ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Երեք շաբաթ առաջ, երբ առաջին անգամ գրեցի Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի քարոզարշաւի` Թուրքիոյ հետ ունեցած կապերուն վերաբերեալ Էֆ.Պի.Այ.-ի հետախուզութեան մասին, ես չէի պատկերացներ, որ ատիկա Փանտորային տուփը բանալ կը նշանակէ:
Անցեալ շաբաթ Էտըմզ ստեղծեց պաշտպանութեան հիմնադրամ` գումար հաւաքելու համար, որպէսզի վճարում կատարէ 2021-ի նախընտրական իր քարոզարշաւին ընդլայնուող դաշնակցային հետախուզութեան իրաւական ծախսերուն դիմաց: Օրէնքը թոյլ կու տայ Էտըմզի` իւրաքանչիւր ոքէ ստանալ մինչեւ 5000 տոլար նուիրատուութիւն: Այսուամենայնիւ, ան պէտք է բացայայտէ բոլոր նուիրատուներուն անուններն ու հասցէները:
Ըստ «Նիւ Եորք Փոսթ»-ի, «Դաշնակցային իշխանութիւնները կը հետախուզեն, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամ Թուրքիոյ քաղաքացիները անօրինական կերպով նուիրատուութիւններ կատարա՞ծ են Էտըմզի քարոզարշաւին` օգտագործելով «կեղծ նուիրատուներ»-ու ծրագիր մը, ուր պաշտօնական գրառումներու մէջ թուարկուած նուիրատուները ֆինանսաւորման իրական աղբիւրը չեն, եւ թէ Էտըմզ ծառայութիւն կատարա՞ծ է ծառայութեան դիմաց»:
Բազմաթիւ աղբիւրներ ըսած են «Նիւ Եորք Փոսթ»-ին, թէ` «Էտըմզի վարչակազմի աշխատակիցը, որ, ինչպէս կ՛ենթադրուի, «ոչ պատշաճ կերպով վարուած է» իր քարոզարշաւի դրամահաւաքին վերաբերեալ դաշնակցային փտածութեան հետազօտութեան ընթացքին, աշխատած է քաղաքի Միջազգային յարաբերութիւններու գրասենեակը` նախքան անակնկալօրէն ժամանակաւոր հեռացումը»: Տեղեկութիւնը հաստատած են քաղաքապետարանէն:
Այդ անձնաւորութիւնը Ռանա Ապասովան է, որ քաղաքապետի արարողակարգի տնօրէնն էր: Ծագումով ազրպէյճանցի պաշտօնեան կատարած է քաղաքապետի ձեռնարկներուն նախնական ծրագրաւորումն ու արհեստագիտական ապահովումը եւ ճամբորդած անոր հետ: Տարեկան աշխատավարձը 80 հազար 651 տոլար է: «Նիւ Եորք Փոսթ»-ին յայտնած են, որ ան ստած է դաշնակցային քննիչներուն:
Ապասովա նախապէս աշխատած է իբրեւ համայնքի համակարգող եւ Էտըմզի խորհրդական, երբ վերջինս Պրուքլինի շրջանի ղեկավարն էր: Անոր կենսագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Պատասխանատու էր միջազգային յարաբերութիւններու եւ շրջանի ղեկավարի ու շահագրգիռ կողմերու միջեւ յարաբերութիւններու պահպանման համար, ներառեալ` Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, մահմետական եւ ռուսալեզու համայնքներու եւ ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու: Ան նաեւ աշխատած է դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու հետ` երկիրներու եւ Պրուքլինի շրջանի ղեկավարի գրասենեակի միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու համար` օգնելու յաղթահարել լեզուական խոչընդոտները եւ մշակութային տարբերութիւնները: Նաեւ կազմակերպած է «Թրքական ժառանգութեան» ձեռնարկները եւ աջակցած` քոյր քաղաքներու համաձայնագիրներուն: Ապասովա նաեւ Էտըմզի One Brooklyn Fund ընկերութեան վարչական օգնականն էր, երբ ան դեռ շրջանի ղեկավար էր»:
The City լրատուական կայքը յայտնած է, որ 2017 թուականի ապրիլին Ապասովա կազմակերպած է հանդիպում շրջանի ղեկավար Էտըմզի եւ «Թիւրքեն» հիմնադրամի, զոր յառաջացուցած է նախագահ Էրտողանի զաւակը` Պիլալ: «Թիւրքեն»-ի խորհուրդի անդամներէն երեքը ընդհանուր առմամբ 6000 տոլար ներդրած են քաղաքապետի քարոզարշաւին: Անոր ժամանակացոյցը կը նշէ, որ մասնակցած է «Թիւրքեն»-ի չորս ձեռնարկներուն: «Թիւրքեն» արդարադատութեան նախարարութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ:
Ապասովա Էտըմզի համար կազմակերպած է առնուազն երեք «հանդիպումներ եւ ձեռնարկներ` կապուած Թուրքիոյ հետ, երբ ան շրջանի ղեկավար էր` անոր ժամանակացոյցի քննութեան համաձայն: Անոնցմէ էր 2015-ին Պրուքլինի մէջ թրքական ճաշարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, զոր ան նշած էր իբրեւ «կարեւոր»:
«Փոլիթիքօ» կը հաղորդէ, որ իբրեւ Պրուքլին շրջանի ղեկավար` Էտըմզ «ութ տարուան ընթացքին մասնակցած է Թուրքիոյ նուիրուած մօտաւորապէս 80 ձեռնարկներու, որոնց շարքին` 2015-ին` դրօշի բարձրացման արարողութիւնը, 2018-ին` բարեգործական պարահանդէսը եւ 2020-ին` Թուրքիոյ հիւպատոսի հետ Zoom հանդիպումը»:
Էտըմզի հրապարակային հազարաւոր ժամանակացոյցերը եւ ընկերային ցանցերու բազմաթիւ գրառումները ուսումնասիրելէ ետք, «Փոլիթիքօ» բացայայտած է անոր «անսովոր սերտ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ինչ որ արժանացած է դաշնակցային քննիչներու ուշադրութեան»: 2019-ին, երբ Էտըմզ «կը սկսէր պայքարը Նիւ Եորքի քաղաքապետի պաշտօնին համար, ան միացած է Մարթա Սթիուըրթի` «Թրքական օդանաւային թռիչքներ»-ու (Turkish Airlines) կալա տօնակատարութեան ժամանակ, ընկերութիւն մը, որ այժմ ներգրաւուած է Էտըմզի նախընտրական քարոզարշաւի ֆինանսներու մասին Էֆ.Պի.Այ.-ի ընթացիկ հետազօտութեան մէջ: Ձեռնարկի ընթացքին Էտըմզ լուսանկարուած է ընկերութեան երկու պաշտօնեաներու ձեռքերը բռնած կարկանդակի վրայ. քաղաքապետի մրցավազքին մէջ յաղթելէ ետք ան այդ պաշտօնեաներէն մէկը` Չենկ Օճալին, նշանակեց իր անցումային խումբին մէջ»: Սի.Էն.Էն. ըսած է, որ 2 նոյեմբերին «Թրքական օդանաւային թռիչքներ»-ու ղեկավարին տունը եղած է շարքին մէջ այն վայրերուն, որոնք խուզարկուած են Էֆ.Պի.Այ.-ի կողմէ:
«Փոլիթիքօ»-ի վերլուծումը Էտըմզի` Պրուքլինի շրջանի ժամանակացոյցի մասին, կատարած է երեք մատնանշում «Թրքական օդանաւային ընկերութիւններ»-ու. օդանաւային փոխադրումի համար նախատեսուած երկու խնճոյքներ` 2019 եւ 2020 թուականներուն, եւ 2 հոկտեմբեր 2015-ի գաղտնի գրառումը, ուր պարզապէս գրուած էր. «Վերադասաւորել կ. ե. ժամը չորսին, «Թրքական օդանաւային ընկերութիւն». Ռանա (Ապասովա), իմ նուէրները»:
Էտըմզ ճնշում գործադրած է այն ժամանակ Նիւ Եորքի հրդեհային ծառայութեան յանձնակատար Տանիէլ Նիկրոյի վրայ, որպէսզի ան, հակառակ ապահովութեան մտահոգութիւններուն, թոյլատրէ բարձրայարկ շէնքին բացումը, ուր կը գտնուէր թրքական հիւպատոսութիւնը` նոյնինքն նախագահ Էրտողանի ժամանման առիթով: Նիկրօ ստացած է դատարանի ծանուցագիրը եւ խօսած` Էֆ.Պի.Այ.-ի գործակալներու հետ:
Անցեալ տարի քաղաքապետ դառնալէ ետք Էտըմզ առցանց ելոյթ ունեցած է Պոլսոյ մէջ անշարժ գոյքի համաժողովին, որուն մասնակցած են քաղաքի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Սակայն քաղաքապետի մասնակցութիւնը դուրս մնացած է իր ամէնօրեայ հանրային ժամանակացոյցէն եւ չէր զեկուցուած:
Բացի այն գրասենեակէն, ուր քաղաքապետի քարոզարշաւին համար դրամահաւաք կազմակերպուած էր, Էֆ.Պի.Այ. խուզարկութիւններ կամ հարցազրոյցներ ունեցած է տասնեակ վայրերու մէջ` իբրեւ թրքական աղբիւրներէ քարոզարշաւի նուիրատուութիւններու հետաքննութեան մաս, կը հաղորդէ Սի.Էն.Էն.:
2022-ին «Էտըմզ երկու ուղեւորութիւն կատարած է դէպի Թուրքիա. մէկը` օգոստոսին, ֆինանսաւորուած` բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ, անոնց շարքին` Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը, համաձայն «Փոլիթիքօ»-ի ձեռք բերած ֆինանսական բացայայտման: Տեղական THE CITY լրատուականը վերջերս ըսած է, որ «Թրքական օդանաւային թռիչքներ»-ը նոյնպէս մասնակցութիւն ունեցած է այդ ճամբորդութեան, սակայն այդ չէ նշուած պահանջուող տարեկան բացայայտման մէջ: Չորս ամիս անց, ըստ ֆինանսական բացայայտման, կազմակերպութիւն մը, որ կը կոչուի Զբօսաշրջութեան երիտասարդ առաջնորդներու ընկերակցութիւն, ֆինանսաւորած է Էտըմզի եւս մէկ ուղեւորութիւնը դէպի Թուրքիա: Այս ճամբորդութիւնները քաղաքապետին կողմէ կատարուած կէս տասնեակ ճամբորդութիւններու մէկ մասն էին, որ, ըստ քաղաքապետին, կատարած է դէպի այդ երկիրը, ներառեալ 2017-ի այցելութիւնը իր զաւկին` Ճորտընի հետ», ըստ «Փոլիթիքօ»-ի:
Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին, Պրուքլինի շրջանի ղեկավարի պաշտօնով Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Էտըմզ ըսած է, որ հետաքրքրուած է Պոլսոյ մէջ տուն գնելու հարցով: Էտըմզ նաեւ ըսած է, որ այնքան գոհ է «Թրքական օդանաւային թռիչքներ»-էն, որ այդ օդանաւային ընկերութեամբ ան կը թռչի ոչ միայն Թուրքիա, այլեւ` աշխարհի այլ մասեր, օրինակ` Հնդկաստան:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ