Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիտի Սթափի՞նք Արդեօք

February 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած ահեղ երկրաշարժը չի կրնար անտարբեր ձգել ոեւէ բանաւոր անհատ: Նաեւ հայ անհատ: Քանդուած քաղաքներու եւ գիւղերու անուններէն շատերը հարազատ են մեր ականջին: Գահրաման Մարաշը մեր Մարաշն է, Ղազի Այնթէպը մեր Այնթէպն է, Օսմանիէն մեր Զէյթունն է ու տակաւին կրնանք շարունակել թուումը վայրերու, որոնք հարիւրամեակ մը առաջ հայաշատ ու հայաշունչ աւաններ էին: Զոհերուն թիւը ամէն օր կ՛աճի, ու տակաւին յայտնի չէ, թէ քանի տասնեակ հազարներու պիտի յանգի: Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ. անոնց թիւը առայժմ տասնեակ մըն է: Մաղթենք, որ շէնքերու փլատակներու վերացման աւարտին անոնց թիւը չաւելնայ:

Մարդկային նման աղէտի մը պարագային գերակայ պէտք է ըլլայ ցաւակցիլը, ափսոսանքը: Քէները, ոխերը եւ նոյնիսկ քաղաքական հակամարտութիւնները պէտք է լռեն ու աղէտահար միլիոնաւոր մարդոց նկատմամբ կարեկցանքը` պարտադիր ըլլայ: Այս պայմաններուն տակ, ցաւակցութիւնը, փրկարար ջոկատներու եւ այլազան օժանդակութիւններու առաքումը ընկերային ծառայութեան բնական միջոցներ են: Նման առիթով, կատարուածին նկատմամբ բացասական դիրքորոշումն ու դատապարտող մեկնաբանութիւնները անտեղի են: Հայաստանի իշխանութիւնները շատ արագ արձագանգեցին, ցաւակցեցան թէ՛ թշնամի Թուրքիային եւ թէ՛ բարեկամ Սուրիոյ, փրկարար ջոկատներ առաքեցին թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին: Լաւ ըրին: Առաւելագոյնը, որ այս առիթով կրնայինք ակնկալել Հայաստանի իշխանութիւններէն, Թուրքիոյ փոխանցուած ցաւակցութեան չէզոք խմբագրութիւնն էր, ուրիշ ոչինչ:

Բացի երկրաշարժի առիթով կատարուած աշխատանքներէն, Հայաստանի մէջ նախորդ շաբաթը կարեւորուեցաւ Ազգային ժողովի ընթացիկ քառօրեայով: Արդարեւ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազը պահանջեց «Հայաստան» դաշինքի երկու պատգամաւորներու` Սէյրան Օհանեանի եւ բժիշկ Արմէն Չարչեանի պատգամաւորական անձեռնմխելիութեան վերացումը, առաջինի պարագային երեք, երկրորդի պարագային մէկ միջնորդութեամբ (ամբաստանութեամբ): Ազգային ժողովը որոշեց վերացնել երկու պատգամաւորներուն անձեռնմխելիութիւնը. անոնք պէտք է պատասխան տան ու ի հարկին դատուին ենթադրեալ յանցանքներու համար, որոնց պատժելիութեան ժամանակը աւարտած է: Դատապարտուելու պարագային ալ, անոնք չեն կրնար պատիժ կրել: Դիտել տանք, որ երկու պատգամաւորներն ալ փափաքած էին ենթարկուիլ հետաքննութեան ու դատի, իրենց անմեղութիւնը հանրայնացնելու դիտաւորութեամբ: Այս եւ նման հետապնդումներու առիթով դիտել տանք, որ ոստիկանութիւն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն իրենց օրախնդիր գործերը մէկդի թողած` զբաղած են քսան, երեսուն տարի առաջ պատահածներով, գրգռելով հին տոմարներ ու հին գործեր:

Ենթադրելի է, որ ամբողջ երկու օր Ազգային ժողովը «նախկիններու» սխալներուն փուչիկով զբաղցնելուն պիտի յաջորդէին թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններ: Ազգային ժողովը անգամ մը եւս փոխադարձ մեղադրանքներու թատերաբեմ դարձաւ: Ընդդիմադիր պատգամաւորներու զուսպ ու սկզբունքային քննադատութիւնները դիմաւորուեցան ամբոխավարական ելոյթներով ու զրպարտանքներով:

Պատահականօրէն ուշադրութիւնս գրաւեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի «արտահերթ» ելոյթը: Ալեն Սիմոնեան յայտնի է իր բարձր պաշտօնին չպատշաճող ելոյթներով եւ արտառոց միջամտութիւններով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը պախարակելու նպատակով, Ա. Սիմոնեան կը յիշատակէ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» յեղափոխական երգին մէկ տողը` «Ստամպոլը պիտի լինի արեան ծով»-ը, Դաշնակցութեան Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական քարոզչութիւնը կը հակադրէ իշխանութիւններու խաղաղասիրական քաղաքականութեան: Այսօրուան խաղաղութեան քաղաքականութիւնը ընդդէմ… հարիւր երեսուն տարի առաջ թշնամական քաղաքականութեան: Առաջինը պետութեան կողմէ, երկրորդը` կուսակցութեան մը: Դէպքերու պատմական ենթահողը զանցելով բաղդատութիւն կատարելու արդէն մաշած այս անլրջութիւնը բազմիցս դատապարտուած է: Երգը գրուած է Աշուղ Ֆահրատի կողմէ, հետագային դաշնաւորուած Գէորգ Կառվարենցի կողմէ. պայքարի երգ է, յեղափոխական կռիւի երգ: Իբրեւ այդպիսին` կրնայ նաեւ չափազանցութիւն պարունակել, իր ժամանակին տիրող ոգիին համապատասխան: Երգ է, կուսակցական ծրագիր չէ, գործունէութեան առաջադրանք չէ: Իսկ թէ ի՛նչ տուաւ ցարդ խաղաղութեան ջատագովուած քաղաքականութիւնը, յայտնի է բոլորին, վկայ` Բերձորի միջանցքի արդէն երկամսեայ փակումը:

Հայաստանի քաղաքական ու հասարակական առօրեան լեցուն է անհեթեթութիւններով ու անհրապոյր վէճերով: Կացութիւնը ահազանգային է, սակայն զայն դարմանելու կոչուած քննարկումները` մակերեսային, յաճախ անլուրջ: Իշխանութիւնները ահազանգային հարցերէն հանրային կարծիքը շեղեցնելու համար կը դիմեն կրկնուող հնարքներու, եւ կը շարունակեն հանրութիւնը երկփեղկուած պահելու իրենց վարքագիծը: Անհրաժեշտ է սթափիլ ու վերջ տալ քաղաքական այս ստերջ միջավայրին:

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Եւ Նետերլանտական Նախաձեռնութիւննե՞ր, Թէ՞ Նախաձեռնութիւն

Յաջորդը

Նասըր Յաղթեց, Ռոնալտօ Նշանակեց 4 Կոլ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.