Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ցնցուեցաւ Հալէպը… Կրկի՜Ն

February 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծանր էր Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին, նաեւ Թուրքիոյ հարաւին հասած հարուածը, որ եկաւ բնութենէն:

Անսպասելի եւ անբնական հարուած մը` բնութենէն: Այո՛, այս անգամ բնութիւնն էր, որ զայրացած էր: Ո՛չ Արեւմուտքը, ո՛չ ալ Արեւելքը:

Զէնքի եւ զինամթերքի կարիք չկար: Ո՛չ ալ երկար ժամանակի վրայ` շաբաթներու կամ օրերու պատրաստութեան: Անօդաչու սաւառնակ ալ պէտք չեղաւ:

Պատմական Կիլիկիան ցնցուեցաւ փետրուար 6-ի վաղ առաւօտուն: Արեւմտեան լրատուական քարոզչութեան համար, կիզակէտը առաւելապէս Թուրքիան էր:

Միայն Կիլիկիան չէր ցնցուողը, այլ նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը` Թուրքիոյ հարաւային գօտիէն մինչեւ Լիբանան, Իսրայէլ, Իրաք. շարժը զգալի եղաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, սակայն Թուրքիոյ դրացիներէն ամէնէն ծանր հարուածը կրեց Սուրիան, որ մօտաւորապէս տասը տարի ցնցուեցաւ քաղաքական-ռազմական միջամտութիւններուն իբրեւ հետեւանք, իսկ անկէ ետք ալ, տնտեսական-ընկերային ցնցումները կը շարունակեն ահաւոր տագնապի մը պատանդը պահել երկիրը:

Քանի մը ակնթարթ, հազիւ 40-45 երկվայրկեան, եւ արդէն փուլ եկած էին կառոյցներ, իսկ փլատակներուն տակ ալ անշնչացած էին դեռ քիչ առաջ շնչող էակներ:

Հարուած մը, երկրաշարժ մը, որ միայն չթօթուեց կամ չցնցեց, այլ նաեւ ահաւոր տարողութեամբ քանդեց:

«Բնական քանդիչ»-ը` երկրաշարժը, անխնայ եղաւ եւ քանդեց արդէն իսկ ռումբերէն քանդուածն ու խարխլածը, քաղաք մը, որ հազիւ հազ սկսած էր վերակառուցուիլ, վերաշինուիլ եւ վերստին շնչել, հոգ չէ թէ տնտեսական այլապէս ճնշիչ պայմաններու մէջ:

«Քաղաքացիական պատերազմ»-ին իբրեւ հետեւանք ծանրօրէն վնասուած` սփիւռքահայութեան կեդրոններէն Հալէպը կրկին քանդում ապրեցաւ:

Հազար ու մէկ գիշերներու հեքիաթ չէ պատահածը, այլ զարհուրելի եւ սարսռազդեցիկ պատահար մը` հեքիաթներու այդ քաղաքին մէջ:

Վտանգաւոր այլ պատահարի մը պարագային, եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը կրնար կանուխէն տեղեակ պահել, ազդարարել եւ նախազգուշացնել, թէ վատ բան մը պիտի պատահէր: Երկրաշարժը այնպիսի պատուհաս մըն է, որ զանգերը զրկեց նման պարտականութենէ:

Յատկապէս ամրան շոգին, հալէպահայը կամ հիւրաբար այդ քաղաքը հասած հայորդին, բնակարանէն դուրս` տանիք կը բարձրանար, բնութեան (երկնային) գիրկին մէջ քնանալու եւ աստղերու կամ լուսնին լոյսին տակ երազելու: Դժբախտաբար, այսօր սաստիկ ցուրտ ձմեռ է, հետեւաբար, աղէտահարները ստիպուած են իրենց բնակարանէն հեռու գիշերելու, աւելի ապահով երդիքի տակ, կամ մինչեւ իսկ «ողջ» մնացած ինքնաշարժներու մէջ:

Գրեթէ երկու ամիսէ ի վեր Բերձորի միջանցքի շրջափակումով տառապող եւ Արցախի հայութեան ապագայով մտահոգուող հայորդիին համար, անսպասելի եւ աներեւակայելի էր պատահածը:

Արդեօք բնութի՞ւնն ալ կը շնչէ, կը դիտէ եւ կը զգայ: Անիկա տեղեակ չէ՞, թէ ո՞վ է իր իսկական պաշտպանը, եւ ո՛չ թէ միջանցքներ շրջափակող կեղծաւոր «բնութենապաշտ»-ը:

Արցախը շրջափակուած է, Հալէպն ալ` ծանրօրէն քանդուած:

Ահաւասիկ վիթխարի պարտականութիւն մը եւս` արդէն իսկ զանազան առաջնահերթութիւններով կլանուած սփիւռքին եւ սփիւռքահայութեան համար: Մեր նորագոյն պատմութիւնը վկան է, որ հայութիւնը մի՛շտ ալ միասնական է, համեմատաբար խաղաղ ու ապահով շրջանի մէջ եղողը` մի՛շտ ալ փութացած է օգնութեան ձեռք երկարելու աղէտեալին, պատուհասներու ենթարկուողներուն: Այս ճշմարտութիւնը փաստագրուած է Գիւմրի-Սպիտակ երկրաշարժի օրերուն, Լիբանանը հարուածած բազմահանգրուան աղէտներուն, նոյնինքն Հայաստանն ու Արցախը վտանգած` թշնամիի յարձակումներուն ատեն:

Այսօր տարբեր պիտի չըլլայ: Հայութիւնը դարձեալ կոչուած է օգնութեան ձեռք երկարելու Հալէպի մեր հարազատներուն եւ գործնապէս ըսելու, որ անոնք մինակ չեն, ինչպէս որ մինակ չէ պաշարուած Արցախը:

Նախորդը

Տակաւին, Տակաւին, Տակաւին

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.