութիւններ, մամուլ եւ բեմ` ի խնդիր հայ բանի տարածման եւ հայ հոգիի պահպանման:

Եւ այս բոլորին մէջ, անկասկած, գաղափարական նոյն աւանդն է, որ ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր կազմակերպող, համադրող, ձեւ, բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տուողը սփիւռքահայ կեանքին: Այդ աւանդն է, որ հայ բազմութիւններու հանապազորդ հացին հետ դարձած է հոգեկան սնունդ եւ գոյութեան նպատակ:

Սփիւռքը հայրենիք չէ. սփիւռքը օտար հող, օտար ժողովուրդ եւ օտար մթնոլորտ կ՛ենթադրէ իր պաղ իրականութեամբ եւ եղերական հեռանկարով: Սփիւռքը իր ժողովուրդի մայր երակէն եւ պապենական հողէն կտրուած` օտար երկիրներու, օտար լեզուներու, օտար բարք ու կենցաղի հարկատու մռայլ իրականութիւն կը նախատեսէ: Կարճ խօսքով, սպիտակ ջարդ` կարճ թէ երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ փռուած:

Այդ պատճառով հարկ է լարել ճիգերը, խթանել կամքը, հարկ է գօտեպնդուիլ գաղափարական նո՛յն աւանդով, որովհետեւ այդ աւանդն է, որ երէկ կը կռուէր բռնատիրութեան դէմ յանուն ազատ եւ անկախ կեանքի մը, այսօր կը կռուի յանուն հայապահպանման եւ ընդդէմ կլանող, խաթարող օտարացման չարիքին, հարկ է պայքարիլ վտանգին ամբողջական գիտակցութեամբ, պայքարիլ նոր ժամանակներու թելադրած միջոցներով, որքան ալ բազմազան ըլլան խոչընդոտները եւ աննպաստ` տիրող պայմանները: Ներկայ ժամանակներու հրամայականն է ասիկա, ինչպէս նաեւ կտակը` այդ աւանդին համար զոհուածներուն:

Գ. ԲԱՆԵԱՆ

Ինծի կը թուի, որ հայ ժողովուրդը իր մէկ մեծ մասով կը վստահի Դաշնակցութեան, որովհետեւ`

Ան ձեւակերպողն է մեր ազգային ձգտումներն ու ազգային երազը` «Միացեալ, անկախ Հայաստան» նշանաբանով:

Հաւատարիմ պահակն եղած է մեր ֆիզիքականին ու ազգային մշակոյթին:

Իր ուժերու առաւելագոյնով պաշտպանած է հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը` ներքին թէ արտաքին թշնամիներու դէմ, ամէն տեսակ դաւադրութեանց չէզոքացման համար, առանց սակարկելու իր արիւնն իսկ:

Ղեկավարած է Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր խորունկ հաւատացեալ մը չըլլալուն, Հայ եկեղեցին պաշտպանեց ամէն անգամ, որ ներքին կամ արտաքին վտանգ մը սպառնաց անոր:

Դաշնակցութիւնը ճշդեց 1915-ի ահաւոր աղէտին պատասխանատուները ու անխնայ պատուհասեց զանոնք:

Երբ ներկայ Հայաստանի մտաւորականութեան կէսը ահաբեկ ու գլխահակ կը շրջէր Երեւանի փողոցներուն մէջ, երբ միւս կէսին ճակատագիրը անորոշ ու մութ էր Սիպերիոյ սառնամանիքներուն մէջ, երբ ազատ աշխարհի մէջ ապրող բազմաթիւ մարդիկ Խանջեանի, հայոց կաթողիկոսին, Չարենցի ու բազում ուրիշներու դահճապետ հայր Ստալինը կը փառաբանէին արձակ ու տաղաչափուած, Դաշնակցութիւնն էր, որ մինակը բողոքի ձայն բարձրացուց ու մերկացումներ ըրաւ:

Ու այս բանին համար որակուեցաւ «դաշնակ շուն» ու «հակահայաստանեան»:

Ժողովուրդները առհասարակ առողջ բնազդ ունին:

Ահա թէ ո՛ւր է Դաշնակցութեան ուժն ու հմայքը:

Վերջին խօսք մըն ալ` ու կը փակեմ:

Պէտք չէ մոռնալ, որ վերածնուող ներկայ Հայաստանը կառուցուած է 1918 թուին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերուն վրայ:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ինքնարժեւորման Հրամայականը (132-Ամեակ) Գ.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?