ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
1970 թուականի աշնան, աւարտելով Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի նախակրթարանի ուսման շրջանը, մեկնեցայ Պէյրութ ուսումս շարունակելու Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ` իբրեւ միջնակարգի գիշերօթիկ ուսանող:
Պատանեկան տարիքը հազիւ թեւակոխած` ինծի համար այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլար անշուշտ կանաչապատ գիւղէս` Քեսապէն մեկնիլ լուսաշող Պէյրութ, ընտելանալ նոր միջավայրիս, հեռու` ծնողքէս, ընկերներէս, գիւղէս, երկրէս… եւ այլն:
Նոր քաղաք, նոր միջավայր, նոր ընկերներ… ամէն ինչ նոր էր ու անծանօթ:
Հազիւ ընտելացած նոր միջավայրիս ու անոր մթնոլորտին, անսալով մօրեղբօրս` Նշան Պասմաճեանին թելադրանքին (ան «ծնողքս» էր, ընկերս էր ու ամէն ինչս…), անդամագրուեցայ ՀՅԴ-ի Լիբանանի «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան:
Ընտանեկան կեանքը մեր, Քեսապի մէջ, յագեցած էր ազգային ու գաղափարական մթնոլորտով, նոյնիսկ` շիկացած:
Մեծ հայրերս ուսուցիչներ էին ու անոնք մազապուրծ ազատած էին Հայոց ցեղասպանութենէն, ապա համտեսած էին բանտի կեանքը` որպէս դաշնակցականներ (1961, Սուրիա): Ծնողքս նոյնպէս մխրճուած էին ազգային-գաղափարական կեանքին մէջ, ու մեր տան կեանքը եղած էր անանձնական` ազգային ինքնագիտակցական մղումներով…
Ուրեմն մօրեղբայրս զիս տարաւ մեր ժողովատեղին` Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ` Զոքաք էլ Պլաթ թաղամասը, Հանրի Ֆարաոնի ապարանքին մօտակայ Ժողովրդային տունը:
Հնամաշ ու փլփլած կառոյց մըն էր շէնքին վերնամասին վրայ փռուած մեր ակումբը` մեծ սրահով, 5-6 սենեակներէ բաղկացած:
Սենեակները զբաղեցուցած էին` ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, ԼՕԽ-ը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի գործավարութեան գրասենեակը, ուր միշտ կը տեսնէինք ընկ. Ճոնի Արեւեանը (որ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ էր, անշուշտ բաւական ուշ իմացայ, երբ անդամագրուեցայ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն), ճակատի սենեակը ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական ու աշակերտական միութեանց կը պատկանէր: Ակումբին «շքեղութիւնը» նկարագրելը թերի պիտի ըլլայ, եթէ չնշեմ, որ սրահին ծայրամասին վրայ գտնուած սենեակը խոհանոցն էր իր սրճեփով` ընկ. Յովսէփը (հեռաւոր հօրեղբայրս), ուրկէ միշտ կը բուրէր արդար սուրճի հոտը…
Իսկ մեր սենեակը սրահին մուտքին դիմացի սենեակն էր, որ բաւական փոքրիկ էր, մութ ու խաւար:
Այդ սենեակը բաւական ժամանակ ծառայած էր մեծանուն հայդուկ Վարդան Շահպազին` իբրեւ օթեւան-կացարան:
Երբ իմացանք այդ իրողութիւնը, սենեակը ուխտատեղի իմաստ ստացաւ մեզի համար: Իմացած էինք, որ իր կեանքը նուիրած ՀՅԴ-ին ու ազգին, այդ հայդուկ-ֆետային, իր ծերութեան բեռ չդառնալու համար կուսակցութեան, ակումբին հանդիպակաց կողմը, սալայատակին վրայ ծամոն ու լուցկի ծախած է` իր կեանքի ապրուստը ապահովելու համար:
Նշեմ նաեւ, որ Վարդան Շահպազը կարճ ժամանակ մը բնակած է Քեսապ` իբրեւ օթեւան ունենալով Քեսապի Ժողովրդային տան գրադարանը. Քեսապի մէջ զբաղած է ատաղձագործութեամբ եւ իր բարեհամբոյր նկարագիրին ու բնաւորութեան համար ան քեսապցիէն վաստկած է «Հայրիկ» մակդիրը: (Քեսապը ունէր նաեւ իր քեռին` «Տային», յանձինս Քեսապի հայդուկապետ Օվսիա Սաղտճեանին):
Որքան դաստիարակիչ օրինակ էր Վարդան Շահպազը, եւ մենք զմեզ երջանիկ ու բախտաւոր կը զգայինք, որ իր սենեակին մէջ կը գումարէինք մեր ժողովները:
Մեր վարիչները երեք Յակոբներ էին. զուգադիպութի՞ւն. վարիչը` ընկ. Յակոբ Ենիգոմշեանն էր, թոռը` Յակոբ Տէր Մելքոնեանին ու մօրեղբօրս դասընկերը: Դաշնակցական ընտանիքի մը անդրանիկ որդին էր. ան այժմ կը բնակի Ֆրանսա, իսկ ես այս աշնան անոր հանդիպելու ուրախ առիթը ունեցայ:
Մեր երկու փոխվարիչներն էին Յակոբ Խաչերեանն ու Յակոբ Բագրատունին:
Ընկեր Բագրատունիին կը պարտիմ իմացութիւնս քանի մը յեղափոխական եզակի երգերու:
Առանց թուելու անոնց զբաղեցուցած պարտաւորութիւնները, այժմ թէ անցեալին, միայն կ՛ուզեմ ընդգծել, որ անոնք կը շարունակեն դաշնակցական գործին պատնէշին վրայ կանգնած մնալ:
Անոնց շուքին տակ այդ խորհրդաւոր սենեակին մէջ ստացած եմ կրտսեր դաշնակցականի նախնական դաստիարակութիւնս, որ հանդիսացաւ հիմնաքարը յառաջիկային նկարագրիս կազմաւորման երթին:
1973-ին էր, որքան կը յիշեմ, եւ մեր վարիչները մեզի իմացուցին, որ վերակազմակերպուած էին Դաշնակցութեան պատանեկան եւ երիտասարդական շարքերու կառոյցները:
Վերցուած էր Զաւարեան աշակերտական միութիւնը, ինչպէս նաեւ` Պատանեկան միութեան կրտսերներու եւ երէցներու դրութիւնը, եւ կազմուած էին Լիբանանի պատանեկան ու երիտասարդական միութիւններն ու մասնաճիւղերը:
Մեր` «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան (անունը պահուած էր նոյնը) նոր վարիչներն էին Հուրիկ Գարաճեանն ու Րաֆֆի Տատոյեանը:
Անոնք նոր հիմունքներով ու մեթոտներով, վերանորոգ ոճով պիտի շարունակէին դաստիարակչական գործը:
Շատ լաւ կը յիշեմ, որ ժողովի մը ընթացքին մեր վարիչ ընկերուհին մեզի «ծանօթացուց» հայկական իսկական դասական երգ-երաժշտութիւնը. Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ն էր:
Պատանեկան միութեան անդամակցութեան չորս տարիներու ամենայատկանշական եւ ուրախանալի պահը մեր խոստման-երդման արարողութիւնն էր. անջնջելի ու երջանիկ պահ մըն էր, երբ Լիբանանի ՀՅԴ Պատենական միութեանց հարիւրաւոր պատանիներ, քով-քովի եկած, մեր ձեռքերը վեր բռնած` տուինք մեր պատանիի խոստումը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, կնքահայր ունենալով հայդուկապետ-գրագէտ «Թոփալ Սատանան»` Կարօ Սասունին:
Այդ չորս տարուան մեր ամենատխուր պահը եղաւ, երբ իմացանք, որ մեր վարիչը` Րաֆֆի Տատոյեանը, զոհ գացած էր ինքնաշարժի մը արկածին: Անոր մշտական կենսուրախ ժպիտը անջինջ է յիշողութեանս մէջ, ինչպէս նաեւ անոր յաճախական աշխատանքը` Լիբանանի ռատիոկայանի հայկական ժամի գրասենեակին մէջ, հանգուցեալ օրդ. Մանուշակ Պոյաճեանին հետ, գիշերօթիկի մեր ննջարանին կից գրասենեակին մէջ:
Մէկ տարի ետք, երբ բոլորեցինք 16 տարիքը, փոխանցուեցանք ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղի շարքերը` մնաս բարով ըսելով մեր` «Բ. Սիւնի» պատանեկան միութեան ընկեր-ընկերուհիներուն, մեր վարիչուհիին, նաեւ` մեր պատմական ակումբին:
Մեր նոր ժողովատեղին էր Արա «Երեւանեան» նորակառոյց ակումբը, ուր նաեւ փոխադրուած էին անշուշտ Դաշնակցութեան բոլոր կառոյցներուն գրասենեակները… Նոյնիսկ սրճեփ ընկ. Յովսէփը հոն փոխադրուեցաւ:
Հազիւ հոն կայք ու կեանք հաստատած, ափսո՜ս, սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ու նուաստս, մասնակցելէ ետք պրէօվէի ֆրանսական եւ լիբանանեան զոյգ քննութեանց, հարկադրուած լքեցի Պէյրութը, Ճեմարանը, ակումբները, ընկերներս ու ամէն ինչ…
1975-ի աշնան մեկնեցայ Քեսապէն Հալէպ հայաշատ քաղաքը` երկրորդական ուսումս շարունակելու համար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ:
Հալէպի Ճեմարանը չունէր գիշերօթիկ, ուստի քեսապցի վեց ընկերներով կայք հաստատեցինք Ազգային պատսպարանին մէջ (որբանոց), որ կը գտնուէր Թիլել թաղամասին մէջ:
Որքան որ ուսման տենչը զմեզ մղած էր Հալէպ, նոյնքան ալ գաղափարական հուրը մեզ մղած էր այնտեղ` մաս կազմելու Դաշնակցութեան պատկան միութեանց:
Ահա՛, Հալէպի Դաշնակցութեան ակումբը, Ազգ. պատսպարանէն ոչ շատ հեռու, նոյն թաղամասին վրայ. պատմական ու հնամենի քարաշէն կառոյց մը, ուր մուտք կը գործէինք երկաթեայ դարպասէն դէպի ընդարձակ բակ մը. ճիշդ ճակատին վրայ` 3-4 աստիճան բարձրութեան վրայ, սրահ մը, ուր կը գտնէինք պատին կեդրոնը բազմած, Սուրիոյ իրերայաջորդ նախագահներուն նկարները, մեծածաւալ, սեւ ու ճերմակ. անոնց աջին ու ձախին` Դաշնակցութեան գործիչներուն ու մարտիկներուն նկարները, որոնց մէջ ակնբախ կը դառնար «Նեմեսիս» շարժումի գլխաւոր դերակատարներէն, Սուրիոյ խորհրդարանի իրերայաջորդ նստաշրջաններուն երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի մեծադիր նկարը:
Ակումբը ունէր նաեւ աւելի փոքր սրահ մը եւ 8 աւելի փոքր սենեակներ: Անոնցմէ մէկը զբաղեցուցած էր «Քրիստափոր» գրադարանը, ուր շուտով օգնական գրադարանապահ նշանակուեցայ օգնելու համար հանգուցեալ Արշակ Տանակէօզեանին:
Այդ սենեակները տրամադրուած էին «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան, թիւով երկու հատ, որոնցմէ մէկուն ծածքը թիթեղեայ էր: Մնացեալ սենեակները կը զբաղեցնէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:
Մեր վարիչները երկուք էին. հաստաբուն ու հնամենի կաղնիներ` ընկերներ Արթուն Պարսումեանն ու Անդրանիկ Մինասեանը:
Յառաջիկային ունեցանք եւս երեք օգնական վարիչներ, որոնցմէ Հրայր Յովակիմեանը, այսօր` հանրաճանաչ բժիշկ, մանուկներու սրտաբան-վիրաբուժ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ կը գործէ Նորք-Մարաշ հիւանդանոցին մէջ:
Մեր ժողովատեղիներուն սառն պատերուն ջերմութիւն կու տային արուեստագէտ Վահէ Աշոտեանի սեւ մատիտով գծած դաշնակցական գործիչներուն եւ հայդուկներուն պատկերներն ու ստեղծագործութիւնները:
Քանի մը տարիներ ետք վերակազմակերպումի հովերը անցան Սուրիոյ եւ Հալէպի վրայէն, ու մենք ունեցանք Սուրիոյ երիտասարդական միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղը եւ Պատանեկան միութեան երեք մասնաճիւղեր` համապատասխան կանոնագրային դասաւորումներով:
Տողերուս հեղինակին ալ վիճակուեցաւ իր ներդրումը ունենալ այդ վերադասաւորման գործընթացին մէջ:
* * *
Ակներեւ է այսօր, որպէս «Սփիւռքի տարի Բ. 2023»-ի հանգրուանին, վերաշխուժացումի գործընթաց մը սկսած է, մանաւանդ որ Լիբանանի պատանեկան միութիւնը (իր մասնաճիւղերով) կը տօնէ իր կազմակերպման 100-ամեակը: Վերաշխուժացումի մէջ է նաեւ Սուրիոյ պատանեկան միութիւնը:
Անոնց աշխուժացման աստիճանը վերելք կ՛արձանագրէ, յատկապէս նոր ու ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը կանգնի ողջ հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով, եռամիասնութեան բաժիններով (Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք):
Անցնող տարուան աշնան Լիբանանի պատանեկան միութեանց հարիւրաւոր անդամներու խոստումի արարողութեան հանդիսութիւնը զիս տարաւ ետ, մինչեւ անցնող դարուն եօթանասունական թուականները, երբ մենք` օրուան պատանիներս, կատարեցինք մեր խոստումը (տես վերի տողերուն մէջ):
Խիստ հպարտանալի քայլ էր անոնց այցելութիւնը Անթիլիասի մայրավանք ու հանդիպումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր` առնելով անոր օրհնութիւնն ու պատգամը:
Առանձին կարեւոր քայլ էր ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու խորհրդաժողովը: Նոյնքան կարեւոր էր Սուրիոյ թէ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ինչպէս նաեւ` Հայաստանի) մասնակցութիւնն ու ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններուն:
Յատուկ նշանակութիւն ունին ՀՅԴ պատանեկան միութեանց նախաձեռնած` 160 օրերէ ի վեր պաշարուած Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն զօրակցական հաւաքներն ու ձեռնարկները:
Փաստօրէն հայութեան անցեալի թէ մերօրեայ տագնապներն ու իրագործումները մնացած են մեր պատանեկան միութիւններուն կիզակէտին մէջ: Պատանիներուն գործունէութեան առանցքն են անոնք եւ միշտ պիտի մնան:
* * *
Կը փափաքիմ, որ վերի տողերուն մէջ ամփոփուած յուշերու պատումս ակնարկ մը ըլլայ մերօրեայ պատանեկան միութիւններուն համար, այն երկար ճանապարհին մէկ մասին, ուրկէ քալեց մեր սերունդը հայութեան հրակէզ ջահը առնելով մեր երէցներէն ու փոխանցելով նոր սերունդներուն, մերօրեայ ՀՅԴ պատանեկան միութեանց շարքերուն, որոնք յանձնառու են իրենց կատարած խոստումներով տէրը կանգնիլ իրենց յանձնառութիւններուն` անշէջ պահելու մեր ջահերուն հուրը:
ՀՅԴ պատանեկան միութեանց ընդմէջէն սկսան մեր նորօրեայ նահատակներուն առաջին քայլերը, անոնց յանձնուած ջահերը զանոնք հասցուցին մինչեւ Լիզպոն ու Արցախ:
Երէկուան պատանիներն էին «իմացեալ մահը» գրկած, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դիմաց բարձրացած պատերը քանդող լիզպոնեան ու Արցախի ազատագրութեան բագինին որպէս մատաղ, մեր բիւրաւոր նահատակները:
Պատանեկան շարքերէն մինչեւ Լիզպոն ու Արցախ:
Դաշնակցական պատանիին ճանապարհը:
Քեսապ
20 մայիս 2023