Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Արհեստական Բանականութիւնը Գերազանցե՞ց Դաստիարակի Կերպարը (9 Մարտ – Ուսուցչաց Տօն)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կամայ թէ ակամայ մարդկութիւնը մուտք գործեց արհեստագիտութեան նոր դարաշրջան ու իր «ենթակայութիւն»-ը յայտնեց յեղաշրջող գիտական նուաճումներու, որոնք տարուէ տարի առաւել կը բազմանան ու տիրապետելու իրենց սեփական կամքը կը փորձեն պարտադրել հետագայ սերունդներու: Այս անխուսափելի իրողութեան դէմ յանդիման` մարդ արարածին կեանքն ու հոգեկերտուածքը, ապրելակերպն ու մտածելու եղանակը արդէն կը դիմագրաւեն շատ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց սոսկ ընդգծումով` մեզ ահաւոր կացութեան...




















