ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Մեր օրերուն, երբ զաւակ, թոռնիկ, եղբայր, քոյր կամ հարազատներ հեռու են քեզմէ, քովդ չեն, կարօտը ծանր կը նստի սրտիդ: Թէեւ արդի միջոցներով, փա՛ռք Աստուծոյ, կապի, լսատեսողական բոլոր պայմանները կան, բայց տեղ մը բոլորին կարօտը հոգիդ կը կրծէ:
Կարօտը` օրական ապրելու, տեսնելու, վայելելու, զգալու, շնչելու…
Դժբախտաբար մեր երկրի պայմանները այնպէս մը եղան, որ մենք մեր ձեռքով մեր զաւակներուն արտօնեցինք գաղթել:
Ժամանակին մենք` մեր սերունդը, մեր ծնողներէն վախնալով, նոյնիսկ գաղթելու օրակարգը չէին արծարծեր, այդ մասին խօսիլն ու այդ նիւթը քննարկելը արդէն արտօնուած չէր:
Եկաւ ժամանակ մը, որ ստիպուած, մենք լուռ, ուղղակի կամ անուղղակի, համամիտ եղանք մեր զաւակներուն, հարազատներուն, սրտակից բարեկամներուն երթալուն:
Այնքան դժուար, այնքան նեղ օրեր անցուցինք: Այնքան անհորիզոն եղաւ տեսլականը ապագային հանդէպ, որ ստիպուած եղանք յարմարիլ կամ տակաւին պիտի յարմարինք բոլոր հրամցուած ձեւերուն:
Տակաւին այս իրականութիւնը ա՛լ աւելի կը ծանրանայ տօնական օրերուն, երբ կը սկսիս մտաբերել այն նոր տարիները, երբ տունդ շէն էր, լեցուն, ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, այն ատեն ա՛լ աւելի մինակ կը զգաս:
Գաղութը նօսրացած է, ճի՛շդ է: Երիտասարդ սերունդի մը բացը կայ զգալիօրէն: Ամէն բան տակաւին գործնականօրէն աշխատանքի ընթացքի մէջ է, բայց տեղ մը ընդունելու եւ վերսկսելու ժամանակ է` կարծեմ:
Կարօտը կը կրծէ մեր հոգիները, կարօտը` հին օրերու, կարօտը` մեր գաղութի աշխուժ եւ բազմամարդ մթնոլորտի, կարօտը` մրցակցութեան, աւելի լաւին ձգտելու, աւելի լաւը ունենալու, սակայն տեղ մը մենք մեզ հաւաքելու, մեր ներկայ ուժերը չմսխելու, խտացնելու, վերանորոգուելու, կարողականութիւնը համախմբելու, անանձնական կարողականութիւնը ձեռք ձգելու ճիգը անպակաս պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենանք կարօտէն մաս մը նուազեցնել եւ նոր յոյսերու կայծ տալ: