ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ռուսիոյ նախագահ Փութինի` Պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» խորագիրով յօդուածիս մէջ (28) անդրադարձած էի, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 յուլիս 2021-ին Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ յարաբերութեան նիւթով «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» խորագիրով յօդուած մը գրած է, որ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ (29), ուր գրած է (հատուածներ).
«…Հետեւաբար ժամանակակից Ուքրանիան ամբողջութեամբ խորհրդային ժամանակաշրջանի հետեւանք է (ինչպէս որ Արցախը, Նախիջեւանը եւ Ջաւախքը*): Մենք լաւ գիտենք եւ կը յիշենք, որ ան ծնունդ առած է, զգալի մասը, պատմական Ռուսիոյ հողերուն վրայ: Ասոր համոզուելու համար բաւարար է տեսնել 17-րդ դարու ռուսական պետութեան վերամիացած հողերուն քարտէսը եւ Ուքրանիոյ ԽՍՀ տարածքի սահմանները` Խորհրդային Միութիւնը լքելու ժամանակ»: (Ազրպէյճան 1918-էն առաջ գոյութիւն իսկ չէ ունեցած*):

14. Ռուսիոյ նախագահական կայքէջին մէջ նշուած Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի ջարդերը:
«… Այս յօդուածին վրայ աշխատելուս ընթացքին ապաւինեցայ բաց աղբիւրի վաւերագիրներուն վրայ, որոնք բաւարար յայտնի փաստեր կը պարունակեն, եւ ոչ թէ` գաղտնի արխիւներուն վրայ: Արդի Ուքրանիոյ ղեկավարները եւ անոնց արտաքին «հովանաւորները» կը նախընտրեն անտեսել այս փաստերը: Սակայն անոնք առիթը չեն փախցներ ինչպէս երկրէն ներս, նաեւ դուրսը` դատապարտելու «սովետական վարչաձեւին յանցագործութիւնները»` մէջբերելով իրադարձութիւններ, որոնց հետ ո՛չ ԽՄԿԿ-ն, ո՛չ ԽՍՀՄ-ը, մանաւանդ ժամանակակից Ռուսիան կապ ունին: Միեւնոյն ժամանակ պոլշեւիկներուն ճիգերը` Ռուսիայէն իր պատմական հողերը անջատելն ու բաշխելը յանցագործութիւն չեն համարուիր: Եւ մենք գիտենք, թէ ինչո՛ւ. եթէ ատոնք Ռուսիոյ տկարացման ծառայեցին, կամ մեզի վատ մաղթանքներ բերին, անոնք կ՛ուրախանան»:
«… Սակայն վստահաբար մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մենք յատուկ կեցուածք ունինք*)»:
«… Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՔ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ՄԷԿ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻ ՄԷՋ», կը գրէ Փութին:
*Այսպիսի նպաստաւոր եւ գրաւոր կեցուածք` Ռուսիոյ նախագահին կողմէ, իր կայքէջին մէջ, ցարդ կ՛անտեսուի Հայաստանի իշխանութիւններուն, դիւանագէտներուն, լրատուամիջոցներուն եւ «փորձագէտներուն» կողմէ: Այս դաւադիր իշխանութիւնը, փոխարէնը, ձեռք երկարած է ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը յափշտակած եւ ուրացո՛ղ թշնամի ԹՈՒՐՔԻՆ, փոխանակ` մեր դատը պաշտպանող Ռուսիոյ եւ իր նախագահին, որ պատմութեան յենելով` արդար մօտեցումով կը մեկնաբանէ Արցախի հարցը: Ինք իր յստակ տեսակէտը յայտնեց, սակայն հայկական կողմը անտեսեց… Ուրիշ ոեւէ նախագահ հայութեան եւ յատկապէս արցախահայութեան մասին այսքան բացայայտ ու արդար յայտարարութիւն չէ կատարած*:
«… Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մերժումին` Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս ճանչնալուն, մենք չենք համաձայնիր բոլոր հարցերուն մէջ: Օրինակ` Հարաւային Կովկասի կացութեան վերաբերեալ մենք տարակարծիք ենք, ՆՈՅՆ ԿՈՂՄԸ ՉԵՆՔ: Սակայն մենք գիտենք նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն դիրքորոշումը: Անոնք կը յաւակնին ժողովրդավարութեան բացարձակ ջատագովը ըլլալ, սակայն երբե՛ք չեն ուզեր լսել Խրիմի ժողովուրդին հանրաքուէին արդիւնքին մասին (վերադառնալու Ռուսիոյ կազմ*), որ ժողովրդավարութեան բարձրագոյն չափանիշն է»:
*Ահաւասիկ յստակ զուգահեռը` Ռուսիա-Ուքրանիա հողային պահանջատիրութեան եւ Հայաստան, Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք եւ Արեւմտահայաստան մեր հողային պահանջատիրութեան: Այս պարագային, մենք Ռուսիոյ հետ նո՛յն վիճակին մէջ ենք, նո՛յն անիրաւութեան զոհերը: Դժբախտաբար այս խաղաքարտը կ՛անտեսուի ո՛չ միայն Հայաստանի իշխանութեան եւ դիւանագիտութեան կողմէ, այլ նաեւ` լրատուամիջոցներուն եւ «փորձագէտներուն» կողմէ, ամէնուրեք*:
«Ուքրանիոյ տագնապը Ուքրանիոյ մասին չէ, այլ` Գերմանիոյ համար» եւ «ի՞նչ է կապը Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հետ» խորագիրով 2 մարտ 2022-ի յօդուածէս հատուածներ (30). «Միացեալ Նահանգներուն գերադաս շահը, որուն համար մենք դարեր շարունակ պատերազմած ենք` առաջին, երկրորդ եւ Պաղ պատերազմներ, եղած են Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, քանի որ եթէ անոնք միանան, միակ ուժը կ՛ըլլան, որ կրնան մեզի սպառնալ: Եւ պէտք է վստահ ըլլանք, որ այդ մէկը տեղի չ՛ունենար», կ՛ըսէ Ճորճ Ֆրիտմըն` Սթրաթֆոր ամերիկեան ռազմավարական ուսումնասիրութեան կեդրոնին հիմնադիրը (31) (George Friedman, STRATFOR):
«Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ աւելի ջերմ յարաբերութիւնները կ՛ազդարարեն «միաբեւեռ» աշխարհակարգին աւարտը, որուն Միացեալ Նահանգները կը վերահսկէին վերջին 75 տարիներուն: Գերմանեւռուսական դաշինք մը կը սպառնայ արագացնել գերտէրութեան անկումը, որ այժմ աւելի կը մօտենայ անդունդին: Ահա թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթըն վճռական է ամէն ինչ ընելու` «Հիւսիսային հոսքը» (ռուսական կազի խողովակաշարը) խափանելու եւ Գերմանիան իր արբանեակը պահելու համար: Գոյապայքարի խնդիր է այս:

16. Պայտըն սպառնալիքը գործադրեց:
*Իրօք, Գերմանիոյ նոր վարչապետը` Օլաֆ Շոլց, ի վնաս իր երկրին ու ժողովուրդին, մերժեց գործածել նոր խողովակաշարը եւ 26-29 սեպտեմբեր 2022-ին երկու ընդծովեայ խողովակաշարերը խափանարարական պայթումով անգործածելի դարձան, այնպէս` ինչպէս Ամերիկայի նախագահ Պայտըն սպառնացած էր:
Ռուսիոյ հետ Գերմանիոյ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները զարգացած էին եւ երկու խողովակաշարերու «Հիւսիսային Հոսք» 1 եւ 2, ծրագրերն ու գործադրութիւնը կատարուած Գերմանիոյ ռուսախօս նախորդ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ գերմանախօս Ռուսիոյ նախագահ Փութինի օրերուն: Տե՛ս նաեւ` «Ռուսիա-Ամերիկա-ՕԹԱՆ ռազմավարութիւնը, լրատուամիջոցները եւ Հայաստանն ու Արցախը» (32)*:
«Ահաւասիկ` Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք «խօսքի ազատութիւն», «մարդկային իրաւունքներ» եւ այլն քարոզելով` իրենցմէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու երկիրներու վարչակարգեր տապալեցին, երկիրներ քարուքանդ ըրին, հարիւր հազարաւորներ սպաննեցին, միլիոններ գաղթական դարձուցին եւ «գունաւոր կամ թաւշեայ յեղափոխութիւններ» սարքեցին, որպէսզի ժողովրդավար` «տեմոքրաթիք», վարչակարգեր հաստատեն… Իրականութեան մէջ, սակայն, որպէսզի այդ երկիրներուն մէջ իրե՛նց հնազանդող ընդհանրապէս յիմար բռնապետներ հաստատեն եւ անոնց երկիրները կողոպտեն:

18. Դէպի Գերմանիա ռուսական կազ մղող ընդծովեայ «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարի տեղադրումը:
«Ինչ որ չի նշուիր սակայն, այն է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Ռուսիա որեւէ երկրի վրայ չէր յարձակած, մինչ Ամերիկա նոյն ժամանակամիջոցին յարձակած կամ իշխանափոխութիւն կատարած է 50-է աւելի երկիրներու մէջ եւ 800-է աւելի ռազմակայաններ հաստատած` աշխարհի տարածքին:
«Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, աշխարհը կ՛ուզեն տխմարավարութեամբ ղեկավարել` կարծելով, որ ամբողջ աշխարհը տխմար է: Ահա ստորեւ` այս արեւմտեան տխմարութենէն օրինակներ.
1.- Ամերիկա, Եւրոպա եւ ՕԹԱՆ Ռուսիոյ վրայ ամէն տեսակ պատժամիջոցներ հաստատեցին, ներառեալ` ռուսական կազին եւ քարիւղին վրայ: Սակայն ծիծաղելիօրէն` ո՛չ այն քարիւղին եւ կազին, որ Ռուսիա Եւրոպան կը մատակարարէ, այն ալ` Ուքրանիոյ վրայով… Այս ի՞նչ տեսակ պատիժ է: Եւ այս, մինչեւ որ ուժանիւթի նոր աղբիւրներ գտնուին… Ըստ երեւոյթին, ազերիական կազը բաւարար չէ, եւ չեն կրնար օգտուիլ անկէ: Իսկ Քաթար յայտարարեց, որ չի կրնար փոխարինել ռուսական կազը… Սխալ հաշիւնե՞ր, թէ՞ ինչ:
*Ռուսիա-Ազրպէյճան համաձայնութեամբ, ռուսական կազը եւս ազերիական խողովակաշարով կը մատակարարէ Եւրոպան` իբր թէ ազերիական կազ…*
«Կազի համար Եւրոպան ՕՐԱԿԱՆ շուրջ 200-800 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԿԸ ՎՃԱՐԷ ՌՈՒՍԻՈՅ: Այժմ Ռուսիան կը պարտադրէ, որ ռուսական ռուբլիով վճարուին այս գումարները` կրկնակի պատժելով Արեւմուտքը, ռուբլիին արժէքը վերստին բարձրացնելով եւ եւրոյին արժէքը, որ տոլարէն բարձր եղած է միշտ, այժմ տոլարէն նուազ արժէք ունի:
2.- «Այս ամբողջ հակամարտութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որ «Ազովի ուժեր» կոչուող ուքրանական «Նոր նացի» ցեղապաշտ, հակառուս կազմակերպութիւնն է, Միացեալ Նահանգներուն արգիլուած կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ կը գտնուէր: Սակայն այժմ ամերիկեան զէնքերով օժտուած է, Ուքրանիոյ Ազգային պահակագունդին մաս կը կազմէ եւ Ամերիկայի դաշնակիցն է: Այս ալ հեգնական հակասութիւն մը չէ՞. եթէ ահաբեկիչը Ամերիկայի հաշուոյն կը գործէ, ահաբեկիչ ըլլալէ կը դադրի՞…
Վերջապէս, «Ռուսիա-«յեղափոխութիւններ» աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի մէջ մամլոյ ասուլիսը» 7 հոկտեմբեր 2022-ի յօդուածէս (33) Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարէն կը մէջբերեմ. «… ՄԱԿ-ը հիմնուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի փլատակներուն վրայ: … Միջազգային ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պարտաւորուեցաւ յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր անոնց համար, որոնք նահատակուեցան ազատութեան եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ»:
«ՄԱԿ-ի ուխտին սկզբունքը կը նախատեսէ հետեւեալ երկու յօդուածները. պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ կը յարգէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:
«ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ետք սկսաւ կանոնագրութեան բոլոր յօդուածներուն ըմբռնումի քննարկումը: Եւ 1970-ին Ընդհանուր ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց օրէնք մը, որ ունէր հետեւեալ երկու իրարմէ անջատ բաժինները (օրէնքները*) հաւասարապէս` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հողային ամբողջականութիւնը»:
Ուքրանիոյ նախագահը քանիցս բողոքեց, որ` «Մեզ պատերազմի մղեցիք, եւ ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ ՕԹԱՆ-ը եւ ո՛չ ալ Եւրոպան (ուղղակի*) կ՛օգնէ մեզի…»:
Օտարին ապաւինելով` ազգին եւ հայրենիքին շահը պաշտպանողը իր երկիրն ու ժողովուրդը այս վիճակին չի հասցներ. հարիւր հազարաւոր զոհեր, 8 միլիոն գաղթական ու աւերուած քաղաքներ ու տնտեսութիւն: Վասն ինչի՞…
Ուքրանիայէն ետք*, մանաւանդ նաեւ Կազայէն ետք*, աշխարհակարգը պիտի փոխուի, եւ մեզի կը մնայ ազգային գիտակցութեամբ նոր իշխանութեամբ մը ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին համար տեղ ապահովել: *Միշտ աչքի առջեւ ունենալով Ասիոյ քարտէսին մէջ Հայաստանի եւ դրացիներուն տարածութիւնները*:
Այստեղ Արեւելք-Արեւմուտք, Ամերիկա-Ռուսիա, պարզամիտ ու անգրագէտ նախասիրութեան հարց բնաւ չկայ ու պէտք չէ ըլլայ: Քաղաքական կողմնորոշումը` ուղղութիւնը, երբե՛ք ճաշակի հարց չէ:
Քաղաքական հասունութիւնը եւ դիւանագիտական հմտութիւնը, մանաւանդ ազգային պատմական փորձառութիւնը կը պահանջեն, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւն մշակէ բոլորի՛ն հետ անխտիր` պաշտպանուելու համար ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը խլած երկու յաւիտեան թշնամի դրացիներէն, արեւմուտքը` Թուրքիայէն եւ արեւելքը` Ազրպէյճանէն:
Այս է իրականութիւնը: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մի՛այն հակաթուրք եւ հակաազերի պէտք է ըլլան` մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալը»:
11 նոյեմբեր 2023
(Շար. 3/4)
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ: