ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կամայ թէ ակամայ մարդկութիւնը մուտք գործեց արհեստագիտութեան նոր դարաշրջան ու իր «ենթակայութիւն»-ը յայտնեց յեղաշրջող գիտական նուաճումներու, որոնք տարուէ տարի առաւել կը բազմանան ու տիրապետելու իրենց սեփական կամքը կը փորձեն պարտադրել հետագայ սերունդներու:
Այս անխուսափելի իրողութեան դէմ յանդիման` մարդ արարածին կեանքն ու հոգեկերտուածքը, ապրելակերպն ու մտածելու եղանակը արդէն կը դիմագրաւեն շատ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց սոսկ ընդգծումով` մեզ ահաւոր կացութեան կը մատնեն, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ մարդկային ստեղծարար միտքն անգամ կրնայ ժամանակ մը ետք ընկրկիլ իր իսկ հնարած գիտական նուաճումին ընդառաջ:
Ահաւասիկ մեր օրերու ու գալիք տասնամեակներու մեծագոյն հարցադրումը. արդեօք արհեստական բանականութիւնը պիտի կարենա՞յ իր անվերահսկելի եւ մեծ կարողականութեամբ յագեցած ուժը բանեցնել մարդկային կազմաւորումին վրայ ու այլապէս յեղաշրջել ժողովուրդներու առօրեան, կարգն ու սարքը եւ փոփոխութեան ենթարկել մարդկային վերաբերումներու հարթակը:
Յաճախ, երբ մեր մտածական տարածքի սլաքները կ՛ուղղենք հաւաքական կեանքի մէջ առկայ զանազան տեսակի մտահոգութիւններու, տագնապներու, նաեւ կատարուած աշխատանքներու, առաջին հերթին մեր մտքի պաստառին վրայ լայն ու խոր տարողութեամբ կ՛ուրուագծուին` հիմնական երկու արժէքներու պատկերներ, մեր պարագային, զիրար ամբողջացնող արժեհամակարգային տարրեր, որոնք դարերու ժառանգ հանդիսացած են ու գոյութենական մարտնչումներու առանցքը կը կազմեն:
Այո՛, անոնք, մեր դասական ըմբռնումով հայ վարժարանն ու դաստիարակն են, երկու ամրակուռ յենարաններ` իրարմով սնուցող եւ զիրար ամբողջացնող:
Իսկ ի՛նչ է եղած այս երկու պատուաբեր յենարաններուն առաքելութիւնը, պատմական թէ արդի ժամանակներու կեանքի հոլովոյթին ընդառաջ եթէ ոչ մարդկային ու ազգային արժէքներու ինքնաճանաչումի սնուցում, սերունդներու մտքի ու հոգիի լուսաւորում, հայօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու գիտակցութեան ջամբում, հայրենիքի, մշակոյթի, մայրենի լեզուի ու սեփական պատմութեան հանդէպ սէր ու հաւատարմութիւն ուսուցանելու պատեհութիւն եւ այլն, եւ այլն:
Ու այս առաքելութեան տիրութիւն ընելու գիտակցութենէն թելադրուած, հայ ուսուցիչ-դաստիարակը դարեր շարունակ ճակատամարտեր մղած է իրագործելու այն սրբազան աշխատանքը` հայապահպանութիւնը, այսինքն` հայու տեսակը առոյգ եւ պաշտպանուած պահելու խոր համոզումը:
Աւելի՛ն. հայրենազուրկ սերունդներու դաստիարակութեան կոչուած հայ դաստիարակին գործը առաւել դժուարացած է, որովհետեւ հայրենի հողէն, ջուրէն եւ օդէն խզուած նորահաս սերունդներ, ճակատագրուած ըլլալով դաժան ձուլումի եւ ենթակայ օտարամուտ ազդեցութիւններու, արդէն իսկ բազմապատկած է հայ գիր ու գրականութիւն, պատմութիւն ու մշակոյթ դասաւանդող հայ ուսուցիչին գործը:
Արդ, հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչին նկատմամբ ցարդ ցուցաբերուած վերաբերումը`յարգանքի, գնահատանքի թէ նիւթականի յանձանձում եւ այլն, եղած են շատ անգամ` յապաղած:
Փաստօրէն, հայ ուսուցիչի վաստակն ու տարիներու նուիրումը շքանշանով վարձատրութիւնը լոկ ժամանակի մը դրսեւորումն է, անցողակի ու մոռացութեան տրուած շատ անգամ: Իրեն նկատմամբ ցարդ կատարուած հոգածութեան տարբեր արտայայտութիւնները կը մնան պակասաւոր այնքան ատեն որ ան զերծ չի մնար նիւթականի մտատանջութենէ եւ պատուաբեր ապրուստ ապահովելու ամէնօրեայ տագնապէ:
Եթէ երբեք կ՛ուզենք վերաձեւաւորել եւ ոտքի պահել գաղութահայ կեանքը, ապա պարտաւոր ենք մեր հայեացքները կեդրոնացնել հայ դաստիարակի կերպարին վրայ, որովհետեւ ան է հաւաքական մեր կեանքին շունչ ու ոգի մատակարարողը, անով մենք կը հայանանք եւ ինքնուրոյն դիմագիծ կը ստանանք:
Այլ խօսքով, հայ ուսուցիչի վերաորակաւորումը ու անոր գիտական բարձր ամպիոններ նուաճելու երազը հարկ է երաշխաւորել, իրականացնել յանուն ազգային արժէքներու բոցավառումին եւ յառաջդիմութեան:
Քաջ հաւատացողն ենք, որ ի զուր կը հնչեն այն բոլոր մտահոգութիւններն ու կազմակերպուած խորհրդաժողով-սեմինարները, որոնք կ՛անդրադառնան գաղութի կեանքին ու ապագային եւ մոռացութեան կու տան առանցքային հասկացութիւն մը, որ առանց հայ վարժարանի հզօրացման ու հայ դաստիարակի հանդէպ խոհական ու առողջ վերաբերումին` անխուսափելի է ինքնութեան, լեզուի ու մշակոյթի կորուստը:
Արդ, հարկ է ներշնչել նորահաս սերունդները, որ նոյնիսկ արհեստական բանականութեան այս դարուն, անփոխարինելի կը մնայ հայ ուսուցիչ-դաստիարակի կերպարը, այնքան ատեն որ հայու սիրտը կը տրոփէ Արարատ լերան սիրով: