Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Ոգին

Փետրուար 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յամի Տեառն 301- 451 թուականներու միջեւ երկարող 150 տարիները հայոց պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջաններէն մէկն է: Այս շրջանին երեք կարեւոր դէպքեր ճակատագրական դեր ունեցան մեր ազգային կեանքին մէջ: Անոնցմէ առաջինն էր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակուիլը 301 թուականին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ թագաւորի նախաձեռնութեամբ: Քրիստոնէութեան պետական կրօն դառնալը Հայաստանի մէջ խիստ բախտորոշ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր հոգեւոր, ազգային, քաղաքական, ընտանեկան, ընկերային եւ մշակութային կեանքին վրայ: Ան մեր ժողովուրդը օժտեց զօրեղ նկարագրով եւ զայն կապեց արեւմտեան քաղաքակրթութեան:

Երկրորդ կարեւոր դէպքն է հայ գիրերու գիւտը` 406 թուականին, Մեսրոպ վրդ. Մաշտոցի կողմէ: Գիրերու գիւտը հայ ազգը օժտեց իր լեզուն արտայայտելու ուրոյն նշանագրերով, որ հզօր միջոց մը հանդիսացաւ մեր ազգային գոյութիւնը մշտնջենաւորելու: Շնորհիւ հայ այբուբենին` զարգացան եւ ճոխացան հայ գրականութիւնն ու դպրութիւնը, եւ հայ ազգը ապրեցաւ իր լուսաւորութեան ամէնէն բեղուն ոսկեդարը: Քրիստոնէական հաւատքը. միաձուլուած մեր մշակոյթի ընձերած բարիքներուն հետ, մեծապէս նպաստեց մեր ազգային նկարագրին ու անհատականութեան կերտումին:

Երրորդ ճակատագրական դէպքը մեր պատմութեան դասական այդ մէկուկէս դարու ժամանակաշրջանին եղաւ Վարդանանց հերոսամարտը` 451 թուականին: Այս պատերազմը եղաւ փորձաքարը մեր ազգային նկարագրի տոկունութեան եւ մարմնացումը` մեր տոհմային արիութեան:

Այո՛, Վարդանանց պատերազմը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարին` ընդդէմ անոնց, որոնք կը սպառնան իր խղճի, հաւատքի եւ ազգային ինքնուրոյնութեան եւ ազատութեան:

Պատերազմը տեղի ունեցաւ 26 մայիս, 451 թուականին` հետեւեալ իրադարձութիւններէն ետք: 387 թուականին, այդ ժամանակուան երկու մրցակից մեծ կայսրութիւններ` Բիւզանդիոն եւ Պարսկաստան, յետ երկարատեւ պարբերական պատերազմներու, համաձայնեցան իրենց միջեւ բաժնել Հայաստանը:

Բիւզանդիոն անմիջապէս վերջ դրաւ իր գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող հայկական երկրամասին` զայն դարձնելով իր կայսրութեան նահանգներէն մէկը: Իսկ Պարսկաստան թէեւ պահեց հայկական Արշակունեաց թագաւորութիւնը` ենթակայ իր գերիշխանութեան, սակայն անոր վերջ տուաւ 428 թուականին, Վռամ թագաւորի (420-428) գահակալութեան վերջին տարին: Այս ձեւով Հայաստան կորսնցուց իր ներքին ինքնավարութիւնը:

Վռամէն ետք Յազկերտ Բ-ի (438-457) գահակալութիւնը չափազանց աննպաստ հունի մը մէջ կը դնէր հայ-պարսկական յարաբերութիւնները: Յազկերտ աշխարհատիրական փառատենչութիւններ ունեցող մէկն էր: Ան կը ծրագրէր իր տէրութեան ներքեւ գտնուող ազգութիւնները լուծարքի ընթարկել եւ ապա որպէս միաձոյլ պետութեան մը ղեկավարը` իր սահմանները ընդարձակել: Ան յատկապէս ի մտի ունէր իր երկրի մրցակից Բիւզանդիոնը տապալել եւ դառնալ միահեծան աշխարհակալը գերհզօր պետութեան մը: Այդ ծրագիրը յաջողցնելու համար Յազկերտ անհրաժեշտ նկատեց իր գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող ազգութիւններուն պարտադրել իր ազգի կրօնը` պարսից զրադաշտական (մազթէական) կրօնը:

Ահա այդ առաջադրութեամբ էր, որ Յազկերտ իր հպատակութեան տակ գտնուող Հայաստանի մեծամեծներուն հրամանագիր մը կը ղրկէր, ըստ որուն, հայեր պէտք էր ուրանային իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ ընդունէին զրադաշտականութիւնը: Այս արքայական հրամանագիրը լուրջ երկընտրանքի մը առջեւ կը դնէր հիգերորդ դարու հայ ժողովուրդը: Կա՛մ պէտք էր ուրանալ քրիստոնէութիւնը շարունակելու իր բնականոն կեանքը, որուն հետեւանքը պիտի ըլլար ազգովին պարսկանալ. եւ կա՛մ ալ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի սիրոյն յանձն առնել կամաւոր նահատակութիւնը:

Հինգերորդ դարու հայութիւնը այդ զոյգ մահերէն ընտրեց կամաւոր մարտիրոսացումը` այդ մահուան մէջ տեսնելով ցեղին անմահութիւնը: Արդ, ի պատասխան Յազկերտի հրամանագրին, հայ եկեղեցականներ եւ յայտնի նախարարներ ժողով գումարեցին Արտաշատ քաղաքի մէջ եւ յայտարարեցին. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ ալ հուրը եւ ո՛չ ալ ուրիշ դառն հարուածներ»:

Այս վճռական պատասխանին հետեւանքն էր Վարդանանց պատերազմը: «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նշանաբանով Վարդան Մամիկոնեանի ղեկավարութեան ներքեւ հայոց 66 հազարնոց բանակը անհաւասար ճակատամարտ մը մղեց պարսից 300.000 հաշուող բանակին դէմ, Աւարայրի դաշտին վրայ: Ճակատամարտի առաջին օրն իսկ հայեր ռազմապէս պարտուեցան: Վարդան եւ 1035 զինակիցներ նահատակուեցան:

Բայց Աւարայրի ճակատամարտով չվերջացաւ ահեղ պատերազմը: Այսպէս, Հայաստանի ամէն անկիւն դարձաւ ռազմադաշտ: Վարդանանց «Կրօնքի եւ հայրենիքի համար» լոզունգը

համաժողովրդական շարժումի մը բնոյթը ստացաւ: Վարդաններու նահատակութենէն ետք ծնան Վահան Մամիկոնեաններ եւ 33 տարի շարունակ պայքարեցան Պարսկաստանի դէմ, մինչեւ որ Վաղարշ թագաւորը իմաստութիւնը ունեցաւ Նուարսակի դաշնագիրը ստորագրելու: Այդ դաշնագիրը կ՛ապահովէր հայ քրիստոնէութեան անխափան շարունակութիւնը Հայաստանի մէջ: Ասիկա նշանակալից յաղթանակ մըն էր մեր ազգային կեանքին մէջ: Այս յաղթանակը նաեւ գեղեցիկ օրինակ մը եւ ներշնչումի աղբիւր մը դարձաւ յետնորդ սերունդներուն:

Վարդանանց հերոսամարտով իմաստաւորուած հայ ժողովուրդի կրօնասիրութեան եւ հայրենասիրութեան այս զոյգ իրականութիւնները խթան հանդիսացան, որ հայ ժողովուրդը գիտակցական յանդգնութեամբ կուրծք տայ աւելի քան 15 դարերու բազմապիսի բոլոր մարտահրաւէրներուն: Ո՛չ յազկերնտներ եւ ո՛չ ալ ուրիշ բռնատէրեր կրցան արմատախիլ ընել քրիստոնէութիւնը հայէն ու հայութենէն:

Վարդանանց ոգին դարեր շարունակ, եղաւ այն հաստատուն կռուանը, յոյսի եւ հաւատքի այն խորանը` անդուլ կամքով յառաջ տանելու համար գոյապահպանումի մեր պայքարը:

Այսօր ալ, 21-րդ դարու առաջին քառորդին, եթէ կը հաւատանք, որ տակաւին կորսնցուցած չենք մեր կրօնասիրութեան եւ ազգասիրութեան բազկերակի զարկը, պէտք է անզիջող պայքար մղենք յանուն քրիստոնէական եւ ազգային մեր բոլոր սրբութիւններուն` առանց սակարկելու մեզմէ պահանջուած զոհողութիւնները: Արդ, մեզի կը մնայ այս նոր դարուն եւ պայմաններուն համապատասխան աշխատելաձեւ գործադրել` զօրացնելու համար հայ կեանքի հաւատքի եւ հայրենասիրութեան զոյգ թեւերը:

 

 

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?