Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հեքիաթներ»-ը` Պատմումի Ուսուցանող Դիտաւորութեամբ

Նոյեմբեր 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Մանկապատանեկան գրականութեան անդաստանը, մանկական թատրոնը եւ ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական ու մանկավարժական, մատղաշ սերունդին բարեկրթութիւն ուսուցանող արուեստը հիմնուած է նախ` պատմելու, նորութիւններ մատուցելու, ընդունակութիւններ եւ շնորհքներ պեղելու, տաղանդներու բացայայտումներ կատարելու, երեւակայութիւնը ընդլայնելու, մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու փուլերու վրայ, որոնք հիմնուած են ծրագիրներու օգնութեամբ: Ի վերջոյ, հիմնական եւ վերադաս թիրախն է ոգեշնչել, ստեղծագործական ոգին յայտնաբերել, զարգացնել եւ վերելքի մղել ծաղկահասակ տարիքի սերունդին մէջ թաքնուած հոգեմտաւոր արժէքները: Ահա առանցքային առաջին կիզակէտին` պատմումի հիմնաքարին վրայ հաստատուած է դժուարին, բայց նպատակաուղղուած ուսուցանելու մարդակենցաղ առաքելութիւնը:

Այս հասողութեամբ է, որ լոյս տեսաւ Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակութեամբ պատկերազարդ «Հեքիաթներ»-ու գեղատիպ երկրորդ հատորը` հրատարակուած Երեւանի մէջ, 2023 թուականին: Հեղինակը չէ շեղած պատմումի ժանրին օժանդակութեամբ ուսուցանելու արուեստին վրայ կեդրոնանալու իր դիտաւորութենէն, նոյն ուղղութիւնը պահելով իր նախորդ` «Արեւմտահայերէն հեքիաթներ»-ու առաջին հատորին մէջ, հրատարակուած` Երեւան, 2021 թուականին, հատորները լոյս տեսած են Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլին մեկենասութեամբ :

Բայց երբ պատմում ըսենք, պէտք է հասկնալ նաեւ հեքիաթներու դիտաւորութիւնը,  բարոյախօսութեան նպատակը եւ մանաւանդ` ընտրութեան խրատիչ ու թելաթրիչ թիրախը, որոնք հիմնական ուղղութիւններն են պատմումի դժուարին եւ երբեմն շատ խրթին գործին մէջ: Այլ խօսքով, ինչպիսի հեքիաթներ, թեմաներ, բովանդակութիւններ ընտրել, որոնք պիտի կարողանան այդ մանկավարժական նպատակը, կարդացողին աճման տարիքի ուղղորդումը, տարիքային յանձնարարութիւնները, դաստիարակչական շաւիղը աւելի հեզասահ եւ հրապուրիչ դարձնել: Առաւել եւս անոնք կը միտին` մեր դեռատի սերունդին, պատանիներուն հոգեբարոյական, կենցաղային, իմացական ներաշխարհը արտացոլացնելու, ընդարձակելու, զարգացնելու, հարստացնելու եւ գլխաւորաբար ազնուացնելու համար:

Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու երկրորդ հատորին մէջ հեքիաթներու ընտրութեան խնամքը եղած է հնարամիտ, բազմաբովանդակ, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, խթանելու նպատակով, ժամանակակից մանկապատանեկան պահանջները բաւարարելու մտադրութենէն, փոխանցելիք միտքը ճկուն եւ արդիական մoտեցումով ներկայացնելու դիտաւորութենէն: Այս հատորին արգասիքը ամփոփուած է 9 հեքիաթներու` հայ եւ օտար նշանակալից համահանդէսի մը պուրակով եւ պատումներու վտակներով, որոնք միանալով առաջին հատորի 18 հեքիաթներուն հետ, միասնաբար, իբրեւ հաւատարիմ ուղեւորներ, կը յատկանշուին իրենց` պատմողական հաճելիութեամբ, նիւթի մատուցումի կենսունակութեամբ, լեզուական շքեղութեամբ, դիւրըմբռնելիութեամբ, աշխուժութեամբ եւ զուարճութեամբ, իւրաքանչիւրը ունի իր մասնայատուկ բոյրն ու թոյրը, իմաստային նրբերանգները:

Երկրորդ հատորին մէջ յիշուած  վերնագիրներուն ընդմէջէն կարելի է կռահել անոնց բովանդակութիւնը, ինչպէս` «Ոսկի բադը», «Խելացի նապաստակը», «Ագահ կաթնավաճառը», «Կարմիր ծաղիկը», «Երեք թիթեռնիկները» «Եղէգնուհին», «Երեք տիկնիկի գաղտնիքը» եւ այլն: Բնութեան, կենդանական, բուսական, մարդկային եւ երբեմն երազային, առասպելական, տնտեսական եւ այլաբանական խորքով նիւթաբարոյական շեշտադրումներով, պատումներու դրսեւորումներով:

Հատորի հեքիաթներուն ընտրութիւնը իրենց մոգական հետաքրքութեամբ եւ գրաւչութեամբ տարածուն եւ ճոխամիտ հորիզոններ կրնան բանալ մեր պատանի ընթերցողներուն դիմաց, որոնք վստահաբար պիտի հարստացնեն նաեւ մեր մանկական գրականութեան պաշարը, ընկալուած հեքիաթներու ժառանգութիւնը:

Շ. Մանկասարեանի հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ ալ նշմարելի է դիտումնաւոր հեռատես առաջադրութիւն մը. անոնք չեն կեդրոնացած միայն հայկական իմաստալից հեքիաթներու ընտրութեան վրայ, այլ խօսքով` միայն սեփականով չբաւարարուելու միտումով: Հեղինակը օտար ազգերու հեքիաթներու ընդմէջէն փորձած է մատուցել` անոնց պատմումի մօտեցումները, մտահորիզոնը, իմաստասիրութիւնը, դատողութիւնը, թելադիր միտքը, մշակութային ժառանգութեան այլազանութիւնը: Իրականութիւն մը, որ հեղինակը համամշակութային շրջագիծով մը, բազմաշերտ հիւսուածքով մը պարուրած է իր պատումները, մանաւանդ` կայծակնային փոփոխութիւններով շրջապատուած համասփիւռքեան մեր կեանքի պայմաններուն մէջ:

Հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ կարելի չէ մոռնալ նաեւ տարուած թարգմանական տաղտկալի վաստակին բարեյաջող արգասիքը, հեղինակը ձեռնհասութեամբ կատարած է թարգմանական խնամատար աշխատանք մը` առնչուած ոճի, պատկերացումներու, աշխարհայեացքի, օգտագործած բառամթերքի եւ այլն:

Ակնարկի իսկ չի կարօտիր գեղազարդ, յղկուն ու քնքուշ արեւմտահայերէնի հրապուրիչ պատմումի լեզուն, ամէն մէկ հեքիաթի աւարտին յաւելեալ բացատրողականներով, համեստ բառարանի մը օգնութեամբ օժանդակելու ընթերցողին: Հեղինակը իր հեքիաթներու լեզուով, ներկայացուցած պատումներով կը հաստատէ մեր ինքնութեան, գոյատեւման անփոխարինելի խարիսխին` բիւրեղ մայրենին օգտագործելու եւ անոր կառչած մնալու, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու գրաւականը: Գնահատանքի վայել աշխատանք մը, մանաւանդ գլուխը առած սրարշաւ դէպի համաշխարհայնացում սուրալով եւ բազմալեզու սլացքով վազող մեր այժմու հայ աշխարհին մէջ նման հայերէն հեքիաթներու հրատարակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան հրամայականի գործնականացումին մէկ վկայութիւնն է:

Նշանակալի է նաեւ հեքիաթները արեւմտահայերէնով ներկայացնելու Շ. Մանկասարեանի աշխատանքը: Հոս կարելի է ընդգծել երկու հիմնական օգտաշատ նպատակներ, նախ` դիւրամատչելիութիւնը, նկատի առնելով, որ  որոշ հեքիաթներ գրուած ըլլալով արեւելահայերէնի բարբառային ասոյթներով եւ ասացուածքներով` աւելի դիւրըմբռնելի պիտի դառնան արեւմտահայ պատանիներուն եւ հետաքրքրուող զանգուածներուն համար, իսկ երկրորդը այն է, որ հեղինակը իմանալով արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական ընկալումներու փափկութիւնները, ճարտարապէս տիրապետելով նաեւ լեզուի երկու ճիւղաւորումներու լեզուամտածողական նրբութիւններուն, իր լաւագոյնը մատուցած է` անխախտ պահելով հեքիաթներու խորքը, պատմողական իմաստին ընկալումը, յատկութիւնը եւ որակը, բարեհաճոյ եւ օգտաշատ կամրջում մը իրագործելով նոյն լեզուի երկու ճիւղերուն միջեւ:

Ի վերջոյ, հայ մայրն է, որ պահ մը պիտի մանկանայ եւ իր համեղ ու արդար մայրական կաթի դիեցումին հետ, այս հեքիաթներու գիրքերը կարդալով, իր զաւակներուն պատմելով` բարոյական սնունդ մը պիտի փոխանցէ, որ պիտի հրաշափոխուի հոգեպարար սնունդի: Իսկ հայ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին նման հեքիաթներու օժանդակութեամբ եւ պատմելու, բացատրելու, խրախուսելու իրենց տաղանդով պիտի զրնգացնեն մեր մատղաշ սերունդներուն ականջները, պիտի  ազնուացնեն անոնց ներաշխարհը եւ վեհացնեն անոնց հոգեմտաւոր վսեմութիւնը:

Իսկ հայ դպրոցն ու հայկական մշակութային միութիւնները, կեդրոնները յանձն պիտի առնեն «Հեքիաթներ»-ու եւ նման մանկապատանեկան գեղազմայլ եւ խորիմաստ գիրքերը ներկայացնելու, կարդալու, պատմելու, բացատրելու եւ մանաւանդ պատմումի աշխատանոցներ, մրցոյթներ կազմակերպելու` մեր շուրջ բոլորած մատղաշ սերունդին զարգացման ի խնդիր: Սատար հանդիսանալով հայ մանկական գրականութեան գոհարները ծանօթացնելու  նոր սերունդին, սրտի մօտեցնելու հոն ամբարուած դաստիարակչական եւ բարոյախօսական խորքը, բացայայտելու անոնց գրական եւ գեղարուեստական արժէքները: Հաւատալով, որ նման ձեռնարկներու ծրագրումը անհրաժեշտութիւն մըն է` ի սէր հայ պատանիներուն եւ մատղաշ սերունդին առաւել հայացումի թիրախին:

Մեր սրտի մաղթանքն է, որ Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու այս շարքը շարունակուի, չընդհատուի անոր երթը, նոր եռանդով ու սլացքով տոգորուած տեւականացուի, կենսաւորուի նոր հատորներով` վսեմացնելով մեր հայ նորահասակ սերունդը, որ մեր ազգին ապագայի հիմնական նպատակակէտն է :

Սրտահաճոյ ընթերցումի մաղթանքերով`
ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

 

Նախորդը

Համազգայինի Եւրոպայի Երիտասարդական 2023-ի Հաւաքը Նուիրուեցաւ Արցախին Եւ Կայացաւ Մարսէյի Մէջ

Յաջորդը

Խօսելու Հաճոյքը

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?