Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի Ողջոյնի Խօսքը

March 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներ եւ հայուհիներ,

Կիներու միջազգային օրը կու գայ անգամ մը եւս շեշտելու  եւ յիշեցնելու մեզի կնոջ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութիւնը` մեր ընտանեկան ու հասարակական կեանքին մէջ:

Քաղաքական դրդապատճառներէ մղուած` տարիներ առաջ սկիզբ առած Կիներու միջազգային օրը այսօր համաշխարհային տարողութեամբ խորհրդանիշը դարձած է կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային եւ սեռային հաւասարութեան, կիներու առողջապահութեան, զարգացման եւ հզօրացման:

Ի զուր չէ, որ կինը որակուած  է իբրեւ կեանքի, յոյսի եւ սիրոյ աղբիւր: Մարդկային կեանքի շարունակականութիւնը երաշխաւորող թանկարժէք պարգեւն է ան` տրուած աշխարհին եւ մարդկութեան: Ան իր աստուածատուր մայրական յատկութիւններով եւ օժտուած կանացի  բարձր առաքինութիւններով  դարձած է մարդ արարածի առաջին դաստիարակը եւ առողջ սերունդներ պատրաստելու պարարտ ու կենսատու հողը:

Իսկ բնորոշելու համար հայ կինը, պէտք է հպարտօրէն ընդունինք, որ  ան մեր ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման անառիկ միջնաբերդը կը հանդիսանայ: Տէր Զօրի անապատներէն մինչեւ Բերձորի աքսորի ճանապարհները` դիմագրաւելով ամէն արհաւիրք, ան մնաց եւ կը շարունակէ մնալ իր ընտանիքին ուժ եւ կորով ներշնչող անսասան ժայռը, արի ու խրոխտ պահապան հրեշտակը:

Անցնող աւելի քան 114 տարիներուն հայ կինը իր կարողականութիւնները աւելի եւս ծաղկեցուց եւ փայլեցուց` մուտք գործելով Հայ օգնութեան միութեան շարքերը: ՀՕՄ-ը եղաւ այդ ծաւալուն գործելադաշտը, որուն վրայ հայ կինը ծառայասիրութեան եւ զոհողութեան բարձրագոյն չափանիշները նուաճելով` կտրեց իր ուժերը սահմանափակող բոլոր կապանքները եւ հասաւ մինչեւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բարձրագոյն ամպիոնը,  մուտք գործեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն ներս եւ ամէն առիթով իր պահանջատիրութեան ձայնը լսելի դարձուց հոն, ուր որ պէտք էր:

ՀՕՄ-ը հայ կինը դարձուց ինքնավստահ` տնային առօրեայ պարտաւորութեանց սահմաններէն դուրս հանելով զինք, մղեց իր ժողովուրդին ծառայելու վեհ ու նուիրական աշխատանքին: ՀՕՄ-ը հայ կինը զինեց իր ինքնուրոյն որոշումները կայացնելու կարողութեամբ, ընծայեց անոր այնպիսի առիթներ, որոնց շնորհիւ` ան մշակեց ու կատարելագործեց իր տաղանդները եւ անոնք բոլորը ի գործ դրաւ յանուն իր ժողովուրդի ու հայրենիքի բարգաւաճման:

Յանուն Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան` ջերմօրէն եւ հպարտութեամբ կը շնորհաւորեմ  ձեր տօնը, սիրելի՛ ՀՕՄ-ականներ, դուստրեր, մայրեր եւ քոյրեր`  հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Թող ձեր բարի ու ազգանպաստ գործերը յարատեւ յոյս ներշնչեն անյոյս սրտերուն, լոյս սփռեն տառապող հոգիներուն եւ ժպիտ ծաղկեցնեն թախծոտ դէմքերուն: Միշտ եղէք պատնէշի վրայ, իբրեւ ազգի` մեր գոյատեւումը սպառնացող բազմապիսի աղէտներուն դէմ  զօրաւոր ու  կանգուն մնացէք, եւ շարունակեցէք անսակարկ նուիրումով հաւատարմօրէն ծառայել ձեր ժողովուրդին` յանուն համայն հայութեան լուսաւոր ու պայծառ ապագային:

Շնորհաւոր Կիներու միջազգային օրը:

8 մարտ 2024

Նախորդը

Յարգա՛նք Կիներուն

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1» Վաղը` Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.