Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսկական Օրակարգն ու Մեր Ընտրանքը

Յունիս 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Խաղաղութիւնն ու Արդարութիւնը նոյն մետաղադրամին երկու երեսներն են», կ’ըսէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տուայթ Տ․ Այզընհաուըր։ Զանոնք կարելի չէ իրարմէ անջատել։

Չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան, ատիկա խաբէութիւն կամ ինքնախաբէութիւն է միայն։ Ատիկա առերեւոյթ խաղաղութիւն է, իսկ իսկութեան մէջ՝ զինադադար միայն, եւ ոչ թէ՝ լիարժէք ու իսկական խաղաղութիւն։

Արդարութիւնը խաղաղութեան հոգին է, անոր «արարիչ»-ը, որուն շունջը կեանք ու մարմին կու տայ խաղաղութեան, իսկ անարդարութիւնը փտախտի եւ քաղցկեղի նման կը կրծէ ու կը մաշեցնէ զայն, ի վերջոյ հասցնելով անխուսափելի մահուան։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Օգոստոս 2021-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ իր կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանայ։ Ան այդ նոյն գաղափարը կրկնեց 2 Մարտ 2023-ին, երբ Պերլինի մէջ Արտաքին քաղաքականութեան գերմանական խորհուրդի մէջ «Անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ․ Հայաստանի հեռանկարը» թեմայով քննարկման ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը քաղաքական կամք դրսեւորած է եւ վճռական քայլեր կը ձեռնարկէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նոր դարաշրջան բանալու ուղղութեամբ։

Անոր խօսքերը կարելի չէ հաւաստի նկատել, այն պարզ պատճառով, որ ան այդ մէկը կատարելու դիրքի վրայ չէ։ Ներկայ առարկայական պայմաններուն մէջ անոր կատարածը մեծխօսիկութիւն է կամ լաւագոյն պարագային ոչ իրապաշտ ցանկութեան արտայայտութիւն։

Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Մայիս 28-ին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլի նախօրեակին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով քուարկողներուն կոչ ուղղեց «միասին բանանք Թուրքիոյ նոր դարաշրջանի դուռը» եւ յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիները կը միաւորուին «Թուրքիոյ դարաշրջան»-ի տեսլականին շուրջ։ Թուրք քուէարկողները ընդառաջեցին անոր կոչին։

Ան նախագահ վերընտրուելէն անմիջապէս ետք, Մայիս 31-ին, Անգարայի մէջ Թուրքիոյ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան եւ սակարաններու պալատներու ընկերակցութեան նիստի ընթացքին խօսք արտասանելով բացաւ «Թուրքիոյ դարաշրջան»-ի փակագիծերը եւ զայն մանրամասնելով յայտարարեց․ «Մեր նպատակն է «անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գօտի» ձեւաւորել Եւրոպայէն մինչեւ Սեւ ծով, Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք»։

Այստեղ կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը․ արդեօք «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի եւ «թրքական դարաշրջան»-ի օրակարգերը իրարու համահո՞ւնչ են։ Տեսական գետնի վրայ այո, համահունչ են, որովհետեւ իրականութեան մէջ խօսքը թրքական խաղաղութեան՝ փաքս թուրքա-ի մասին է, այն խաղաղութեան, որ յար եւ նման է վաղեմի փաքս օթոմանա-ին, ուստի եւ համահունչ նոր օսմանական ու թուրք ազգայնամոլական համաթուրանական տեսլականին։ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներն ու մասնաւորաբար մենք քաջ գիտենք այդպիսի դարաշրջանի մը իմաստն ու անկէ բխելիք «բարիքները»։ Ի վերջոյ, զայն ապրած ու լաւապէս «վայելած» ենք…։

Յաղթական կողմն է, որ օրակարգը կը ճշդէ։ Դժբախտաբար, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, անիկա (առայժմ) թրքական կողմն է։ Ուստի եւ իսկական օրակարգը «թրքական դարաշրջան»-ն է։ «Խաղաղութեան դարաշրջան» հաստատելու խոստումը փուճ կամ սուտ է, լաւագոյն պարագային ինքնախաբէութիւն մը՝ բացի եթէ «գերեզմանային խաղաղութեան» կամ «թրքական խաղաղութեան» մասին է խօսքը։

Փաքս թուրքա-ի կացութեան մէջ Անգարան կը գտնուի թելադրողի դիրքի վրայ. ատոր նախաճաշակը արդէն ապրեցանք, երբ Թուրքիան իր օդային տարածքը փակեց դէպի երրորդ երկիր թռիչք կատարող հայկական օդանաւերուն դիմաց՝ Երեւանի մէջ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանի կանգնման պատճառով։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու լկտիաբար յայտարարեց, որ Թուրքիան Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է կազմաքանդելու այդ յուշարձանը, իսկ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա թրքական կողմը Հայաստանի դէմ նոր քայլերու պիտի ձեռնարկէ։

Փաքս թուրքա-ի երկրորդ օրինակը Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Էրտողանի երդման արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յատկացուած աթոռն էր։ Խնդրայարոյցը Փաշինեանի աթոռին երկրորդ շարքի վրայ ըլլալը չէր, այլ ճիշդ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ետին ըլլալը։ Ատիկա արարողակարգային սխալ մը կամ անփափկանկատութիւն չէր, այլ հիւրի մը վարկաբեկման նպատակով կատարուած դիտաւորեալ քայլ մը։

«Եթէ խաղաղութիւն կ’ուզես, արդարութեան համար աշխատիր», կ’ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապը։ Ուինսթըն Չըրչիլ իր կարգին կը նշէ.«Ազգեր, որոնք կռուելով կ’իյնան, դարձեալ ոտքի կը կանգնին, սակայն անոնք, որոնք հնազանդօրէն անձնատուր կ’ըլլան վերջ կը գտնեն»։ Ի վերջոյ, անձնատուութիւնը երբեք խաղաղութեան չէ առաջնորդած, այլ բարոյահոգեբանական անկման, նուաստացումի եւ մահուան։

Այժմ մեր դիմաց ունինք երկու ընտրանք՝ «թրքական դարաշրջան»-ի վարկաբեկիչ ու ծանր կանոններուն ենթարկուիլը, անձնատուր ըլլալով նուաստացումը ընդունիլը, կամ ալ չընկրկիլն ու քաջաբար արդարութեան համար պայքարիլը։ Եթէ խաղաղութիւն կ’ուզենք, ուրեմն ականջ տանք Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի խրատին ու արդարութեան համար աշխատինք` չմոռնալով նաեւ լատինական ասացուածքը.«Եթէ խաղաղութիւն կ’ուզես, պատերազմի պատրաստուիր»։

«Հայրենիք»

 

Նախորդը

Հանդիպում Զաւէն Խանճեանի Հետ

Յաջորդը

Լեհաստանի Մէջ. Արուեստի Գործ Մը, Որ Ունի Օդը Մաքրելու 780 Ծառերու Ուժը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?