Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի Ի Տաճարն

February 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Սուրբ Ծնունդէն եւ Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք` փետրուար 14-ին կը տօնէ Տեառնընդառաջը` մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը:

Յիսուսի ծնողքը` Յովսէփ եւ Մարիամ, երբ իրենց զաւակը քառասուն օրուան եղաւ, Զայն տաճար տարին: Տաճարին արեւելեան դուռը, որ Աստուծոյ հրամանով փակ էր, մեծ դղրդիւնով բացուեցաւ: Դրան դղրդիւնի ձայնէն Երուսաղէմի բնակիչները դուրս վազեցին եւ, քանի որ արդէն մութ էր, ջահերով եւ ճրագներով փութացին տաճար` Տիրոջ ընդառաջ:

Տաճարին մէջ Տիրոջ ընդառաջ եկաւ Սիմէոն ծերունի: Ան եօթանասուներկու թարգմանիչ դպիրներէն մէկն էր, որոնք Յիսուսի ծնունդէն երկու հարիւր երեսուն տարի առաջ Հին Կտակարանի գիրքերը եբրայերէնէ յունարէնի թարգմանած էին: Սիմէոն իր աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ խնդրած էր, որ իր աչքերը չփակած տեսնէ Օծեալ Տէրը եւ մարդոց Փրկիչը: Աստուծոյ Սուրբ Հոգին Սիմէոնի խոստացած էր. «Մահ չես տեսներ, մինչեւ տեսնես Օծեալ Տէրը»:

Սիմէոն ծերունի երեք հարիւր քառասունչորս տարեկան էր, երբ տաճարին մէջ տեսնելով քառասնօրեայ մանուկը ձեռքերը բարձրացնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր փափաքը կատարուեցաւ: Գիրկը առաւ մանուկ Յիսուսը, օրհնեց եւ փառաբանեց զԱստուած եւ խնդրեց. «Տէ՛ր, քու խօսքիդ համաձայն հիմա խաղաղութեամբ արձակէ ծառադ, որովհետեւ աչքերս Քու փրկութիւնդ տեսան, զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ` յայտնութեան լոյս ըլլալու համար հեթանոսներուն, եւ փա՛ռք Քու ժողովուրդիդ` Իսրայէլի»:

* * *

Տեառնընդառաջ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ ելլել: Տարածուած է նաեւ Տէրընդեզ` «Տէրն ընդ ձեզ», կամ Տըրընտես` «Տէրն տես» արտայայտութիւնը:

Տեառնընդառաջի տօնի նախօրեակին, փետրուար 13-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, երբ, եկեղեցական օրացոյցի համաձայն, օրը կը փոխուի եւ կ՛ըլլայ փետրուար 14, կը կատարուի նախատօնակ, աւետելով Տէրունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն` աշխարհի չորս ծագերու, արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն:

Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ կանթեղներէն առնուած կրակով բակը խարոյկ կը վառեն` իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ: Հաւատացեալներ խարոյկին շուրջ կը դառնան, եւ երբ բոցը սկսի ցածնալ, կը սկսին կրակին վրայէն ցատկել: Եկեղեցիէն վառած մոմերը տուն կը տանին` Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու համար բնակարանը:

 

Նախորդը

«Անտեսանելի» Հանրապետութիւնը

Յաջորդը

«Արուեստը Այն Միջավայրն Է, Ուր Կարելի Է Գտնել Հոգիի Ազատութիւնը Եւ Թռչիլ Մտքով»

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.