ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ փորձեր չքմեղանքի սովորական մարզանքներով բանալ տողերս: Գիտեմ: Արդէն ըսելիքներս ու գրելիքներս ուշ ալ են: Արդէն նոյնիսկ ուշացած ալ եմ: Միտքս պարզեմ:
Անցեալ յունուար 27-ին 85 տարեկան դարձաւ մեր մեծանուն երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանը: Հաւատացէ՛ք, ազգովին եւ անհատապէս չենք մոռցած զինք: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ նման հանճար մը:
Իմ կարգիս, ինծի համար յարգելի պայմաններ արգելք հանդիսացած էին, որ օրին չկարողանայի կրկին անգամ հրապարակել եւ արժանավայել կերպով արտայայտել յարգանքս, զգացումներս, գնահատականներս ու մանաւանդ հիացմունքս` այս ՄԵԾ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ:
Բայց… ինչպէս որ կ’ըսեն, «Աւել լաւ է ուշ, քան` երբե՛ք»:
Նախ յիշեցնենք, որ արուեստներու մէջ երաժշտութիւնը, ժողովուրդներու եւ ազգերու քաղաքակրթութեան, հասունութեան եւ մակարդակի ցուցանիշն ու չափանիշը ըլլալով հանդերձ, նաեւ յատկանշական է իր ունեցած տպաւորիչ ազդեցութեամբ` մարդոց սրտերուն վրայ:
Աւելի՛ն. երգն ու երաժշտութիւնը` երկուքն ալ անմասն բաժիններն եղած են ստեղծագործող ժողովուրդի մը մշակոյթին:
Իսկ գալով մեզի, մեր հայ երգին ու երաժշտութեան` ըսենք, որ եթէ «ասոնք» մեր ժողովուրդին համար նախապէս մէկական «ապաստաններ» էին, նաեւ էին մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը շաղկապող լծակներ ալ:
Ազգային առումով, եթէ հայ երաժշտութիւնը մեր ժողովուրդի ինքնատիպ արտայայտութիւններէն մէկն էր եղած, բայց եւ այնպէս, ան նաեւ դարձած էր անոր գեղարուեստական մտածողութեան յստակ հայելին:
Ուստի մեզի համար հայ երաժշտութիւնը մեր ազգային հպարտութեան եւ հարստութեան ամէնէն ամուր կռուաններէն մէկն է: Հոն է, որ մենք կը հանդիպինք` մեր դարաւոր ապրումներուն, տագնապներուն, իտէալներուն, երազներուն եւ յոյսերուն: Մէկ խօսքով` մեր գոյատեւման հաճելի ու դրական միջոց-դպրոցն ու դարբնոցը, եթէ կ՛ուզէք: Մեր լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ կրօնի կողքին, նաեւ` մեր ազգային ամէնէն հիմնական եւ հաստատուն հիմնաքարերէն մէկը:
Սակայն` ինչո՞ւ այս նախաբանը եւ մանաւանդ` ո՞վ է այս հայ հանճարը: Ներկայացնեմ: Տիգրան Մանսուրեան Պէյրութ (Լիբանան) ծնած (1939) հայրենադարձերէն է, սակայն իր մանկութիւնը անցուցած է հայրենի Շիրակի դաշտին մէջ, Մանդաշէ ձորի եզրին: Իր մեծ հայրն ալ եղած էր երաժիշտ:
Ինք շատ յաճախ խօսելով երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին` հետեւեալը կը յիշեցնէ. «Երաժշտութիւնը զուարճանք չէ եւ ոչ ալ` բեմ հանելու եւ գրաւիչ դառնալու արդիական դրսեւորում մը, այլ` մի ուրիշ կերպ: Իսկ մշակոյթը` գեղեցիկ միջոց, որուն շնորհիւ ժողովուրդը իրար կը կապուի: Եւ մի՛ մոռացէք, որ հայ երաժշտութեան մէջ միշտ գտնում ես հայկական զգացում»:
Մանսուրեան ամբողջ իր կեանքի ընթացքին, իր բոլոր ստեղծագործութիւններով, միշտ աշխատած է հայ երաժշտութիւնը, յատկապէս` օտարներուն դիմաց, պահել իր արժանի պատուանդանին վրայ:
Ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ վկայութիւն եւ առ ի գնահատանք` հպարտօրէն կրնանք նշել նաեւ հետեւեալ ճշմարտութիւնները.
– Եթէ անմահն Կոմիտաս` մեր այս հանճարեղ վարդապետը, մեր մշակոյթէն ներս դարձակէտ մը եղաւ,
– Եթէ Արամ Խաչատուրեան մեր երաժշտութեան «անապատին» մէջ, ինչպէս մեծերը ըսած են, հայկական նոր դպրոց մը ստեղծեց,
– Ապա եւ հաստատօրէն Տիգրան Մանսուրեան, իր բազմազան ստեղծագործութիւններով հայ երաժշտութեան բերաւ նոր ճաշակ, իմաստ եւ նոյնքան ալ որակ:
Իսկ այժմ ամէն առիթով եւ բարձրաձայն կրկնած ենք, որ երախտագիտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող ազնիւ տարրերէն մէկն է, իսկ արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը` յատուկ եւ օրինակելի բարեմասնութիւններ:
Անկասկած զանազան ու բազմազան հայ եւ օտար տիտղոսներու, պարգեւներու եւ շքանշաններու տիրացած եւ արժանացած այս հայ մեծանուն անժխտելի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանը արդի հայ երաժշտութեան մէջ դարձած է եզակի դէմք մը, համաշխարհային դէմք մը ըլլալով հանդերձ:
Համբուրելի է նման հայուն ճակատը, որ կ՛ապրի, կը շնչէ ու նաեւ կ’երազէ միայն ու միայն իր ժողովուրդի դարաւոր երաժշտութիւնը մաքուր եւ անբիծ պահելու, բարգաւաճ դարձնելու եւ յաւերժ ու բարձր պահելու ձգտումով:
Ու կրկնելու գնով յիշեցնեմ, որ ան ազգային եւ մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ մեծ արուեստագէտ մըն է, եւ իր ծննդեան 85-ամեակին, մենք ալ մեր կարգին, կու գանք ձայնակցելու հազարաւոր հայ թէ օտար մշակութասէր, երաժշտասէր եւ երաժշտագէտ գնահատողներու հետ եւ կողքին, մաղթելով առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ ստեղծագործ աշխատանք:
Արդ, յարգելի մեծանուն Տիգրան Մանսուրեան (թէեւ քիչ մը ուշ),
Դո՛ւք համայն աշխարհի տարածքին հայ երաժշտութեան մեծ, փայլուն եւ պատուաւոր այցեքարտն էք:
Պատի՛ւ ձեզի:
Դո՛ւք արժանի էք մեր բոլորին անկեղծ, անհուն եւ անսահման յարգանքին:
Ձեր վա՛րձքը կատար: Ողջ ու առողջ մնաք:
Ծնունդդ շնորհաւոր, յարգելի՛ս:


