Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Աշխարհը Կառավարող «Իմաստուններ»…

Մարտ 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհի այս կամ այն շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ աղէտալի զարգացումներուն հետեւողը, եթէ պահ մը «շունչ մը քաշէ» եւ բանականութիւնը գործածելով` կշռադատէ եղած-չեղածը, դժուարութիւն չ՛ունենար եզրակացնելու, որ աշխարհը ներկայիս (խորքին մէջ` երկար ատենէ ի վեր) կը ղեկավարուի «իմաստուններով», որոնք տխմարութիւններ դուրս տալու, տագնապները դարմանելու փոխարէն` կրակին վրայ քարիւղ թափելու «քաղաքականութեան» կը հետեւին: Ու եթէ ներկայ փուլի ամէնէն տաք գօտիները կը հանդիսանան Ուքրանիան ու Կազան, դժուար չէ տեսնել, որ երեւութապէս մեղմացած գօտիներ կը մնան նոյնքան վտանգաւոր կրակի վրայ:

Վերցնենք քանի մը օրինակ, որոնցմէ կարելի է հետեւութիւններ հանել այլ շրջաններու, անոնց նկատմամբ նո՛յն «իմաստուններուն» դիրքորոշումներուն մասին:

– ՈՒՔՐԱՆԻԱ. Ֆրանսայի նախագահը քանի մը օր առաջ հրապարակ եկաւ չնաշխարհիկ մտածումով մը. ըսաւ, որ պէտք է արեւմտեան երկիրներէ, այսինքն` ՕԹԱՆ-էն, զինուորներ ղրկել մարտադաշտ` Զելենսքիի իշխանութիւնը պաշտպանելու եւ ռուսերը հեռացնելու համար (անմիջապէս արձանագրենք, որ ռուսերը ասկէ-անկէ վանելու դիտաւորութիւնը փորձառական դաշտ ընտրած է նաեւ Հայաստանը): ՕԹԱՆ-ի միւս անդամները անմիջապէս հակազդեցին, թէ` Մաքրոն իր կօշիկէն վեր ելած է, պէտք չէ ելլէ (այլ հարց, թէ իրենք, կամ զիրենք կառավարողները, իսկապէս ի՛նչ կը մտածեն նման առաջադրանքի իրականացման մասին): Ռուսիոյ հակազդեցութիւնը եղաւ աւելի՛ սպառնական, ու Փութին անգամ մը եւս խօսեցաւ կորիզային զէնքերը դէպի Արեւմուտք լարելու մասին: (Կ՛ընէ՞, չ՛ընե՞ր, բոլորովին այլ հարց եւ… արհաւիրքի նախանշան): Եւ շուտով տարածուեցան մեկնաբանութիւններ, թէ` Մաքրոնի այս մտածումը քիչ մը «անհատական» նկարագիր ունի, որովհետեւ ռուսերը ճիգ ըրին եւ ֆրանսացիները դուրս շպրտեցին արեւմտեան Ափրիկէի կարգ մը «գաղութներէ»: Կամ այն, որ ֆրանսացիներուն ախորժակն ալ բացուած է, կ՛ուզեն մասնակից դառնալ Ուքրանիոյ շուրջ ուռճացող զէնքի շուկային, անկախ անկէ, թէ նման մրցավազք, որ արդէն կտրած է երկրորդ տարուան սահմանը, ինչպիսի՜ ահաւոր հետեւանքներ կ՛ունենայ Ուքրանիոյ վրայ, այսինքն` քանդում, զոհեր, վիրաւորներ, գաղթականներ, տնտեսութեան կործանում…

– ԿԱԶԱ. Կազացիք այս օրերուն եօթներորդ ամսուան մոմը պիտի տնկեն արիւնաշաղախ կարկանդակին վրայ. վեց ամսուան մէջ արձանագրուած է աւելի քան 30 հազար զոհ, վիրաւորներու եւ քանդումի հաշիւը եւս շա՛տ ծանր է: Աշխարհի` ինքզինք քաղաքակիրթ ու մարդու կեանքի արժէքը բարձր բռնող աշխարհի աչքերուն առջեւ, «Համասը պիտի ոչնչացնենք»-ի դրօշը պարզած իսրայէլեան իշխանութիւններուն ոճիրները կը շարունակուին ԱՆԿԱՇԿԱՆԴ: Զինադուլի կոչերը, որոնք կը հասնին Իսրայէլի ամէնէն սերտ գործակիցներէ՛ն անգամ, գործնական ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենան: Ինչո՞ւ. որովհետեւ «զինադուլը անյետաձգելի է» ըսողներ գործնական ո՛չ մէկ զսպիչ քայլ կ՛առնեն, իսկ «գլխաւոր բարեկամ»-ը` Միացեալ Նահանգներ, մէկը միւսին ետեւէ կը խափանէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սեղանին հասնող մինչեւ իսկ սոսկական զինադուլի մը հաստատման միտող բանաձեւերը` հազար ու մէկ դատարկաբանութիւն մէջտեղ նետելով: Այլ խօսքով, Պայտըն, իր փոխնախագահն ու նախարարներ, բանբերներու ամբողջ երգչախումբը, դաշնակիցներու հետ միասին, բացայայտ դարձուցած են, որ Նեթանիահու պէտք չունի անսալու իրենց կոչերուն, այլ անոր կը թելադրեն շարունակել ջարդն ու քանդումը: Կարմիր ծովուն մէջ տեղի ունեցող վտանգաւոր զարգացումները եւս բարիք չեն խոստանար, որովհետեւ այդ գօտիին մէջ եւս աշխարհի «իմաստունները», մթնոլորտ մեղմացնելու եւ դարմաններ գտնելու փոխարէն, կը բարձրացնեն սպառնալիքներու, ռազմական գործողութիւնները աւելի՛ եւս ընդարձակելու մարտակոչերուն տեսիպելները (ի հաճութիւն, օրինակի համար, զէնքի արտադրիչներուն եւ «պատերազմի ճարտարարուեստը» դէպի շահու նոր բարձունքներ տանողներուն):

– ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Գերագոյն ատեանը, չես գիտեր` ինչո՛ւ, ընտրութիւններու առաջին փուլի նախօրեակին բեկանեց դատական բոլոր այն վճիռները, որոնք կրնային արգելք ըլլալ նախագահական ընտրապայքարին Թրամփի մասնակցութեան: Իմաստո՜ւն դատաւորները փաստօրէն կ՛ըսեն, թէ պէտք է մոռնալ ո՛չ միայն նախկին նախագահին ձախաւերութիւնները, այլ նաեւ այն, որ անոր խրախուսանքով ամբոխը յարձակում գործեց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ եղող` Քոնկրեսին վրայ, մարդիկ սպաննուեցան, վիրաւորուեցան, քանդում-վնասներ արձանագրուեցան օր ցերեկով: Այլ խօսքով, Գերագոյն ատեանին այս վճիռը կրնանք ընդունիլ իբրեւ այնպիսին, որ անհատ մը, հոգ չէ թէ նախագահի պաշտօն վարած ըլլայ, կրնայ ամէն տեսակի օրինազանցութիւն ընել եւ… վեր մնալ օրէնքէն, մինչդեռ հասարակ մահկանացուներ կրնան երկար տարիներ բանտ նետուիլ, մինչեւ իսկ մահապատիժի ենթարկուիլ շատ աւելի պարզ ոճիրներու համար (բնականաբար մոռցուած են այլ օրինազանցութիւններ, ինչպէս` պետական գաղտնիքներ բովանդակող թղթածրարներ` սեփական բնակարանի մը բաղնիքին մէջ մթերումը կամ այլ գայթակղութիւններ, որոնք, յամենայն դէպս, յառաջադէմ աշխարհին մէջ կրնան դիտուիլ` իբրեւ… տղամարդու հերոսութիւն):

***

Նման իմաստութիւններու ցանկը կրնանք շարունակել երկար, յիշատակել` Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Արժանթինն ու այլ երկիրներու դրածոյ ղեկավարները: Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք, անցնելով Ափրիկէէն եւ այլ գօտիներէ, աշխարհը դարձած է բառացիօրէն իմաստակներով ղեկավարուող վայր մը: Բնականաբար վարագոյրներուն ետին կը պահուըտին իսկական խաղացողները, որոնց համար նիւթական շահերը ալֆա եւ օմեղա են, իսկ մարդոց կեանքն ու երկիրներու բարօրութիւնը` մսխուելու արժանի մանրադրամ:

Կրկնենք. աշխարհի ղեկը մնացած է այնպիսիներու ձեռքը, որոնք իմաստութիւն եւ բանականութիւն կոչուած արժէքներն ու արժանիքները կը սպառեն նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի հետ (ոմանք կը գերակատարեն եւ գիշերներն ալ կ՛արթննան բան մը աւելի՛ ուտելու համար), մի՛շտ հաւատարիմ կամակատարները մնալով իրենց գերպոսերուն, որոնք կը լափեն կարկանդակն ու անոր քրեմը` փշրանքներ ձգելով… կամակատարներուն: Իսկ զանգուա՞ծը: Աստուած լուսաւորէ՜ Ֆրանսայի Մարի Անթուանեթ թագուհիին հոգին…

Քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ աշխարհի այս «արժանիքներուն» ի տես` ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը կ՛ընէ նոյնը, որպէսզի ետ չ՛իյնայ «յառաջդիմութենէն»: Եւ որո՞ւ հոգը, եթէ մեր պարագային, երկիր, պետականութիւն, նոյնինքն հայրենիքը դրուած են խաղասեղանին վրայ, որուն դիմաց իշխանութիւնը կը սիրէ մնալ… կամակատար հանդիսական, որպէսզի յիշեալ փշրանքներէն չզրկուի:

4 մարտ 2024

Նախորդը

Պեռլինի մէջ «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսը կը չեղարկուի՝ Ազրպէյճանի դեսպանատան ճնշումին պատճառով

Յաջորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Բ.)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?