Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւէնին

Յունիս 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ

Զաւէն…

Շաբաթ մը անցաւ, եւ օրէ-օր ամէն բան կը դժուարանայ բոլորիս համար:

Զաւէն, օր մը թոռնիկներուս կը պատմեմ քու մասիդ: Կը խօսիմ իր շուրջը ուրախութիւն սփռող ընկերոջ մը մասին: Ան, որ բնաւ չէ վիրաւորած, որ սիրուած է բոլորէն: Կը պատմեմ, թէ որքա՛ն հաճելի էր քեզի հետ ժամանակ անցընելը, թէ որքա՛ն բարեսէր ու համբերատար էիր:

Կը յիշենք ինչպէս չէիր վարաներ Պշարայէն ծոթրինով հաց ու պանիրով պէօրեկ առած մեր տունը գալու, որպէսզի անհաճոյ փէյփըր մը աւելի խանդավառութեամբ գրեմ, կը յիշենք Սոնիայենց տունի չեփած փասթան, Գարմէնենց Kettle Cooked չիփսերը, Սերժենց թէյքաութներն ու քեպապները, Լարային, Ալիքին ու Բարտիին հետ ընթրիքները, մեր տան գինիի երեկոները եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչ անհատնում յիշատակներ… ուր որ ըլլայիր, այնտեղ ուրախութիւն կը սփռէիր…

Կը յիշեմ ինչպէս չէիր խմեր, երբ պիտի քշէիր, երբեմն մեզի նաեւ տուն հասցնելով, այդ ինքնաշարժով, որ քեզ սպաննեց:

Մօտ տարի մը առաջ, երբ Կաղանդի խրախճանքէ մը ելանք, նշմարեցինք տղայ մը, որ կոտրած էր ինքնաշարժիդ ապակիները եւ կտրտած թելերը… պահ մը ուշացում` եւ արդէն գողցած պիտի ըլլար ինքնաշարժդ… Թերեւս պէտք էր ձգէինք, որ ինքնաշարժդ գողնար, քան ինքնաշարժդ քեզ գողնար քու հարազատներուդ շրջանակէն…

Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս երեքով փորձեցինք բռնել տանիք փախած շունս, որ ջուրերուն մէջ կը ցատկռտէր: Անվարան օգնեցիր ու բռնեցիր, հակառակ անոր որ շուն չէիր սիրեր…

Իսկ հեռաձայնիս վրայի` անհրաժեշտութեան պարագային հեռաձայնուելիք 6 անձերէն մէկը դուն էիր, քանի որ վստահ էի, որ վայրկեան մը իսկ պիտի չտատամսէիր օգնութեան հասնելու…

Վերջին անգամ հանդիպեցանք «Պասթըրմա Մանօ»-ին քով, ծիծաղելի պիտի գտնէիր այս մէկը: Առիթէն օգտուեցանք ու բաւական զրուցեցինք քու մասթըրզի ապագայ հաւանական ծրագիրներուդ մասին…

Կը յիշենք մեր խմբային պտոյտները Սեւանայ լիճի ափին, Լիբանանի լեռներուն վրայ: Կը յիշենք քու խանդավառութիւնդ Երեւան Փարքի ռոլըրքոսթըրներուն վրայ, կը յիշենք քեզ «ՄաքՏոնալտզ»-ի անհամար այցելութիւններու ժամանակ… չեմ կարծեր, որ ալ նակեթսը  նոյն համը պիտի ունենայ այսուհետեւ կը յիշեմ «Եուրովիժըն»-ի քու սիրած ահաւոր երգդ, ու յիշատակները լեռնարշաւի, վազքի, բանակելու թէ հեծիկ քշելու ընթացքին… շատ բան կայ պատմելիք զաւակներուս ու թոռներուս` հարազատ ու անկեղծ ընկերոջ մը մասին:

Բայց յատկապէս, կը յիշենք քեզ եւ… ինքնաշարժդ… դաս սորվելու պտոյտներու ընթացքին, շաբթուան մէջ թէ շաբաթավերջին, կը յիշենք արծաթագոյն «Քիա»-դ, AUX chord-ով եւ iPhone dongle-ը միշտ պատրաստ…  dongle-ը մեզի համար էր. դուն օրին iPhone չէիր գործածեր…

Ու կը յիշեմ քեզ, մանկապարտէզի օրերէն, մօրուքիս տակ մնացած ճանկի հետքովդ …

Երկու շաբաթէն տարեդարձդ է, Զաւէն… ըսէ, ի՞նչ ընենք…

Թոռներուս քու մասիդ կը պատմեմ` յուսալով, որ նոյնքան բարեսիրտ մարդիկ կը դառնան:

Կը սիրենք քեզի, եղբա՛յր: Միայն գիտնաս, թէ որքա՛ն մեծ ճեղք ձգեցիր մեր բոլորին սրտին մէջ: Կ՛ուզեմ քեզ մի՛շտ յիշել այս լաւ յիշատակներուն ընդմէջէն, ուրախ, ժպտուն ու կեանքով լեցուն, բայց առ այժմ ոչինչ ուրախալի կը թուի…

 

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գասպար Կարոյեան

Յաջորդը

Հրեշտակները Կը Մեռնի՞ն…

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?