Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

November 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՄՈՆ ԱՅՆԷՃԵԱՆ

Թուրքիոյ գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամին առջեւ, որուն նախագահը Սելճուք Պայրաքթարն է, Էրտողանին փեսան:

Երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ուժին պարագլուխները դռնբացէքը կատարած են հայոց Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին եւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն նպաստով կատարուած նորոգութիւնը, որ կոչուած էր վերակենդանացնելու հայոց գաղութին երբեմնի կալուածը, ներառեալ` մանկապարտէզը, նախակրթարանը, եկեղեցին եւ առաջնորդարանը: Նոր այս գրաւումը կը ծաւալի հիմնադրամի մը ձեռքով, որուն նախագահն է Սելճուք Պայրաքթար, որ ծանօթ դարձած է իբրեւ արտադրողը «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնք վճռական դեր կատարած են Արցախի 44 օրուան պատերազմին մէջ:

Կրնանք հարցնել, թէ ինչո՞ւ ճիշդ հայկական կալուածն է ընտրուած տարփողելու եւ սատարելու Պայրաքթարի հիմնադրամին «գիտական եւ կրթական նպատակները»: Կալուածին նորոգումը նախապէս յղացուած էր զայն դարձնելու համար հաշտութեան, փոխադարձ վստահութեան վերականգնումին եւ բնականոն համակեցութեան խորհրդանիշ մը: Այդ իսկ պատճառով վերջերս կատարուածը կը յարուցէ վրդովմունք ու ընդվզում:

Կիպրացի թուրք որոշ լրատուներ, միջադէպին անդրադառնալով, դատապարտած են զայն իրենց խմբագրականներուն մէջ, անոնցմէ մէկ քանին` չվարանելով զայն իբրեւ գողութիւն որակելու: Միւսները իրենց զարմանքը յայտնած են, որ միջադէպը որեւէ հակադարձութեան կամ դատապարտումի չէ արժանացած:

Թուրքիոյ գրաւումին տակ գտնուող հիւսիսային Նիկոսիոյ հայոց կալուածը կիպրահայութեան համար զգացական եւ հոգեւոր գանձ մըն է: Կիպրահայերուն զգալի մէկ մասը Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ են:

Երեքշաբթիի հանդիսութեան ներկայ էին` թուրք կիպրացի կառավարիչ Էրսին Թաթար, վերջինիս «նախարարները», առ գրաւեալ Կիպրոս Թուրքիոյ «դեսպան» Մեթին Ֆէյզիօղլու, Սելճուք Պայրաքթար անձամբ, ինչպէս նաեւ` բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաները:

Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Օսման Աշգըն Պագ կարդացած է նախագահ Էրտողանին մաղթանքը:

Մտահոգիչ այս անկիւնադարձը ի չիք կը դարձնէ UNDP-ACT-ին USAID-ին նպաստով 2009-2012-ի նորոգութեամբ ուրուագծուած նպատակը` հասնիլ հաշտութեան եւ փոխադարձ վստահութեան: Յիշեցնենք, որ հայոց համալիրի նորոգութեան գործը արժանացած է Europa Nostra 2015-ի տարեկան մրցանակին:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Քաղաքապետը Ութ Տարուան Ընթացքին Մասնակցած Է Թուրքիոյ Առնչուող 80 Ձեռնարկի

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.