ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Կար ժամանակ, ոչ հեռաւոր, երբ կ՛ահազանգէինք, կ՛արձագանգէինք, կը հրապարակէինք կամ կ՛արձանագրէինք մահուան բօթերու կամ գոյժերու մասին, անոնք ըլլային անակնկալ, յանկարծահաս, հիւանդութեան կամ այլ տխրահունչ մեկնումներու առիթներով:
Այս շիջումները, անցումները կամ կորուստները կը նկատուէին, իրենց զանազան տարբերակներով, տերեւաթափեր, փետրաթափեր կամ ճիւղեղաթափեր, որքան ալ ըլլային բնական եւ սովորական, բայց, վերջին հաշուով, անոնք դառնալով բացարձակ իրականութիւններ ու թափանցիկ ճշմարտութիւններ:
Իսկ վերջին տարիներուն, հոս ու հոն, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, երբ ականջալուր կ՛ըլլանք հայ ժողովուրդին կամ համայնքին մէջ տեղի ունեցած (եւ ունեցող) ականաւոր, նշանաւոր ու հանրայայտ ազգայիններու, հեղինակութիւններու ու մտաւորականներու նուազումին, յատկապէս` մահացողներու թէ մահկանացուներու կարգով, արդէն զգալի կը դառնայ, այլեւ` շօշափելի, թէ ամէնուրեք կայ թիւի եւ որակի, քանակի եւ մակարդակի աննախընթաց նահանջ մը, անկում մը, ուր յայտնի կը դառնան ՉՈՐ ու ԴԱՌՆ երեւոյթներ` առնչուած մեր ընթացիկ կեանքին հետ:
Անշուշտ մահը անխուսափելի է, բոլորին է, երբ ժամանակը գայ, նոյնիսկ եթէ անիկա կանխահաս է: Ո՞վ կրնայ շրջանցել կամ ուրանալ անոր եղելութիւնը, որքան ալ անիկա ըլլայ ցաւալի, տխրալի ու վշտալի:
Այդուհանդերձ, երբ երկիրը «լքող»-ները կ՛ըլլան հանրածանօթ անձնաւորութիւններ, իրենց վարկով ու դիրքով, վաստակով ու ներդրումով, աւանդով ու կշիռով, անուանիութեամբ ու ժողովրդականութեամբ, անոնց նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերելը, անյիշելիութեան դիմելը աններելի եւ անընդունելի բիրտ վերաբերմունքներ են:
Մենք չենք ըսեր կամ չենք ակնարկեր այն պարագաներուն, որոնք կ՛արժանանան համապատասխան յարգանքներու ու մեծարանքներու` թէ՛ իրենց կենդանութեան, թէ՛ յետմահու:
Սակայն անոնք քանի՞ տոկոս կը կազմեն, եւ ո՞ւր պէտք է դասել այն բոլոր մոռացութիւնները, անտեսումները, կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար թէ ոչ, երբ արժանաւորը կ՛ապրի օրինակելի ու բեղուն կեանք մը, եւ կամ այս աշխարհէն կը մեկնի թողլքուած ու պարզունակ հրաժեշտով մը:
Չկա՞ն նման օրինակներ. անգամ մը յամենալ պէտք է պարզելու համար տխուր պատկերներու ամբողջ շարան մը, որ համարեա ամէնօրեայ դրութեամբ, մեր շրջապատին մէջ է:
Ինքնին մե՜ծ հարցականութիւն մը չէ՞, երբ անձնազոհ ու գիտակից, ձեռնհաս ու բանիմաց սերունդներու ներկայացուցիչներ, իրենց կեանքին գնով, կը զոհուին ու կը զոհաբերեն, կը նուիրուին ու կը նուիրեն, կը փայլին ու կը փայլեցնեն, կը ծառայեն ու կը ծառայեցնեն ոչ թէ իրենց անձնական քմայքով ու հաճոյքով, այլ` յօգուտ շրջապատին, համայնքին ու հաւաքականութեան բարօրութեան ու բարեկեցութեան պայծառատեսութեան:
Բայց պնդաոճ միջավայրը կա՛մ ինքզինք հաւկուր կը ձեւացնէ, կա՛մ ալ ապիկար` մրոտելով եւ անգոսնելով մեծութիւններ եւ յարգելիութիւններ:
***
Այս հարցը, իր զանազան երեսներով ու նմուշներով, միշտ ալ չարչրկած է զիս` ականատես ըլլալով անիրաւութիւններու եւ անարդարութիւններու, անպատշաճութիւններու եւ անհեթեթութիւններու, որոնք կ՛արատաւորեն ոչ միայն մեր ներաշխարհը, այլեւ մեր դիմագիծը` իր զանազան ու բազմատեսակ երանգներով:
***
Այս բարձրաձայն մտորումէն ետք անցնիմ գլխաւոր նիւթին, որ այսօրուան (եւ վաղուա՞ն) մտահոգիչ օրակարգերէն մէկը կրնայ նկատուիլ:
1970-ական թուականներուն սկիզբը, Երեւանի պետական համալսարանէն շրջանաւարտս, զուտ մասնագիտական աշխատանք չգտնելով, մուտք կը գործեմ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի կեդրոնական գրասենեակէն ներս, ուր, մինչեւ 1990 թուականը, կը վարեմ զանազան պատասխանատու պաշտօններ (որոնց շարքին նաեւ «Խօսնակ» ամսաթերթի պատասխանատու խմբագրապետութիւնը` 16 տարի):
Առաջին տարիներուն կը ծանօթանամ յարգելի, բարեհամբոյր, ազնիւ ու լրջախոհ մտաւորական ՅԱԿՈԲ ԹՈՐՈՍԵԱՆին, որ կրթական հարցերու պատասխանատու էր, բայց նաեւ` հմուտ լեզուագէտ, քերականագէտ, ուսուցիչ, յօդուածագիր եւ, ընդհանրապէս, իր կոչումին հարազատ կրող մը:
Իրմէ շատ բան սորվեցայ, անկեղծօրէն, մանաւանդ` իր կարգ մը լեզուագիտական հրատարակութիւններու ծիրէն ներս:
Հետագային, երբ «Զարթօնք»-ի խմբագրութիւնը ստանձնեցի, Յակոբ Թորոսեանը դարձեալ անոր էջերուն մէջ «կը ճեմէր»` իր բառագիտական, ուղղագրական, բառարանագրական եւ առ հասարակ լեզուագիտական ներդրումներով, որոնք կը հարստացնէին «Զարթօնք»-ի լուսաճաճանչ սիւնակները:
(Հոս, կը փափաքիմ արձանագրել նաեւ հետեւեալը.
Եղաւ պահ մը, երբ մտածեցի` ինչո՞ւ մեր երախտաւոր անուանի թէ համեստ կարգ մը մշակներու ու մտաւորականներու մասին չարտայայտուիմ, որոնք սկսած էին կամաց-կամաց մոռացութեան մատնուիլ, հետեւաբար գրեցի կրթական մշակներ` Սօսի Պետիկեանի, Երուանդ Կրպոյեանի, Երուանդ Պապայեանի, Անդրանիկ Պոզոյեանի, գործիչ Վարդգէս Գարտաշեանի մասին, սակայն յանկա՜րծ ԽՌՊՈՏ հեռաւոր ձայն մը թունաւորեց մթնոլորտը` իր արտառոց ու հեգնախառն եւ անվայել արտայայտութիւններով, իսկ ատիկա ցնցեց զիս, մանաւանդ երբ անիկա կու գար «բազմատաղանդ»-ի մը կողմէ, ուստի յաջորդը, որուն մասին պիտի արտայայտուէի, ատիկա համակրաշատ Յակոբ Թորոսեանն էր, բայց…):
***
Յակոբ Թորոսեանի երէց որդւոյն անունին ծանօթ էի ընդհանրապէս ՀԵԸ-ի շրջանակներէն ներս, նախ` «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի ոլորտէն, ապա` «Զարթօնք»-ի սինեմաշխարհի սիւնակներէն, ուր ան կը գրաւէր իւրայատուկ տեղեր` իր հարուստ գիտելիքներով ու փորձագիտութեամբ, վերլուծութիւններով ու դիտարկութիւններով:
Լեւոնը իր թատերական հարուստ եւ ինքնատիպ մօտեցումներով, սուր դիտողականութեամբ եւ անմիջական թափանցիկութեամբ, անմրցելի ներկայութիւն մըն էր` նոյնիսկ երբեմն «զայրոյթ» պատճառելով այն վարչականներուն ու դերասաններուն, որոնք չէին համաձայներ անոր կառուցողական քննադատութիւններուն հետ, բայց, իր կողմէ յետ համոզիչ բացատրութեանց ու լուսաբանութեանց, ամէն ոք կը համակերպէր ու կը բաժնէր անոր առարկայական ու տրամաբանական վարկածները:
Ինչպէս բեմադրիչները, բեմակատարները, դերասանները, դերակատարները, նաեւ թատերախումբին շուրջ համախմբուած ու համալրուած պատասխանատուները, օրինակ` բազմավաստակ ուսուցիչ Օննիկ Սարգիսեանը, կը վկայէին, որ Լեւոնը «ճշգրիտ ուղի»-ի վրայ եղած է միշտ, որովհետեւ ատիկա իր արուեստագիտական եւ արուեստապաշտական աշխարհը եղած է, որուն միշտ «հնազանդ ու հաւատարիմ» մնացած է:
«Զարթօնք»-սինեմաշխարհը ուրիշ հրապուրիչ ու զգլխիչ կալուած մըն էր, որ թէ՛ թերթը կը ճոխացնէր ու կ՛արդիականացնէր, թէ՛ ընթերցողը (մանաւանդ` երիտասարդ) կը ներգրաւէր ու կ՛առնչէր մամուլին հետ:
Լեւոնին առաւելութիւնը եւ իւրայատկութիւնը այն էր, որ ան, ըլլալով ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի ԱՌԱՋԻՆ փայլուն շրջանաւարտներէն, որքան գիտականութեան, նոյնքան եւ աւելի մտաւորականութեան սերունդ դարձաւ, ինչ որ բացառիկ պատիւ մըն էր թէ՛ իրեն համար, թէ՛ վարժարանին հաշուոյն:
***
Իմ մտերմիկ, անկեղծ ու սրտամօտիկ յարաբերութիւնները «վերածնունդ» առին, թարմացան ու զարգացան, երբ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Լեւոնը յաճախ կ՛այցելէր Պէյրութ (Այնճար` իր արմատներուն կրկնօճախը), բայց առաջին գործը կ՛ըլլար հանդիպելու իր ազգային-գաղափարական, մշակութային-հրապարակագրական օճախ` «Զարթօնք» ու Թէքէեան մշակութային կեդրոն:
Կը յիշեմ, թէ որքա՛ն ուրախ էր ու հպարտ, որ տակաւին կայ «Զարթօնք» ու Թէքէեան մշակութային միութիւն, բայց որքա՜ն ցաւ ու մորմոք կ՛ապրէր, երբ կ՛անդրադառնար անոնց «անփառունակ» սահանքներուն, որոնք երբեք չէին կրնար վայել ըլլալ անոնց հսկայաւանդ կատարած անցեալի սխրագործութիւններուն ու նուաճումներուն:
Լեւոնը, շաբաթօրեայ յաճախականութեամբ, դիմացս էր` «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն, որուն այնքան այլող կարիքն ու պահանջը ունէր` վերյիշելով գերսամական տարիները, իր տաք ու պաղ ալիքներով, բայց` միշտ հաստատուն հիմքերու մէջ մնալու վճռակամութեամբ:
Այսպէս էր Լեւոնը, այսպէս հետը առնչուեցայ ու մտերմացայ, իսկ ինք, հակառակ բոլոր տեսակի բազմաբեւեռութիւններուն ու հակամարտութիւններուն, իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր, որ ես տակաւին… Գերսամը կը ներկայացնեմ, իսկ ատիկա զիս կը շոյէր, այլեւ կը գօտեպնդէր, մինչեւ որ օր մը հասաւ, երբ Լեւոնը Պէյրութ կ՛այցելէր, բայց «Զարթօնք» չէր հանդիպեր, որովհետեւ, ըստ իրեն, «Եթէ դուն հոն չես, ես ինչ գործ ունիմ հոն, ուր ինծի համար չկայ նախկին ջերմութիւնը ու հարազատութիւնը»:
Լեւոնը իր հաճելի մեղմաժպիտով եւ ակնարկով, բայց, խորաթափանց հայեացքով, ամբողջական նուիրուածութեամբ մնաց «կառչած կաղնի» մը իր արմատներուն` առանց յուսահատելու եւ յուսալքուելու, հաւատալով իր ինքնութեան անսասանութեան եւ յաւերժութեան երթին:
Հակառակ իր բազում ու բազմակողմանի մտաւորական ներուժին ու վաստակին, իր շահեկան գրառութիւններուն ու հրատարակութիւններուն, ան միշտ եղաւ համեստ` յաճախ մնալով լուսարձակներէ հեռու, բայց` միշտ արտադրող, պեղող եւ արդիւնաբերող ուժականութիւն մը:
Իսկ ինչո՞ւ ան չարժանացաւ լուրջ ուշադրութեան ու հոգատարութեան` առնուազն ոգեկոչելով ու գնահատելով անոր բերած նպաստն ու դերը պատկան շրջանակներու կողմէ, որոնց ծառայեց անձնուիրաբար եւ անսակարկօրէն` իր ամբողջ էութիւնը ու հարստութիւնը տրամադրելով մեր լեզուին, մշակոյթին, արուեստին, գրականութեան եւ մեր ազգային արժէքներուն:
Այսօր Լեւոնը մեկնած է անդենական աշխարհ` իր ետին ձգելով ճոխ աւանդ մը, մինչ նոյն լռութիւնը եւ անխօսութիւնը դարձեալ կը մնան զգալի ու հպելի, բայց, բոլորս զինք եւ իր գործերը կարեւորող եւ վերյիշող ազնիւ բարեկամները, նախկին աշակերտներէն ու գործընկերներէն շատեր հպարտ կը զգան, որ Լեւոնը իրենց կեանքին մէջ, «տեղ մը» կա՛յ, մնացած է:
Յարգե՛լ իր յիշատակը եւ արժեւորել իր բազմաշնորհութիւնը:
Ա՛յս է հիմնականը:
Պէյրութ