ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Աւելի քան չորս ամիս կ՛ընէ արդէն այն օրէն, երբ Անդրանիկ Մըսրլեան հեռացաւ կեանքէն. իր մահուան պատճառած սուգն ու ծանր ցաւը յուշ եւ յիշատակ դառնալու ընթացքի մէջ են: Եւ որքան ժամանակը անցնի, անոր կերպարը մեր միտքերուն մէջ, ազատագրուելով իր կեանքի ընթացքին կուտակած մանր-մունր աննշան փոշիի հատիկներէն, մեզի այլեւս միշտ պիտի ներկայանայ իր հարազատ պայծառութեամբ:
Այդ պայծառութիւնը կը զգայ նաեւ ան, որ հազիւ ճանչցած է Անդրանիկը իր ողջութեան: Անհրաժեշտ չէ զինք մօտէն ճանչցած ըլլալը` հասկնալու համար Անդրանիկ Մըսրլեան կոչեցեալ մահկանացուի մարդկային տեսակը` անոր բազմաթիւ ու երանգաւոր բարեմասնութիւններով: Բաւարար է աչքի առջեւ բերել իր մահուան եւ հոգեհանգիստին առիթով լոյս ընծայուած նկարները` ճշգրիտ հասկնալու համար մեր անզուգական ընկերոջ կորուստին պատճառած, մեղմ արտայայտելով, ափսոսանքը:
Նկարներուն մէջ յատկանշական մանրամասնութիւնը իր թեթեւ ժպիտն է, որ բարդուելով իր հանդարտ նայուածքին` կը մատնէ բարութիւն, անմեղութիւն, ամօթխածութիւն, յոյս եւ միաժամանակ` համակերպում. նայուածքը ոչինչ ունի, որ վկայէ վճռակամութիւն, ամրութիւն, քաջութիւն, համարձակութիւն. ինչ որ կը հակասէ ընդհանրապէս ընդունուած այն վարկածին, թէ անհատի մը աչքը հոգիին հայելին է. արդարեւ, Անդրանիկը թէ՛ վճռական էր, թէ՛ ամուր, թէ՛ քաջ, թէ ալ` համարձակ: Իր անցուցած կեանքը վկան է այս բոլորին:
Անդրանիկին ծանօթացայ, երբ արտասահման ուսումս աւարտելէ ետք եկայ, կարելի է նաեւ ըսել` վերադարձայ Լիբանան հաստատուելու: Կեցութեանս սկզբնական շրջանին, մեր հանդիպումները պատահական ըլլալով, զինք բառին իսկական առումով չճանչցայ: Զինք մօտէն ճանչնալու բախտաւոր առիթները ունեցայ միայն քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, երբ միասին եղանք ժողովներու եւ վարչական մարմիններու անդամներ: Իրեն հետ մտերմանալը բաւական երկար ժամանակ պահանջեց: Սակայն զիս շատ արագ տպաւորած էր. իր գործը կ՛ընէր լուռ, առանց ինքզինք ցուցադրելու, համեստօրէն եւ ընդհանրապէս գրեթէ բոլոր գործակիցներուն լուռ գնահատանքին արժանանալով:
Իննսունական թուականներու սկիզբը միասին Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ էինք: Եթէ ճիշդ կը յիշեմ, այլոց կարգին նաեւ ի՛րն էր «Արին» շէնքը կառուցելու գաղափարը տուողը եւ, վստահօրէն, գետնի վրայ տնտեսական վերահսկիչը. ատիկա պիտի ըլլար Կեդրոնական կոմիտէին համար եկամուտ ապահովելու աղբիւր մը: Այդ ծրագիրը եղաւ յաջողութիւն մը. Պուրճ Համուտը օժտեց գեղեցիկ շէնքով մը, Կեդրոնական կոմիտէին ապահովեց կոկիկ գումար մը, որ ժամանակի ընթացքին փոշիացաւ կուսակցութեան ընթացիկ գործունէութիւնը մատակարարելու համար, ինչպէս յաճախ պատահած է սփիւռքեան կեանքի բոլոր ժամանակներուն, բոլոր գործունեայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու պարագային:
Օր մըն ալ ինձմէ խնդրեց, որ Ճեմարանի տնօրէնին խօսիմ, որպէսզի ան նորաստեղծ ապահովագրական համագործակցականին վստահի աշակերտութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմի առողջապահական ապահովագրութիւնը: Հասկցայ, որ ընկերս նորէն բան մը կառուցելու վրայ է: ԱՖՀԻԼ-ը ծնած էր. ան նոյնպէս մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Թէեւ անոր ծննդոցի մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ, բայց վստահ եմ, որ Անդրանիկին դերակատարութիւնը վճռորոշ պէտք է եղած ըլլայ:
Զինք լաւ ճանչցայ, եթէ ոեւէ մէկուն համար կարելի եղած ըլլայ Անդրանիկը լիովին ճանչնալ, երբ միասին առաջին անգամ ըլլալով անդամակցեցանք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան. ինքը իբրեւ գանձապահ, ես իբրեւ ատենապետ: Անդրանիկը միաժամանակ Պուրճ Համուտի քաղաքապետն էր արդէն: Այստե՛ղ սկսայ սորվիլ եւ հետզհետէ կատարելագործել անդրանիկերէնս. լուռ, բայց նաեւ` ձայնաւոր տեսակները:
Անդրանիկին առաջին գործը եղաւ դասաւորել քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր առկախ մնացած գործերը: Քաղաքի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի կալուածը սեփականութիւն դարձած էր նախորդ դարու քառասունական թուականներու վերջաւորութեան. սակայն անոր պետական լիակատար արձանագրութիւնը լրջօրէն պակասաւոր էր: Նաեւ` զաւեշտական. լսեր էի, որ կալուածաթուղթին ընկերակցող քարտէսին վրայ կային երկու շէնքեր, մինչդեռ իրականութեան մէջ անոնք երեք էին: Յատակագիծին վրայ, երրորդ շէնքի տարածքին մէջտեղը փոքր քառակուսի մը կար. եզրակացուցինք, որ ատիկա կը ներկայացնէ երրորդ շէնքի վերելակը: Անաստուածի համբաւ վայելող Ճեմարանը իր Լեւոն Շանթով ուղիղ ճամբայ մը ունէր առ համբարձեալը: Անդրանիկը շաբաթ ու ամիս անցնելով, համբերութեամբ ու լռութեամբ, գործը կատարեց եւ աւարտին զեկուցեց լակոնական` «Ճեմարանը եղաւ», ու անցաւ այլ գործի:
Այդ շրջանին էր, որ Համազգայինը սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հրաւիրուեցաւ Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովի մը. որոշուեցաւ ներկայ ըլլալ Կեդրոնական վարչութեան երկու անդամով եւ նոյնքան` Լիբանանի Շրջանայինէն:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի պատասխանատուն, պանդոկի սենեակներու վարձքը մեր պիւտճէին համար անյարիր նկատելով, մեզի համար վարձած էր երկու յարկաբաժին, մէկը Կեդրոնականի անդամներուն համար, միւսը` Շրջանայինի:
Անդրանիկը առաւօտ արթնցաւ. իրմէ առաջ` ես: Գիտէի, որ Անդրանիկին համար առաւօտեան սուրճը բացարձակ անհրաժեշտութիւն էր: Ինծի նայեցաւ. ժպիտը դէմքիս` գիտէի, որ պիտի չհամարձակէր ինծի վստահելու սուրճի պատրաստութիւնը. Անդրանիկը փրոթոգոլը յարգող մարդ էր, մանաւանդ երբ ստորադասը ի՛նքն էր: Բազկաթոռին վրայ բազմած` յանկարծ արտաբերեց. «Սաւոր մէկ հատ հեռաձայնէ՛, թող գայ, սուրճ մը թող եփէ»: «Սաւոր»-ով կ՛ակնարկէր Շրջանայինի իրեն մտերիմ կրտսերին, որ եկաւ եւ սիրով ու ժպտալով բոլորիս համար սուրճը պատրաստեց: Ահա այսպիսի պատահական առիթներով է, որ զարգացուցած եմ անդրանիկեան լեզուս:
Անդրանիկի պաշտօնավարութեան արդէն առաջին քառամեակին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը լուծեց երկարատեւ կարմիր թիւերու մէջ լողացող հաշուեկշիռներու խնդիրը: Քաղաքի Ճեմարանի կալուածի մասնակի վարձակալութեամբ վարչութեան տնտեսական կարողականութիւնը ո՛չ միայն միութեան գործունէութեան համար բաւարար դարձաւ, այլ ճամբան բացաւ նոր ծրագիրներու յղացման եւ գործադրութեան:
Կեդրոնական վարչութեան համար գումարներ ապահովելու հրաւիրուած Անդրանիկին երջանկութեան աստիճանը հասաւ երկինքները: Այնքան յաջող էին Կեդրոնական վարչութեան անդամ` ընկեր Սեդրակ Պալեանի վարած բանակցութիւնները վարձակալման թեկնածու կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որ ծանր պարտքի տակ կքած Կեդրոնական վարչութիւնը կարճ ժամանակ ետք մարեց այդ պարտքը եւ շուտով սկսաւ շինարարական ստիպողական աշխատանքներու համար ծախսուած Ճեմարանի ու Համազգայինի հիմնադրամները վերականգնել: Անդրանիկին հազիւ նշմարուող ժպիտը վերածուեցաւ ձայնաւոր խնդուքի:
Կրկնակի սրբապղծութիւն պիտի ըլլար մտածելը, որ Անդրանիկին, իր մահով, խնայուեցաւ մեր օրերուն մեր աչքին առջեւ ապրուող ազգային ողբերգութիւնը: Անդրանիկը ցոյց չէր տար, բայց ինք սովորականէն աւելի կապուած էր ազատագրուած ու մշտապէս մարտնչող Արցախին: Ինք անգամ մը եղած էր Արցախ` անոր զարգացման նպաստելու նպատակ ունեցող խումբի մը մասնակցելով: Այդ այցելութիւնը բաւարար չէր եղած իր ծարաւը յագեցնելու: Երկրորդ առիթը ներկայանալու շատ չուշացաւ. Արցախի գրասենեակի գործունէութիւնը խթանելու համար Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց իր անդամներէն երկուքը Արցախ գործուղել այս նպատակով: Նշանակուեցան Անդրանիկն ու ես:
Երեւան-Հրազդան-Գաւառ-Վարդենիս-Սոթք-Ստեփանակերտ ճամբան մասամբ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէր ինք: Իսկ Սոթքի բարձունքներէն անդին` Քարվաճառի դարձդարձիկ զառիվայրներու պատճառած գլխու պտոյտին համար հազիւ գանգատեցաւ: Ընդհակառակը, Արցախի մէջ երկօրեայ իր կեցութիւնը, կարծես, զինք կազդուրեց: Ժպտուն էր. աչքերուն փայլքը, յաճախ` կարճատեւ, Արցախի մէջ դարձաւ ընթացիկ: Ստեփանակերտի, բայց մանաւանդ Շուշիի մէջ Անդրանիկը ներամփոփ կը դիտէր մարդիկն ու անոնց տրամադրութիւնները: Բոլորն ալ ուրախ կ՛երեւէին. ի՛նքն ալ:
Վերադարձի ճամբուն վրայ Անդրանիկին առաջարկով կանգ առինք ճամբու եզրին գտնուող խանութ մը` մեղր գնելու: Բաւական մեծ քանակութեամբ մեղր ապսպրուեցաւ: Ամէն մարդ, գնելէ առաջ, ուզեց տեսնել մեղրը: Մեղրը կը գտնուէր խանութպանուհիին տունը, ճամբուն դիմացի կողմը, ճամբեզրէն շուրջ հարիւր մեթր անդին, թեթեւ զառիվերի մը ծայրը: Բոլորս խուժեցինք ներս` մեղրը տեսնելու համար. Քարվաճառի նշանաւոր մեղրը: Մեր մէջ գտնուող տեղացի «մասնագէտ»-ը մեղրը հաւնեցաւ, բայց երկուքս` Անդրանիկն ու ես, անհանգիստ դէմքով իրարու նայեցանք, որովհետեւ դոյլերու մէջ պահուող մեղրը մեզի կասկածելի թուեցաւ. անոր մէջ կային բարակ ոստերու մանր կտորներ, ծառի կեղեւի կտորներ, այլ բուսական մասնիկներ, նոյնիսկ` իրենց հոգին աւանդած մեղուներ, հաւանաբար խեղդամահ` իրենց ուրոյն արտադրութեան մէջ. նաեւ` այլ չնաշխարհիկ բաներ: Մեղրէն բաւարար քանակութիւն տարուեցաւ խանութ: Երկուքս ալ քաղաքի մը կամ անոր արուարձաններէն մէկուն մէջ ծնած ու հասունցած մարդիկ, անտեղեակ մեղուաբուծութեան տարրական գիտելիքներէն, երկմտութեան մէջ էինք. մեղրը առնե՞նք, թէ՞ ոչ: Անդրանիկի վճռական կարծիքը առաջնորդեց միահամուռ համաձայնութեան. խանութպանուհիին աշխատանքը խանութէն` տուն երթալու եւ յետոյ` մեղրով (այդ օրը Անդրանիկը գործածեց բացառաբար մեղրին արցախերէնը` «միղր») բեռնաւորուած խանութ վերադառնալու ճիգն ու յոգնութիւնը մեզ բարոյական պարտադրանքի տակ կը դնէին: Այսպիսի պարագաներուն Անդրանիկին հակազդեցութիւնը ինծի համար յստակ էր. ան, պարագաները նկատի ունենալով, պարտաւոր զգաց, բոլորին համար պատրաստուած մեղրի բղուղները, իրենց տարատեսակ պարունակութեամբ, ի՛նքը վճարելու եւ մէկական երեք քիլոնոց բղուղ մը նուիրելու իւրաքանչիւրիս եւ, անշուշտ, ինքն իրեն:
Լիբանան վերադարձէն երկու օր ետք երկուքս ալ սկսանք այդ անհրապոյր ու գարշելի կերպարանքով Քարվաճառի մեղրի քարոզչութիւնը ընել մեր շրջապատին մէջ: Առաջին գիշերը արդէն, երբ ճամբորդութեան ցնցումները դադրեր էին, բղուղի խառնուրդի թեթեւ բնակիչները, բոլորն ալ անխտիր մեղրի մակերեսին վրայ հաւաքուեր էին. դգալի մը երկու շարժումով, բոլոր այդ մարմինները իջան աղբամանին մէջ` առանձին թողնելով մաքուր, բիւրեղ, Քարվաճառի համեղ, ոսկեղէն մեղրը, որ հրապուրեց զայն ճաշակողները:
Անդրանիկը դարձաւ նաեւ իր ծննդավայր քաղաքի յաջող քաղաքապետը: Պուրճ Համուտը ծաղկեցաւ, գեղեցկացաւ զարդարուեստով, գեղարուեստով, յուշարձաններով, հետեւաբար` յաւելեալ հայկականութեամբ: Ասոնց կողքին, ան կուտակեց գումարներ` զանոնք շինարարական ձեռնարկներու վրայ ծախսելու համար:
Աւելի քան տասնհինգ տարիներու քաղաքապետական բեղուն գործունէութենէ ետք, Անդրանիկը կրկին վերադարձաւ Համազգայինի գիրկը` անգամ մը եւս անոր տնտեսութիւնը բարելաւելու հեռանկարով: Այս անգամ, սակայն, իրեն ուրիշ բնոյթի աշխատանք վերապահուած էր. նիւթական հարստութիւն ստեղծելու իր սովորութիւնը դարձած պաշտօնը կարճ ատեն ետք փոխարինուեցաւ աղքատութիւնը յանձանձելու միտք ու հոգի սպառող մղձաւանջով: Լիբանանի տնտեսական տագնապը, երկար ու երկարող ժամանակով համաշխարհային կեանքը ամլացուցած պսակաւոր ժայրի համաճարակը սպառեցին իր ժամանակը. իր տրամադրութեան տակ գտնուող անբաւարար գումարները ծախսեց խնայողութեամբ ու արդարամտութեամբ` ուշադրութեան առարկայ դարձնելով միութեան, բայց միեւնոյն ժամանակ` աշխատողներու անհատական կենսական շահերը:
Համազգայինին իր ծառայութեան ժամանակաշրջանի աւարտէն ետքն ալ Անդրանիկ շարունակեց օգտակար ըլլալ Համազգայինին, երբ վրայ հասաւ անողոք հիւանդութիւնը` զինք կարճ ատեն ետք զգետնելու համար:
Համեմատաբար դիւրին գործ է ներկայացնել մէկու մը նկարագրային պատկերը` մեկնելով իր կատարած գործերէն, մանաւանդ որովհետեւ Անդրանիկի կեանքին նման բազմաշերտ եղած են անոնք: Իր պարագային հաւաքուած հարուստ նիւթը կը գերազանցէ բանախօսի մը խօսքին տրամաբանօրէն արտօնեալ վերին սահմանները, եւ այս պատճառով ան պարտաւոր կ՛ըլլայ բաւական բան զեղչելու իր խօսքէն` դիմագրաւելով իր շարադրանքը հասարակ ցանկագրութեան մը վերածելու վտանգը:
Արդէն ըսուած է ասկէ առաջ, որ մէկ անձի վկայութիւնը առանձին բաւարար չէ ներկայացնելու համար Անդրանիկին ամբողջական տիպարը. ատիկա ընելու համար հարկ է հաւաքել իր մասին բոլոր կարելի վկայութիւնները:
Իր կեանքի ընթացքն ու գործը այս ձեւով, առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուելով, տեսանելի կ՛ըլլայ իր մէջտեղ բերած արդիւնքի առարկայական հարստութիւնը: Կայ սակայն այլ հարստութիւն մը, որ բնախօսական աչքով տեսանելի չէ, որովհետեւ ան կը գտնուի ենթակայական ոլորտին մէջ. արդարեւ, Անդրանիկ կարեւոր չափով կը մարմնաւորէ դաշնակցական այն տիպարը, որուն սահմանումը բառ առ բառ ներկայացուած է Նիկոլ Աղբալեանի իտէալական դաշնակցականի յատկանիշներով, որոնց ամբողջութեան ներկայութիւնը մէկ անձի մէջ մարդկային կարելիութիւնները կը գերազանցէ:
Անդրանիկի դրսեւորած ենթակայական արժէքներուն հաղորդ ըլլալը շատ դժուար եղած է իր հիւանդագին համեստութեան պատճառով, որուն չափազանցութեան օժանդակած է իր սփինքսեան լռակեացութիւնը: Իր մօտ պահուած իր մասին գաղտնիքներուն լաւապէս ծանօթ ըլլալու համար հարկ է ի՛նքը եղած ըլլալ: Աւելորդ է ըսել, որ այդպիսի մարդ պարզապէս չկայ:
Իմ ճանչցած մարդոց մէջ Անդրանիկը Նիկոլ Աղբալեանի նկարագրած իտէալական դաշնակցականի տիպարին ամէնէն շատ մօտեցողներէն է: Ան եղած է օրինապահ, հաւատաւոր, ճշմարտախօս, կարգապահ, զուսպ, ընկերասէր, իր ընկերներուն հանդէպ հանդուրժողական, բոլորին համար` արդարամիտ, մարդասէր ու մարտունակ, ազնիւ ու ազնուական:
Նիկոլ Աղբալեանի դաւանած իտէալական տիպար դաշնակցականի սահմանումը ամփոփ կերպով ներկայացուած է իւրաքանչիւր դաշնակցականի կատարած երդումով. դաշնակցականի մը համար պարզ խօսքերով, Անդրանիկ Մըսրլեան միշտ ու գերազանցօրէն հաւատարիմ մնացած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին ու որոշումներուն. եւ երբ հարկ եղաւ նաեւ իր կեանքը զոհաբերելու վտանգի գիտակցութեամբ, ան ծառայեց Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:
Վստահ եմ, որ իր իմաստալից կեանքի ընթացքին բազմաչարչար մարմինն ու հոգին հիմա իրենց արժանի հանգիստը գտած են իր հարազատներու եւ հաւատարիմ ընկերներու հոգիներէն ու միտքերէն ներս. իւրօրինակ իր ժպիտը մանաւանդ շատ երկար ատեն տպուած պիտի մնայ աչքերու ցանցենիներուն վրայ` լաւ հայու եւ լաւ մարդու իբրեւ խորհրդանիշ:
Անդրանիկին հետ սովորականէն աւելի ժամանակ անցուցած ընկերները, վստահ եմ, ուրախ ու հպարտ են այդպիսի ընկեր մը ունեցած ըլլալնուն համար:
Յիշատակդ երկա՛ր, ընկե՛ր Անդրանիկ:
Պէյրութ, 20 նոյեմբեր 2023
* Խօսք` արտասանուած Անդրանիկ Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոնին: