Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ` Ս. Աննա հայ եկեղեցին: Ս. Աննան պատմական եկեղեցի ըլլալով` մեր ժողովուրդին համար դարձած է ուխտատեղի:
Կաթողիկոսը մնայուն կապի մէջ է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ: Ան մօտէն հետեւեցաւ երկրաշարժին պատճառով դժուարութեան մատնուած մեր ժողովուրդի զաւակներու իրավիճակին: Մեր պատասխանատուները յատուկ հոգածութիւն ու խնամք կը ցուցաբերեն եօթը կեդրոններու մէջ ապաստանած հալէպահայ հայորդիներուն` անոնց հայթայթելով անհրաժեշտ կարիքներ: Այս առիթով համայնքի պատասխանատուները Արամ Ա. կաթողիկոսին յայտնեցին, որ յատուկ յանձնախումբի ճամբով սկիզբ առած է վնասուած տուներու արձանագրութեան աշխատանքը:






