Ընկերային ծառայողներու օրուան առիթով Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու վարչութեան նախաձեռնութեամբ ուրբաթ, 3 փետրուար 2023-ին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը եւ վաստակաշատ երեք ընկերային ծառայողներու` Անի Գալուստի, Անի Պուճիքանեանի եւ Մարօ Թոնդեանի պարգեւատրումը:
Պարգեւատրման ձեռնարկը առիթ մը հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու ընկերային ծառայութեան կենսական առաքելութիւնը լիբանանահայ համայնքի ընդհանուր երթին մէջ եւ փոխանցուած պատգամները, վկայութիւնները եւ արժեւորումները լաւագոյն կերպով բանաձեւեցին այս վեհ ու ազնիւ աշխատանքը եւ իմաստաւորեցին ձեռնարկը:
Այս առիթով արժէ քանի մը խորհրդածութիւններ կիսել միասին, որովհետեւ այս աշխատանքը ամէնօրեայ ներկայութիւն է մեր հաւաքական կեանքին մէջ, սակայն անոր մասին շատ քիչ բան կը խօսուի ու կը գրուի:
Ա.- Պարգեւատրեալ երեք նուիրեալները իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են այս առաքելութեան: Ամէն վայրկեան զգացած, ապրած, տագնապած ու ցաւած են իրենց ներկայացած կամ իրենց կողմէ հասանելի դարձած պարագաներու դժուարութիւններով եւ կարիքներով: Անոնք նոյնացած են պարագաներուն հետ, դարձած` հարազատ եւ կիսած` անոնց բոլոր ցաւերը: Հետեւաբար լոկ օժանդակութիւն, օգնութիւն, նպաստ եւ աջակցութիւն չէ իրենց կատարածը, այլ` անոնց կողքին մնալու ամուր համոզում եւ հաւատամք:
Բ.- Ընկերային ծառայութեան մարզը լիբանանահայ կեանքին մէջ ունի հարուստ կենսափորձ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն եւ անկէ ետք պատահած ապահովական, քաղաքական, տնտեսական բոլոր ցնցումային փուլերուն այս բնագաւառը դարձած է, պետական համապատասխան կառոյցներու գործունէութեան բացակայութեան, մեր համայնքային բոլոր հաստատութիւններու եւ միութիւններու առաջնահերթ աշխատանքը:
Գ.- Ընկերային ծառայութեան եւ օժանդակութեան աշխատանքը, յատկապէս` առողջապահական բնագաւառին մէջ ու կեանք մը փրկելու աստուածահաճոյ եւ համամարդկային վսեմ առաքելութեան ծիրէն ներս, ստեղծած է համագաղութային զօրակցութիւն, եւ բոլոր պարագաներու համայնքային կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւնը եղած է հետեւողական, եւ այդ ճամբով կարելի եղած է հայորդիներու ճակատագիրն ու նաեւ կեանքը անորոշութեան մէջ չձգել:
Դ.- Ընկերային ծառայութեան մէջ, անկախ օժանդակութեան ծրագիրներէն, առկայ են մարզեր, որոնք հանրութեան մէջ հարկ եղած տեսանելիութիւնը չեն ունենար: Այդ մարզերէն կարեւորագոյնը կրթական մարզին մէջ կատարուած նպաստները եւ զեղչերն են, որոնք մեր բոլոր հաստատութիւնները կը կատարեն: Այս զօրակցութիւնը կը պարտինք համայնքի միութիւններու եւ կառոյցներու ընկերային բաժանմունքներու կողմէ տրամադրուած հսկայական պիւտճէներուն: Դժբախտաբար, սակայն, ծնողները այս երեւոյթին հարկ եղած խորութեամբ չեն թափանցեր եւ զեղչի սոսկական սահմաններուն մէջ կ՛ուզեն տեսնել աշխատանքը: Այդ նպաստներու գոյացման համար հսկայական ճիգ ու ներդրում ի գործ կը դրուի:
Ե.- Մեր ապրած ներկայ ճգնաժամին մէջ ընկերային ծառայութիւնը դարձած է համայնքի գոյերթի երաշխաւորման հիմնական գործօններէն մէկը: Անցնող չորս տարիներուն, եթէ արագ ուսումնասիրութեամբ մը ի մի համախմբենք Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի, համայնքային եւ միութենական ու ինչպէս նաեւ ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութիւններու կատարած յատկացումներն ու ներդրումները, անվարան պիտի հաստատենք, որ պետութեան մը առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու ծաւալով աշխատանք է, որ կը ծաւալէ լիբանանահայ համայնքը:
Զ.- Այս բոլորին դիմաց, մեր կեանքին մէջ այլոց կողմէ այս օրերուն կատարուող եղանակային, շահադիտական ու քաղաքական նպատակներ հետապնդող այսպէս կոչուած բարեսիրութիւնները եւ բեմական յաջող ձեւով սարքուած բաշխումի արարողութիւնները, որոնց քարոզչական ծախսը շատ յաճախ կը գերազանցէ տրամադրուած նպաստին արժէքը, պարզապէս համայնքի դիմագիծը կ՛այլափոխեն եւ հայորդիներու արժանապատուութեան կը վնասեն, ինչպէս նաեւ կը փորձեն անոր ուժականութիւնը ջլատել` յագուրդ տալու համար անհատական եւ նաեւ այլ` բնականաբար ոչ համայնքային նպատակներու իրականացման: Աւելի՛ն. այդ ծրագիրները կը փորձեն կերպարանափոխել նպաստընկալին նկարագիրը` զայն դնելով դժբախտաբար մուրացկանի կարգավիճակին մէջ:
Խորհրդածութիւններու շարքը կարելի է երկարել, սակայն այս մէկը համեստ փորձ մըն է ընկերային ծառայողներու յարգանքի եւ պարգեւատրման ձեռնարկը, որուն ներկայ էին ներկայացուցչական հանգամանքով կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամներ եւ պարգեւատրեալներու հարազատներն ու գործակիցները, նաեւ դառնայ մեր հանրութեան` համայնքի ընկերային ծառայութեան առաքելութեան զօրակցողներուն եւ այդ առաքելութեան հովանին վայելող մեր համայնքի զաւակներու ուշադրութեան կեդրոնը:



