Անդրադարձ

Հայ Կրթութեան Ու Մշակոյթի Ոլորտի Երախտաւորներու Պարգեւատրում

Հայ Կրթութեան Ու Մշակոյթի Ոլորտի Երախտաւորներու Պարգեւատրում

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի տօնակատարութիւններու մեկնարկը տրուեցաւ ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, Պէյրութի մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութեամբ, որուն ընթացքին, տարիներու ընկալուած աւանդութեան համաձայն, պարգեւատրուեցան հայ կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտի երախտաւորները: Համազգայինի 95-ամեակի առիթով եւ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան` լիբանանահայ հանրային, գրական եւ լրագրական ասպարէզներուն մէջ մեծ...

Յայտարարութիւններ ( 25 Յունուար 2023)

Ստացուած Գիրքեր. Նկարիչ Ստեղծագործողներ` Նահատակուած 2020 Թ. Արցախեան Պատերազմում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի «Փիւնիկ» հիմնադրամին միջոցներով 2022-ին լոյս տեսաւ «Նկարիչ ստեղծագործողներ` նահատակուած 2020 թ. Արցախեան պատերազմում» գիրքը, բաղկացած` 184 էջերէ: Ծրագիրը նախաձեռնած եւ համակարգումը կատարած է Լուսինէ Քարամեան: Պատկերագիրքը կազմած եւ հեղինակած է Արա Հայթայեան: Արա Հայթայեան կ՛ըսէ, որ պատկերագիրքին նպատակն է ներկայացնել 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած արուեստագէտներն ու անոնց ստեղծագործութիւնները: Ներկայացուած արուեստագէտներն են` Գոռ Աւագեան, Գոռ Աւետիքեան, Գէորգ...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մենք` լիբանանահայ պատանիներս, կը դատապարտենք Ազրպէյճանի շրջափակումը մեր հայրենիքի կարեւոր հատուածին` Արցախին: 100 օրերէ ի վեր Արցախի պատանիները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ: Անոնք, բոլոր պատանիներուն նման, իրաւունք ունին հայրենիքին մէջ ապրելու խաղաղ, առողջ, ապահով եւ հանգիստ պայմաններու մէջ: Այս առիթով հաւաքաբար կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Արցախի պատանիներուն եւ կը հաստատենք, որ մեր քոյրերն ու եղբայրները մինակ չեն: Մե՛նք, մեր կարելիութիւններու...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Համազգային Հայ կրթական ու մշակութային միութեան հիմնադրութեան յոբելենական այս հանդիսութիւնը կատարեցինք հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն: Շրջափակման մէջ է հայրենի Արցախը: Տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներու տագնապը: Հայրենի բնակչութեան նկատառելի մաս մը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագիրին նկատմամբ: Քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ է սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն` լիբանանահայութիւնը: Նոյնպիսի կացութեան մէջ է մայր գաղութը` հալէպահայութիւնը, որ այժմ...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

 «Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներու մէջ, ինչպէ՞ս կրնայ  նոր սերունդը հայ ըլլալ եւ անկախութեան պայքար մղել: Մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է հոգիով հայ մնալ: Մայիս 28-ը անցեալ կը դառնայ, մինչ ան պէտք է ապագայի տենչ մը ըլլայ: Ո՞վ պիտի կատարէ այս դերը: Հայրենիք չկայ…: Երկու միջոց կայ` դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքները Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Իսրայէլը եւ Ազրպէյճանը  2011-ին բարձրացուցին իրենց առեւտուրը 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ հսկայական գործարքով, որ կը ներառէր «Պարաք» հրթիռներու մարտկոց` օդանաւեր եւ հրթիռներ որսալու համար, ինչպէս նաեւ «Searcher» եւ «Heron» անօդաչու թռչող սարքեր` IAI-էն: Ըսուեցաւ, որ 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի վերջին օրերուն  «Պարաք» մարտկոցը խոցած է Հայաստանի կողմէ արձակուած «Իսկենտեր» հրթիռը»: *Ինչպէս իրենք ալ վստահ չեն, այս լուրը...

Սթափելու Ժամանակը

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ասուլիսները հարուստ են անակնկալներով: Իր իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարութեան սկիզբին, ան առանձին գրառումներով կը հաղորդակցէր հանրութեան հետ: Հետագային փոքր բարելաւում մը տեղի ունեցաւ. լրագրողներու կանխաւ փոխանցած հարցումները կը խմբագրուէին իր կողմէ ընտրուած լրագրողի մը կողմէ եւ կ՛արժանանային պատասխանի: Վերջին երկու ասուլիսները տեղի կ՛ունենան ուղղակի հարց-պատասխանի ձեւով, սակայն ասուլիսին մասնակցելու հրաւէր կը ստանան ցանկալի լրատուամիջոցները...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս լուրը եւ յօդուածը ի մասնաւորի ուղղուած է Հայաստանի այժմու անարժան իշխանութեան եւ անոնց հետեւորդներուն, որոնք Իսրայէլի հետ, որ կը զինէ թշնամի Ազրպէյճանը, միակողմանի «սիրաբանութիւն կը խաղան» եւ 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը օր առաջ յիմարօրէն դեսպանատուն բացին այնտեղ, ապա 10 օր ետք, խայտառակուած` ետ գոցեցին, երբ իսրայէլեան զէնքերը եւ շատ հաւանաբար մասնագէտները հայութեան դէմ ջարդեր սարքեցին, մինչ Իսրայէլ...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան հետ իմ կապս եղած է Պուրճ Համուտի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղի ճամբով, որուն անդամագրուեցայ 1969-ին: Մասնաճիւղը կը գործէր յանձնախումբերով` գրական, դաստիարակչական, թատերական, ընկերային, կազմակերպական: «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղը շատ բեղուն եւ լայն գործունէութիւն ունեցած է: Ան յաջողած է, այլ բաներու կարգին, որոշ չափով մշակութայնացնել Պուրճ Համուտը` կրթական այլ հաստատութիւններու եւ միութիւններու կողքին: Անվարան կրնամ հաստատել,...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

ԹԱՄԱՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Ի՞նչ է յոբելեանը: Բառարանային իմաստով ան կեանքի մը կարեւոր հանգրուանի յիշատակութիւնն է: Յոբելեաններ կը նշուին զանազան նախաձեռնութիւններով` ժողովրդային ձեռնարկ, մեծարանքներ, լսարան, համերգ, հրատարակութիւն, եւ այլն... Անցնինք բառարանային իմաստէն խորքայինին. յոբելեանները ամէն բանէ առաջ պարտաւորեցնող են: Առ այդ, շնորհաւորելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեայ գործունէութիւնը հայապահպանման բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ` սոյն գրութեամբ պիտի անդրադառնամ այս ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն...

Մեր Պայքարը Նաեւ Իշխանութիւններու Նոր Ազատական Քաղաքականութիւններուն Դէմ Է

Մեր Պայքարը Նաեւ Իշխանութիւններու Նոր Ազատական Քաղաքականութիւններուն Դէմ Է

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ 2018 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային շարժումի զանգուածային ցոյցերը` այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» անունին ներքեւ, հայրենաբնակ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը համակուած էր արդար եւ անկեղծ յոյսով մը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը խորացնելու, նախկին փտածութեան համակարգը արմատական բարեկարգումի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու առումներով: Դժբախտաբար, սակայն, ընկերային արդարութեան հաստատման վերաբերող...

Գարեգին Առաջինի Հայրենաշինութեան Ուղին

Գարեգին Առաջինի Հայրենաշինութեան Ուղին

ԱՇՈՏ ՎԱՒԵԱՆ «Հայրենասիրութիւնը արժէք չունի, եթէ հայրենաշինութեան չվերածուի», ասում էր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, եւ նրա ամբողջ կեանքը` սփիւռքում թէ հայրենիքում, լաւագոյն օրինակն էր հայակերտման ու հայրենաշինութեան: Նա Հայաստանում չէր ծնուել, սակայն, ինչպէս ինքն էր ասում, «Հայաստանն էր ծնուել իր մէջ» եւ իբրեւ քեսապցի` իր երակներում էր կրում Բագրատունեաց թագաւորութեան հայերի ժառանգների արիւնը: Նա, որ ճշմարիտ քրիստոնեայ էր ու...

Հանրապետութեան Եւ Սփիւռքի Ղեկավարութիւններ Ի՞նչ Ըրած  Են Եւ Կ՛ընեն «Մնացորդաց»-ին Համար

Հանրապետութեան Եւ Սփիւռքի Ղեկավարութիւններ Ի՞նչ Ըրած Են Եւ Կ՛ընեն «Մնացորդաց»-ին Համար

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հարցում. ի՞նչ գիտենք դեռ բռնագրաւուած Հայաստան ապրող ՀԱՅ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑի մասին: Կ՛ըսենք` «թաքնուած հայեր», այնպէս որ,  կարծէք անոնք տարաշխարհիկ արարածներ ըլլային, նկատի չեն առնուիր «մենք»-ի ու «մերոնք»-ի  մէջ: Այդ «Մնացորդաց»-ը ինքզինք յիշեցուց Թուրքիան հարուածած երկրաշարժի օրերուն: Տիգրանակերտի, Մալաթիոյ, Իսկէնտէրուն-Ալեքսանտրէթի մէջ հայեր ալ զոհ գացին: Անոնք գիտցուածներն են: Եթէ զոհեր կան, ուրեմն կան այդ տարածքներուն մէջ ապրող ուրիշներ ալ կան:...

Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Դատաւորի Կիրակի Եւ Տօն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Որք Ի Սեբաստիա Կատարեցան

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Դատաւորի Կիրակի Եւ Տօն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Որք Ի Սեբաստիա Կատարեցան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծ Պահքի հինգերորդ կիրակին կը կոչուի Դատաւորի: Օրուան խորհուրդը կը բացատրէ այրի կնոջ եւ դատաւորին մասին առակը: Ղուկաս Աւետարանիչ առակին սկիզբը կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ նպատակով պատմուած է անիկա` նշելով, որ միշտ պէտք է աղօթել առանց վհատելու: Քաղաքին մէջ կար անիրաւ դատաւոր մը, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՛ամչնար: Ան իր անխիղճ վարքով ոտնակոխ ըրած...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Կը նշենք Համազգայինի 95-ամեակը` նոր դժուարութիւններով եւ նոր մարտահրաւէրներով ողողուած մեր առօրեայով մտահոգ, բայց միաժամանակ` նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայ լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ հայկական աւանդութիւնները փոխանցելու եւ անոնց մէջ այս բոլորին նկատմամբ կապուածութիւն եւ սէր փոխանցելու մնայուն ճիգերու գոհունակութեամբ: Հակառակ այլազան դժուարութիւններուն` կը տեսնենք Համազգայինի դպրոցներու զարգացման աշխատանքներ, Համազգայինի նոր գրասենեակներու եւ մասնաճիւղերու հիմնադրութիւն, մանկապատանեկան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ,...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -3-

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -3-

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Պատանեկան միութիւններու ստեղծումը ընդհանրապէս Մերձաւոր արեւելեան երեւոյթ է: Պատմութեան մէջ 1918-ին եւ անկէ ետք «խօսք կայ» աշակերտական միութեան մը մասին, որուն անդամները նոյնիսկ ջոկատով մը Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւն բերած են: Այդ մէկը խորքին մէջ զուտ աշակերտական չէր, այլ` ուսանողական: Մերձաւոր Արեւելքին մէջ հայութեան հաստատուելէն ետք առաջին ալիքը 1920-ական թուականներուն եւ երկրորդ հիմնական ալիքը աւելի ուշ?` 1938-1939 թուականներուն, առիթ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Սուրիան Ցնցած Երկրաշարժէն Մէկ Ամիս Անց

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիան Ցնցած Երկրաշարժէն Մէկ Ամիս Անց

Արդէն ամիս մը անցած է 6 փետրուարին Սուրիոյ Հալէպ, Լաթաքիա, Իտլիպ եւ Համա քաղաքները ցնցած ահաւոր երկրաշարժէն: Երկրաշարժէն օրեր անց այս նահանգներու վնասուած քաղաքները յայտարարուեցան աղէտեալ քաղաքներ: Պետական պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, զոհերուն թիւը հասաւ 1414-ի, վիրաւորներունը` աւելի քան 5000-ի:Եթէ նկատի ունենանք նաեւ Սուրիոյ պետութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջանները, զոհերուն թիւը կ՛անցնի 5000-ը: Պետական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժէն վնասուած ընտանիքներուն թիւը հասաւ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան ծնած է 1895-ին, Այնթապ: Մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք: Ղրկուած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որուն նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիներուն, իր ըմբոստ խառնուածքին եւ դասընկերները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելուն համար,վտարուած է վանքէն: 1912-ին վերադարձած է Այնթապ ու յաճախած է Ամերիկեան քոլեճ: Այդ շրջանին կը դառնայ Զարեւանդի գաղափարական գործունէութեան...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Համազգայինը` սփիւռքահայերուս հոգեւոր Հայաստանը, 95 տարեկան է: Գրեթէ մէկ դար աշխատանք թափուած է քանի մը սերունդի կողմէ` ՀԱՅԸ ՀԱՅ ՊԱՀԵԼՈՒ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ հայրենի հողէն պարտադրաբար հեռացուած գաղթական հայութեան համար: Հիմնադիրները` հայոց պետականութիւնը 1918-ին վերականգնած ղեկավարներէն խումբ մը, զգալով, որ օտար հողի վրայ դժուար է պահել հայու ինքնութիւնը, հիմը դրին միութեան մը, որ առժամաբար պիտի փոխարինէր...

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Երգչախումբեր Եւ Պարախումբեր

Համազգայինի 95-Ամեակ. Երգչախումբեր Եւ Պարախումբեր

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, ինչպէս նախորդ գրութիւններով լուսարձակի տակ բերինք Համազգային գործունէութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները, միութեան աշխատանքային ծիրին ընդհանուր բնութագրումը եւ ամբողջական պատկերը կը կազմուի` յատուկ անդրադարձ կատարելով Համազգայինի պարի եւ երգչախումբի միաւորներու գործունէութեանց: Սփիւռքահայ մշակութային կեանքին կարեւոր երակներէն եղած են պարախումբերն ու երգչախումբերը: Իւրաքանչիւր գաղութ իր չափով եւ կարողութիւններով յառաջացուցած է պարախումբեր ու երգչախումբեր, որոնք տարիներ շարունակ սերունդներ պատրաստած...

Page 211 of 807 1 … 210 211 212 … 807

Արխիւներ