Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

Փետրուար 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Բուն Բարեկենդանին նախորդող հինգշաբթի օրը կը տօնէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց յիշատակը:

Պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքայի կրօնափոխութեան պահանջին դէմ մղուած Վարդանանց պատերազմը, Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին, պարսկական անհաւասար ուժին դէմ, գիտակից մահուամբ, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, սպարապետ Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի, Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, մեր ազգի ինքնութեան խորհրդանիշ է:

Հայ եկեղեցին միշտ ալ սերտօրէն կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին: Սրբազան պատերազմի` հաւատամարտի նկարագիր ստացած Վարդանանց դիւցազնամարտին, առանջորդողի դեր կատարեց եկեղեցին:

Վարդանանց շարժումի ետին կանգնած եւ զայն պատրաստող խթան կը հանդիսանար Թարգմանչաց սերունդն ու անոր դաստիարակչական հսկայ դերը:

***

Յազկերտ Բ. թագաւոր, հայ ժողովուրդը իր ուրոյն դիմագիծէն զրկելու եւ ձուլելու նպատակով, հրովարտակ ուղարկեց հայոց մեծամեծներուն` պահանջելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ զրադաշտական դառնալ:

Հայոց մեծամեծները` Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Արտաշատի մէջ ժողով գումարեցին եւ մերժեցին կրօնափոխութեան պահանջը` ըսելով. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ դառն հարուած»:

Յազկերտի հրամանով հայոց նախարարները Տիզբոն կանչուեցան, ուր անոնց պարտադրուեցաւ զրադաշտական դառնալ: Անոնք ստիպուած երեսանց ուրացան իրենց հաւատքը, որպէսզի կարենան հայրենիք վերադառնալ: Անոնց հետ Հայաստան ճամբու դրուեցան եօթը հարիւր մոգեր եւ զօրքեր, որպէսզի երթան եկեղեցիները քանդեն, ատրուշաններ կանգնեցնեն եւ ժողովուրդը զրադաշտական դարձնեն:

Ժողովրդային դիմադրութիւնը սկիզբ առաւ Անգղ գիւղէն, Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, երբ մոգեր փորձեցին եկեղեցին քանդել եւ ատրուշանի վերածել: Փայտերով ու քարերով սկսած դիմադրական շարժումը նախերգանքը եղաւ համահայկական շարժման:

Քաջազուն հայորդիք, տիկնայք փափկասուն եւ առնական, հոգեւորական եւ աշխարհական, շինական ու ազնուական, բոլորը մէկ պաշտպանելու ելան Քրիստոսի սուրբ հաւատքը, հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը:

Անոնք` հաւատքով լեցուած, կ՛աղաղակէին. «Քանզի հայր մեր զՍուրբ Աւետարանն գիտեմք, եւ մայր` զԱռաքելական եկեղեցի կաթողիկէ»:

***

Պարսկական երկու հարիւր հազարնոց բանակը` Մուշկան Նիւսալաւուրտի գլխաւորութեամբ, 451-ի գարնան մտաւ Հայաստան եւ հասաւ Արտազ գաւառ: Հայոց վաթսունվեց հազար զինուորները պատրաստուեցան վճռական ճակատամարտի: Հայ մարտիկներու կողքին էին հայոց հոգեւորականները` Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ:

Ճակատամարտէն առաջ, ամբողջ գիշերը  հոգեւորականներ քաջալերեցին զօրքը եւ մկրտութեան ու Սուրբ Պատարագի խորհուրդով ամրապնդեցին նուիրեալներուն հաւատքն ու ոգին: Բոլորին հայեացքը ուղղուած էր յաւերժական ճշմարտութեան. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Առաւօտուն զինուորները Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան:

Աւարայրի ճակատամարտին, 451 մայիս 26¬ին, սաստիկ նետաձգութենէ, նիզականետութենէ, հեծելազօրքերու ու հետեւակազօրքերու փոխադարձ գրոհներէ, հազարաւոր սուրերու եւ վահաններու բախումներէ ետք, փիղերու ու պարսիկ զօրքերու ահագին բազմութենէ պաշարուած` սպարապետ Քաջն Վարդան Մամիկոնեան ինկաւ նահատակ:

Քաջն Վարդանի եւ նախարարներ Արտակ Պալունիի, Խորէն Խորխոռունիի, Հմայեակ Դիմաքսեանի, Տաճատ Գնթունիի, Վահան Գնունիի, Ներսեհ Քաջբերունիի, Արսէն Ընծայեցիի եւ Գարեգին Սրուանձտեանի հետ, յանուն հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան նահատակուեցան հազար երեսունվեց մարտիրոսներ: Պարսիկներ կորսնցուցին 3544 զինուոր:

Աւարայրի ճակատամարտը ռազմական յաղթանակ չբերաւ, բայց դարձաւ հաւատքի յաղթանակ:

Աւարայրը քրիստոնեայ աշխարհին, լոյսին, կեանքին, հաւատքին եւ ազատութեան բախումն էր խաւարին, մահուան, հաւատուրացութեան ու ստրկացման դէմ:

***

Վարդանանցին նախորդող երեքշաբթին Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնն է:

Աւարայրի ճակատամարտէն ետք պարսիկներ ձերբակալեցին Յովսէփ կաթողիկոս Հողոցմեցին, Ռշտունեաց Սահակ եպիսկոպոսը, Բասենի Թաթիկ եպիսկոպոսը, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն երէցները եւ Քաջաջ ու Աբրահամ սարկաւագները եւ տարին Պարսկաստան:

Քուշաններու դէմ պատերազմին ժամանակ,  454¬ին, կալանաւոր հայ հոգեւորականները տարուեցան Ապար աշխարհ եւ Նիւշապուհ բերդին մէջ արգելափակուեցան:

Քուշաններուն դէմ Յազկերտի արշաւանքը պարտութիւն եղաւ պարսկական բանակին: Մոգերը պարտութեան պատճառը հայ հոգեւորականներուն վերագրեցին:

Յազկերտ արքայի հրամանով նահատակուեցան Յովսէփ կաթողիկոս, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսներ, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ երէցներ եւ Քաջաջ ու Աբրահամ սարկաւագներ:

Աբրահամ եւ Խորէն երէցները աքսորուեցան: Որոշ ժամանակ անց, երկրի տօթակէզ եղանակին չդիմանալով, Խորէն Երէց վախճանեցաւ, իսկ Աբրահամ Երէց աւելի վերջ թոյլտուութիւն ստացաւ Հաայաստան վերադառնալու եւ Բզնունիքի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ:

***

Վարդանանց պայքարը շարունակուեցաւ Քաջ Վարդանի եղբօրորդի` Վահան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ: Պարսիկներ, ամէն կողմ կատաղի դիմադրութեան հանդիպելով եւ մեծ կորուստներ կրելով, ստիպուած հրաժարեցան հայերը կրօնափոխ ընելու եւ ձուլելու իրենց ծրագիրէն: Նուարսակի 484¬ի դաշնագիրով Վաղարշ արքայից արքայ վերջ տուաւ հայոց կրօնափոխութեան պարտադրանքին:

***

«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու, Վարդան քաջ նահատակ որ վանեցեր զթշնամին, վարդագոյն արեամբդ քո` պսակեցեր զեկեղեցի»:

Վարդանանց հայրենասիրութիւնը, քաջութիւնը, անսասան հաւատքը եւ իմացեալ մահուամբ անմահութիւն ժառանգելու գիտակցութիւնը հետագայ սերունդներուն համար դարձաւ ներշնչման աղբիւր եւ նուիրական, սրբազան աւանդ:

 

 

Նախորդը

Վարդանանց Ոգին

Յաջորդը

Ճակատամարտ Յանուն Տեսակի Եւ Ինքնութեան (Աւարայր, 1572-Ամեակ)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?