Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տակաւին, Տակաւին, Տակաւին

February 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Եթէ քաղաքական կամ բնութեան աղէտ մը պիտի գայ, նախ չորս կողմը կը նայի` ո՞ւր կայ հայկական եռուն գաղութ: Ճիշդ հո՛ն կը հարուածէ:

Մինչ այդ, մոխիրներէն փիւնիկի նման յարութիւն առնելէն-առնելէն մեր հոգին ելած է: Իսկ եթէ պէտք է` հոգի՛ ալ կը շինենք: Դարձեալ կը փիւնիկուինք, խաղաղութեան աղաւնի կը կանչենք, կռո՛ւնկ ինչո՞ւ եկար – ինչո՞ւ չեկար կ՛երգենք, եւ… կը մարտնչինք:

Կրկի՛ն Հալէպ: Երկրաշարժին պատճառով, նախատեսելիին դիմաց, իրենց տաքուկ տուներէն դուրս փախած, ցուրտին ու մութին հայկական եկեղեցիներու եւ ակումբներու մէջ ապաստանած մեր քոյր-եղբայրները հաւաքաբար, միանգամայն առանձին-առանձին, նստած են խռովայոյզ: Անոնք թէպէտ լուռ ու անփոփ` իրար ուժ կու տան: Հոգեւորականի մը ներկայութիւնը կը սփոփէ զիրենք:

Լուսանկարները կան Դիմատետրին մէջ: Նայեցէք դէմքերը` վախուորած, հաշտուած, խոժոռ «ա՛լ կը բաւէ» հայեացքով: Սպասելէ զատ` բան չեն կրնար ընել: Ինչի՞ կը սպասեն: Փրկութեա՛ն: Որ այս բոլորը գէշ երազի պէս անցնին: Բայց իրենք աւելի լաւ գիտեն` գէշ երազները շատ երկար կեանք կ՛ունենան:

Ծնողները, մեծ մայրերը ինչպէ՛ս գրկեր են իրենց երեխաները` բուրդէ գլխարկներով, անուշիկ ժպտացող: Մանուկները կը զգան, թէ բան մը կը պատահի, որ ճիշդ չէ:

Յիսո՛ւս մանուկ, որ դարերով խորանին վրայէն կը դիտես, ասո՛նք ալ մանուկներ են, քովերնին իրենց հայրերն ու մայրերն են, մեծ ծնողքը, մօրաքոյր, հօրեղբայր, խաղընկեր, դրացի: Խաչեա՛լ Քրիստոս, «գետնին տակը անցնիլ»-ը առաջ բարկութեան խօսք էր միայն, հիմա իմա՛ստ ունի. թաց ցաւ է եւ չորցած արիւն:

Այլեւս երկրագունդի շարժումները այնպէս դասաւորէ, որ մանուկները լուսաժայթ մանկութիւն ապրին, որ` մեծահասակները սարսափ ու անձկոյթ չունենան, որ` փլած տուներ ու ճաթռտած գետիններ կեանքը կուլ չտան:

Եղած չեղածը մէկ կեանք է, Քրիստոս Աստուած մեր, դեռ Արցախի՛ հարցը ունինք: Մեր սիրտը բզիկ-բզիկ ընելը ի՞նչ շահ կը բերէ, քանի որ Դուն գիտե՛ս, թէ մենք փիւնիկուի՜լ գիտենք:

Բայց պահանջելու պէս կը խնդրենք, որ ա՛լ փորձանք չբերես մեր գլխուն: Երկրագունդին անզուսպ երախները կղպէ, թշնամիներուն լեզուներն ու թաթերը կտրտէ, եւ տուր ազգիս հայոց` արդարութեան լոյսի բարիքները բոլո՛ր:

6 փետրուար 2023

Նախորդը

Վերջին Հրաժեշտ Եփրեմ Արք. Թապագեանի

Յաջորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ցնցուեցաւ Հալէպը… Կրկի՜Ն

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.