Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Շարժումը Մոռացութեան Տալու Փաշինեանի Վարքագիծը

Մարտ 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով կ՛արժէ ուշադրութեան առարկայ դարձնել Արցախի իրավիճակը, ուր ներկայիս իրատեսական ոչինչ կ՛երեւի հորիզոնին վրայ, թէ Արցախ հայրենիքը մօտիկ ապագային պիտի թօթափէ ազրպէյճանական լուծը` արցախցիներուն բնօրրան վերադարձին համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով:

Ռուսիա, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կազմած են այն ճակատը, որ կը պայքարի արդարութեան դէմ` Արցախի բռնակցմամբ եւ արցախահայութեան բռնագաղթմամբ: Խորքին մէջ խնդիրը վերածուած է միջազգային խաղադաշտի մը, ուր Հայաստան տկար խաղաքարտ ունեցող կողմն է: Երեւան կորսնցուցած է իր լծակներն ու ազդեցութեան տուեալները եւ ենթակայ է միջազգային ուժերու խոստումներով լեցուն այնպիսի իրավիճակի մը, ուր արցախեան երկրորդ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ազրպէյճան խաղը իր պայմաններով յառաջ կը տանի` միշտ ունենալով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ անվերապահ ու ամբողջական նեցուկը:

Հայաստան կատարած է իր ընտրութիւնը: Երեւանի համար ներկայիս Արեւմուտքն է այն ուժը, որ պիտի յաջողի զսպել Ազրպէյճանը: Ասիկա իրականացնելու համար Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն ունին պահանջներ Երեւանի իշխանութիւններէն, որոնք յատկապէս կողքին չեն Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ պատերազմին պարագային: Ասիկա միայն մէկն է այն պահանջներէն, որոնց շարքին են` Իրանի հետ յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ հետ խնդիրներու եւ տարակարծութիւններու վերացումը, Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը` Արցախը գործնապէս Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելով եւ անկէ հրաժարելով:

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշեց պաշտօնական խօսք չհրապարակել եւ այս դիրքորոշումը առաւել յստակ կերպով ցոյց տուաւ, թէ արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական խմբակին կեցուածքներն ու դիրքորոշումները ինչպիսի՛ փոփոխութիւններ կրած են: Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ լուսարձակի տակ բերենք Փաշինեանի իշխանութեան վեց տարիներուն ընթացքին արցախեան շարժման նշման օրուան առիթով հրապարակուած խօսքերը եւ անոնց բովանդակութիւնը: Քաղաքականութեան եւ արեւելումի փոփոխութիւնները այնքան յստակ են, որ զարմանալի չի թուիր այս տարուան որդեգրուած կեցուածքը` արցախեան շարժման երեսունվեցամեակին առիթով պաշտօնական ուղերձ չհրապարակելու վերաբերեալ:

2019-ին, իշխանութեան հասնելէ տարի մը ետք, արցախեան շարժման օրուան առիթով Փաշինեան իր ուղերձը կը փակէր «Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Հայաստանը» նախադասութեամբ: Ան կը հաւատար Արցախի ազատութեան կարելիութեան եւ կը շեշտէր, որ` «Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը եւ ժողովրդավարական ազատութիւնները, ինչպէս 1988-ին, այսօր եւս կը մնան նպատակակէտեր»:

2021-ին, արցախեան երկրորդ պատերազմէն երեք ամիս ետք, Փաշինեան իր խօսքին մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր յառաջ ընթանալու ազգային իղձերու եւ երազներու իրականացման ուղիէն: Տարի մը ետք` 2022-ին, Փաշինեան նշեց արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ խօսեցաւ խաղաղութեան դարաշրջանի բացման մասին` զայն համարելով արցախցիներու իրաւունքներու միջազգային ճանաչման երաշխիքը:

2023-ին վարչապետ Փաշինեան ղարաբաղեան շարժումը համարեց «մեր պետականութեան վերականգնման առաջին քայլը», մինչ քանի մը ամիս ետք ան սկսաւ ակնարկել ոչ թէ իղձերու եւ փափաքներու, այլ «փոշիացած աղբիւրներու մասին», թէ` Հայաստանի աղբիւրները ծախսուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ստեղծելու համար. «Խնդիր մը, որ սկիզբէն միջազգային ընտանիքին կողմէ կանխարգիլուած էր: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերը մեզ պէտք է առաջնորդեն», կ՛ընդգծէր ան:

Այս տարի Փաշինեան առաջնորդուելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան պարտադրած իրավիճակէն` նախընտրեց եւ որոշեց պաշտօնական խօսք չհրապարակել արցախեան շարժման երեսունվեց ամեակին առիթով` ընթացք տալով շարժումը պետական մակարդակի վրայ մոռացութեան մատնելու ուղեգիծի մը, որուն դրսեւորումները չափազանց ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ Հայաստանի պետութեան եւ հայութեան համար:

 

 

Նախորդը

Տիգրան Մանսուրեան` 85 Տարեկան

Յաջորդը

«Օրհնեսցի … Յանուն Սրբոյն Յակոբայ Հաստատեալ Եկեղեցիս…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?