Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օրհնեսցի … Յանուն Սրբոյն Յակոբայ Հաստատեալ Եկեղեցիս…»

Մարտ 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Առաջնորդական փոխանորդ Ճեզիրէի Հայոց

90 երկար տարիներ առաջ, 4 նոյեմբեր 1934-ին, պատմական Հայաստանի սահմանակից քաղաքէն` նորահաստատ Գամիշլիէն, հնչեց ձայնը Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսին հետեւեալ խօսքը. «Օրհնեսցի եւ օծցի…», ապա «Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի յանուն Սրբոյն Յակոբայ հաստատեալ եկեղեցիս…»:

Տեղահանութենէն ետք, ինչպէս հայերուն վիճակն էր ամէնուրեք, նոյնպէս էր Գամիշլիի հայ ժողովուրդինը: Անտուն, անտիրական, մինչեւ որ կաթողիկոսարանը եւ առաջնորդարանը իրենց տէր կանգնեցան: Ժողովուրդը անուս էր եւ մեծամասնութեամբ` քրտախօս: Այդ իսկ պատճառով աշխատանքի կը ձեռնարկուի եւ առաջին հերթին գամիշլիցիներ իրենց ուժերով, ըստ իրենց կարողութեան, տէր կը կանգնին իրենց զաւակներուն: Տուներու մէջ հայ լեզուի դասեր կը տրուին, քրտախօս հայութեան համար քահանայի մը դասաւորումը կ’ըլլայ Գաբրիէլ քհնյ. Երէցեանի շնորհիւ (ապա` Տէր Գրիգորեան), իսկ ժողովուրդի մնացեալ մասին հոգեւոր մատակարարումը կը կատարուի Աշոտ քհնյ. Փափազեանի կողմէ:

Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ հայ ժողովուրդը սրահներ կը կառուցէ եւ այդ սրահները կ’օգտագործէ որպէս հոգեւոր ու մտաւոր գիտութեանց մատակարարման կեդրոններ: Սուրիահայ օգնութեան խաչի եւ ՀԲԸՄ-ի օգնութեամբ գոհացում կը տրուի աշակերտներուն, հայ ընտանիքներուն եւ ուսուցիչներուն:

Երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսի դէպի Ճեզիրէի շրջան հովուապետական անդրանիկ այցը տեղի կ’ունենայ 1934-ին: Վեհափառ հայրապետը 24 հոկտեմբերէն մինչեւ 12 նոյեմբեր կ’այցելէ` Պապ, Մումպուճ, Ճարապլուս, Արաբ Բունար, Այն Արուս, Թել Ապիատ, Թինա, Ռաքքա, Թել Սիման, Խըրպըթ Ռըզ, Ռաս Ուլ Այն, Տրպեսիէ, Ամուտէ, Գամիշլի, Գուպուր Պիթ, Վանիկ, Տէրիք, Այն Տիվար, դարձեալ` Գամիշլի, Թել Պրաք, Հասիչէ եւ Տէր Զօր:

Ճեզիրէի փոխանորդութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատուի 1941 թուականին: Մինչ այդ` 1931-էն մինչեւ 1942, առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօնը կը կատարէ Աշոտ քհնյ. Փափազեան: 1934-էն սկսեալ Հալէպի առաջնորդարանը աշխատանք կը տանի եւ այդ օրերու կաթողիկոսներէն եւ տեղապահներէն Ճեզիրէի շրջանին համար վեղարաւոր մը կը խնդրէ: Ի պատասխան այս խնդրանքին` Ս. Աթոռիս Միաբանական ընդհանուր ժողովը 4 սեպտեմբեր 1941-ի նիստին սկզբունքով կ’ընդունի վեղարաւոր մը ղրկել Ճեզիրէ: Նիստի ատենագրութեան մէջ կ’արձանագրուի. «Նկատելով, որ ներկայիս հարկ կը տեսնուի հին թեմերը բարեփոխելու եւ նոր թեմեր կազմելու, ինչպէս` Ճեզիրէի, Զահլէի, Պեքաայի եւ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի շրջանները, յետ խորհրդակցութեան, ժողովս որոշեց սոյն խնդիրը տեղապահ սրբազանին մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան յանձնել` խնդրելով,  որ այժմէն ձեռնարկէ գործին նախապատրաստութեան ու տեղեկագրէ յառաջիկային գումարուելիք (նոյմ. 16) Ազգային ընդհանուր ժողովին: Սակայն նկատի ունենալով Ճեզիրէի հոծ հայութեան անմիջական կարիքները եւ Հալէպի առաջնորդարանի տարիներէ ի վեր կատարած դիմումները` սոյն խնդրին համար, ժողովս սկզբունքով ընդունեց վեղարաւոր մը ղրկել հոն` իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ` ցնոր տնօրինութիւն»:

Միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումէն ետք, Տնօրէն ժողովը 15 հոկտեմբեր 1941-ին յարմարագոյն միաբանը կը նկատէ Խորէն վարդապետը: Իսկ Հալէպի Խառն ժողովի ընտրութեամբ, 2 փետրուար 1942-ին, որպէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ կ’ընտրէ դարձեալ Խորէն վարդապետը եւ, այսպիսով, հայր սուրբը կը մեկնի Գամիշլի, ուր կը գտնուէր 35,000 հայ բնակիչ:

Հայր Խորէնը 14 մարտ 1942-ին կը հասնի Գամիշլի եւ Ճեզիրէ, անմիջապէս աշխատանքի սկսելով 11 ապրիլ 1943-ին` կը կառուցէ առաջնորդարանը եւ հինգ սենեակնոց մանկապարտէզը:

90 տարիներ անցան եւ տակաւին Գամիշլիի ժողովուրդը իր երթը կը շարունակէ` իր եկեղեցւոյ հանդէպ նոյն երկիւղածութեամբ: 90 տարիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր արժէքը ունի` լիառատ աշխատանքով: Աղիւսապատ, խեղճուկրակ, սակայն աստուածային զօրութեամբ լեցուն եկեղեցիէն մինչեւ շքեղ, քառապատ տաճարի վերածուիլը: Քրտախօս ժողովուրդէն մինչեւ հայախօս ժողովուրդի վերածուիլը: 90 տարի` դժուարութեամբ եւ խոչընդոտներով լեցուն, սակայն` աննկուն կամքով եւ յարուցեալ Քրիստոսի օրինակով յարութիւն առած եւ յառաջ գացած իբրեւ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդ:

Այսօր հին սերունդէն եկած նոր սերունդս մեր յաջողութիւնները` որպէս 90-ամեայ աշխատանքներու ընծայ, կու գանք դնելու մեր Աստուծոյն առջեւ` մեր նախնիներուն փոխարէն:

90 տարի ետք կու գանք ըսելու. «Շնորհակալ ենք, ո՜վ մեր երանելի նախորդներ, որ ձեր ճակտի քրտինքով հիմնեցիք այս շրջանը, ձեր աշխատանքի քրտինքը հողին հետ շաղախուելով` աճեցուց մեզ, ձեր ձեռքերով կատարած աշխատանքը պարարտացուցիչ դարձաւ եւ ահա այսօր ձեր ցանած ծառէն քաղցր պտուղ կը ճաշակենք:

Օրհնեալ ըլլայ ձեր յիշատակը եւ օրհնեալ ըլլայ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցին իր ժողովուրդով»:

Աղօթարար`

ԼԵՒՈՆ ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Առաջնորդական փոխանորդ Ճեզիրէի Հայոց

————–

1.- «Թեմական այցելութիւն, հոգեւոր մխիթարութիւն», «Հասկ», Անթիլիաս, դեկտեմբեր 1934, էջ 103:
2.- Նոյն անդ, էջ 101-110:
3.- Ճեզիրէի փոխանորդութիւնը, «Հասկ», Անթիլիաս, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1947, էջ 297:
4.- «Տ. Խորէն վրդ. Բարոյեան առաջնորդական փոխանորդ Ճեզիրէի Հայոց», «Հասկ», Անթիլիաս, մարտ-ապրիլ 1942, էջ 64:
5.- «4 Թեմերու կազմակերպութիւն», «Հասկ», Անթիլիաս, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1941, էջ 150:
6.- Զօհրապեան, Կիւրեղ եպս., «Յուշեր», Ս. Ղազար-Վենետիկ, 2007, էջ 220:
7.- ԿՀՄՏԿԱ, հ. 3, ց. 1, գ. 85, թ. 17, բնագիր, ձեռագիր, թուահամար 214, թուակիր 13 ապրիլ 1943:

 

Նախորդը

Արցախեան Շարժումը Մոռացութեան Տալու Փաշինեանի Վարքագիծը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Օրհնութիւնը Տուաւ «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն»-ի Ծրագիրին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?