Անդրադարձ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 3. Դժուար, Բայց` Ո՛չ Անկարելի Գործ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան, Ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես» Ե. ՉԱՐԵՆՑ Մեր նախընթաց երկու սիւնակներով փորձեցինք, առանց սպառիչ ըլլալու յաւակնութեան, ընդհանուր ուրուագիծը կազմել Երեւանի «քալող»-ՔՊ-ական իշխանութեան գործած եւ օրակարգի վրայ դրած վնասարար եւ կորստաբեր քայլերուն: Նշեցինք նաեւ, որ բացի իշխանականներու նեղ խմբակէն` համընդհանուր համախոհութիւն կայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել հայրենիքն ու ազգը վերջնական կորուստէ...

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը

Դպրոցական Անմեղ Յուշ Մը

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ձմրան երկար գիշերները, իրենց երկար ժամերով, տարբեր իւրայատկութիւն համ ու հոտ ունին, յատկապէս` ընտանիքի անդամները տաքուկ վառարանին չորս դին համախմբելու: Ձմրան ցուրտ օրերէն մին, երբ ընտանիքի անդամները վառարանին շուրջբոլորը հաւաքուած էին, իւրաքանչիւրը իր յիշողութիւնը փորփրելով` քաղցր յուշ մը կը պատմէր: Անոնց խնդուքի ձայնը, միանալով վառարանի փայտերուն ճարճատիւնին, բնակարանը ուրախ ու տաքուկ մթնոլորտով կը լեցնէր: Թերթատուած այդ քաղցր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 2 . Վնասաբեր Ընելիքնե՞ր` Շա՜տ Ունին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման, Հազար տարուայ հերք ես տեսել, - էլի՛ կը տեսնես» Ե. ՉԱՐԵՆՑ Նախորդ սիւնակով վեր առինք Երեւանի ներկայ իշխանութեան օրով արձանագրուած միտումնաւոր կամ տգիտաբար կատարուած ձախորդութիւնները, վնասաբեր ու հայրենակործան քայլերը (միայն «ներկայացուցչական» փունջ մը): Կ՛արժէ մասնակի ցանկագրում մը կատարել նաեւ այն ԸԼԼԱԼԻՔ-ներուն` անխուսափելի թուացող պատուհասներուն, որոնց մասին խելամիտ նախատեսութիւններ կը կատարուին` իշխանապետին ու...

Մտքեր.  1. Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք

Մտքեր – 5. Զարգացնել Նոր Սերունդներու Մտքի՛ Ուժը

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Բացայայտ իրողութիւն է, որ ազգային կամ ընկերային հաւաքական գործին մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք կը բերենք, երբ գործը կը ղեկավարենք մտքի՛ ուժով: Աշխարհը այսօր կը ղեկավարուի, ամէն բանէ աւելի, ա՛յդ ուժով:  Անշուշտ ճիշդ չէ կարծել, թէ զգացումները կարեւոր չեն: Հաւաքական գործի յաջողութեան կապակցութեամբ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ զգացումի ուժը, բայց խելացի կերպով աշխատելու եւ սպասուած շօշափելի արդիւնքը ձեռք...

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

«Ազդակ» Թեւակոխեց Իր Հիմնադրութեան 98-Ամեակը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 5 մարտ 2024-ին «Ազդակ» թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 98-ամեակը: Յետեղեռնեան շրջանին Լիբանան ապաստան գտած գաղթական եւ առհասարակ թրքախօս հայութեան մեծամասնութիւնը թիթեղաշէն գաղթակայաններու մէջ խռնուած էր: Տակաւին նոր սկսած էին վերակազմաւորուիլ ազգային ու եկեղեցական մարմիններ: Վրանաքաղաքներուն մէջ նոր կը հիմնուէին ու կը բացուէին եկեղեցի եւ դպրոց: Այս նոյն ժամանակ, նախախնամութեան տնօրինութեամբ եւ Հայկ Պալեանի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առաւ «Փիւնիկ»-ը, յետոյ` «Նոր...

Սթափելու Ժամանակը

Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով` Հայ Դպրոցին Դերը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Բազմաթիւ տարիներու յարաբերական մոռացումէ մը ետք Ուսուցիչներու տօնը յիշատակուեցաւ բացառիկ եղանակով: Դպրոցներէն ներս աշակերտները ծաղիկներով ու երբեմն փոքր նուէրներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն: Դպրոցներու եւ դպրոցական խումբերու պատասխանատու մարմիններ ճաշկերոյթներ կազմակերպեցին ի պատիւ ուսուցչական կազմերուն: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն եւ պատանեկան միութիւններէն պատուիրակութիւններ այցելեցին հայկական դպրոցներ եւ շնորհաւորեցին ուսուցիչները իրենց տօնին առիթով: Պատուիրակութիւններուն կողմէ ուսուցիչներուն նուիրուած գաւաթներուն...

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 1.  «Չե՜ն Ըներ, Ճա՛նըմ». Բայց Ըրի՛ն…

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 1. «Չե՜ն Ըներ, Ճա՛նըմ». Բայց Ըրի՛ն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Հազար ու մի վէրք ես տեսել, - էլի՛ կը տեսնես... (...)Աշնան քաղած արտի նման` Հազար զոհերի Չհաւաքուած բերք ես տեսել, - էլի՛ կը տեսնես»: Ե. ՉԱՐԵՆՑ Լուսանկարը՝-Դաւիթ-Ղահրամանեանի Երբ մեծն Չարենց իր «Հայաստանին» խորագրեալ գազէլը կը գրէր, վստահաբար իր աչքին առջեւ ունէր հազար փորձանքի ու արհաւիրքի մէջէն անցած Հայաստանն ու մեր ազգը: Նո՛յնքան վստահութեամբ կրնանք արձանագրել, թէ անոր մտքէն...

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…».  Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

Երանի՜ Անառակին…

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Ցնցիչ չէ՛, ո՛չ ալ քննադատելի է սոյն մտածումը, զոր վերնագիրի վերածեցինք, որովհետեւ բառացիօրէն ճշգրիտ մեկնաբանութիւնն է աւետարանական այն առակին, որուն մէջ խտացուած տեղեկութեան համաձայն, անառակ որդին զղջաց իր կատարածին համար: Կեանքին ընթացքին պատահած որոշ դէպքեր մատներու վրայ հաշուելու սովորութիւն ունինք բոլորս ալ` մեր ակռաները սեղմելով իրարու: Սակայն իւրաքանչիւր մարդ իրեն հանդէպ եղած անարդարութիւնները, անիրաւութիւնները, արհամարհանքը եւ սխալները...

Թերեւս Կրկնութիւն, Բայց` Կենսական

Թերեւս Կրկնութիւն, Բայց` Կենսական

Յ. ՊԱԼԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ-ը  ԱԶԳԻ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔն Է: Պէտք  չէ անտեսել նաեւ չափահասներու մնայուն լուսաբանական դաստիարակութիւնը, որուն համար կարեւոր դեր վերապահուած է լրատուամիջոցներուն: Այս բոլորին համար սիրողականութիւնը, amateurisme, միայն ժամանց է, զբօս: Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ  ցարդ որպէս հայ եւ հայութիւն ապրած, տեւած եւ իրենք զիրենք որպէս այդպիսին ճանչցած եւ ընդունած անհատներ եւ հաւաքականութիւններ, հիներ եւ նորեր, համագումար` ԱԶԳԸ,...

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Բացուինք Մեր Մամուլի՛ Ճամբով

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Մեր ինքնամեկուսացման վերջ տալու առաջին ու լաւագոյն ճանապարհը մեր մամուլն է: Կ՛անդրադառնանք այդ ինքնամեկուսացման հետեւանքներուն, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մեր իրաւունքները պաշտպանելու եւ աշխարհի մէջ մեր տեղը ապահովելու տեսակէտէն ետ կը մնանք, կը ձախողինք, բայց այդ կացութենէն դուրս գալու լուծումները չենք գտներ: Այո՛, կը նշենք, որ անհրաժեշտ է դուրս ելլել մեր խոզակէն, մասնակի՛ց ըլլալ մեր բնակած երկիրներու կեանքին եւ...

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Տեսակէտ. Էլիզէի Ժեսթը Եւ Թելադրանքը

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Անցած տասնօրեայ մեր արձակուրդը եղաւ շատ հետաքրքրական իրադարձութիւններու շրջան մը, սակայն օրը օրին անոնց անդրադառնալու հնարաւորութիւնը չունեցանք: Ներկայիս լուսարձակի տակ պիտի բերենք Միսաք Մանուշեանի եւ կողակցին վերայուղարկաւորումը Ֆրանսայի մեծամեծներու Պանթէոնին մէջ եւ անոր իմաստը, պատգամը` ուրիշներու: Ինչ խօսք, մեր պաշտօնակիցներէն «Ազդակ» եւ այլք լայնօրէն անդրադարձան իրադարձութեան` թէ՛ պատահելէն առաջ, թէ՛ անկէ ետք: Մենք պիտի փորձենք տարբեր դիտանկիւնէ ընկալել...

Թուրքիա Կ՛արգիլէ Երկիր Մուտքը Այն Օտարերկրացիներուն, Որոնք Կը Քննադատեն Նախագահ Էրտողանը

Թուրքիա Կ՛արգիլէ Երկիր Մուտքը Այն Օտարերկրացիներուն, Որոնք Կը Քննադատեն Նախագահ Էրտողանը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թուրքիոյ կառավարութիւնը` բռնապետ ղեկավար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, արգիլած է մուտքը` 150 երկիրներէ աւելի քան 100 հազար օտարերկրացիներու, որոնց շարքին` լրագրողներ եւ  ակադեմիկոսներ, միայն այն պատճառով, որ անոնք քննադատական տեսակէտներ արտայայտած են կառավարութեան մասին: Ասիկա ժողովրդավարութեան ամէնէն հիմնական սկզբունքի` խօսքի ազատութեան խախտում է: Նաեւ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի Թուրքիոյ անդամակցութեան չափանիշներու խախտում է, որ հիմնուած է...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Բաց Նամակ Պրն. Ալիեւին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ Պրն. Ալիեւին

ՍԵԴԱ Ս. ՈՒՆՃԵԱՆ Ո՛չ քաղաքական գիտութիւններ ուսանած եմ, ո՛չ իրաւաբանութիւն, ո՛չ ալ պատմագիտութիւն, սակայն կամապաշտ «ընթերցող» մըն եմ ու պուտիկ մըն ալ «տրամաբանութիւն» ըսուած բանը ունիմ: Հաւանաբար` աստուածային շնորհ մը: Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ի` ուրբաթ, 16 փետրուարի 2024-ի համարէն կը տեղեկանամ, որ Պաքուի մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելով` Ալիեւ կատարած է զգայացունց յայտարարութիւն մը: Հէ՜յ, ազերինե՛ր,...

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Ուսուցչաց տօնին առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ո՛վ ուսուցիչ, ի՛նչ որ ալ գրենք քու մասիդ, քեզի կը մնայ մեծագոյն արժանիքը»:

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.   Հայրենադարձութեան Պետական Հայեցակարգ Գործնականացնելու Անհրաժեշտութիւնը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայրենադարձութեան Պետական Հայեցակարգ Գործնականացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Հայկական սփիւռքը հայրենի բնօրրանին մէջ համախմբելու եւ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ հայութեան հայրենադարձութիւն կազմակերպելու ծրագիրներ միշտ դրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւններու քննարկման սեղանին վրայ: Հայրենադարձութեան համապարփակ ծրագիրներ եւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած հայեցակարգեր խմբագրուած են, եւ սակայն ցարդ ոչ մէկ ծրագիր պետական մակարդակով գործնականացման փուլի նախաշեմը չէ հատած: ՀՀ պետական տուեալներով, մօտաւոր հաշուարկներով 6-7 միլիոն հայ կը բնակի հայրենիքէն դուրս` տեղաբաշխուած...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Հանրապետութիւնը Չիրականացաւ` Որպէս Համահայկական Պետութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ  մասին մտածել, գրել կամ խօսիլ` կը համարուի հերետիկոսութիւն, միամտութիւն, կողմնապաշտութիւն, կամ թշնամութիւն` երկրին եւ անոր ղեկավարութեան դէմ: Աւանդական հաւատաքննողներ կան (ինկիվիզիտորներ) քիչ մը ամէն տեղ, մանաւանդ համացանցի անդուռ տարածութեան մէջ կ՛աղմկեն: Միշտ կը մտածեմ, որ ՄԷԿ ըսինք, ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ըսինք, խանդավառուեցանք, կանգ առինք եւ մնացինք կոտորակներ: Համահայկական ժողովներ գումարեցինք, զանոնք շփոթեցինք հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ: Բազմապատկեցինք ամէն բնոյթի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Վուտրօ Ուիլսընի 24 Մայիս 1920-ի Յատուկ Ուղերձը Քոնկրեսին` Ազգերու Լիկայի Հովանիին Տակ Հայաստանի Հովանաւորութիւնը Ստանձնելու Առաջարկով

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախորդիւ անդրադարձայ հայ ժողովուրդին ճգնաժամային` վտանգաւոր մէկ փուլին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութեան սպառնացող պահուն` «Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին եւ ամերիկացի 375 երեւելիներուն խնդրագիրը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` ի նպաստ ամբողջական, անկախ, ծովէ ծով Հայաստանի կայացումին, մարտ 1919-ին» (1): Ատոր նախորդած էր Ամերիկայի այժմու քաղաքականութեան լրիւ հակապատկերը` «Հայաստանը, Արցախը, հայութիւնը, Կազան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարման անմարդկային` կատարեա՛լ բարոյական անկումը» (2)...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Անոնց, Որոնք Մեզ «Մարդու» Վերածեցին

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հակառակ մեզ շրջապատող եւ օրէ օր խեղդող տագնապներուն, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական իմաստով, չենք կրնար զանց առնել Ուսուցչաց տօնը, մանաւանդ Հայ ուսուցիչի տօնը: Ու յատկապէս այս օրերու դժնդակ պայմաններուն մէջ կարեւոր շեշտադրումով կը ներկայանայ Ուսուցչաց տօնը: Խօսիլ ուսուցիչի մասին համազօր է խօսիլ մօր մասին, Հայ ուսուցիչը` նման հայ մօր: Աղբիւրը` իւրաքանչիւրիս կազմաւորումին: Հիմը` մեր բոլորին անհատականութեան կերտման:...

Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով  Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումը

Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կիներու միջազգային օրուան առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կինը հասարակութեան գանձն է»:  

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ-ի Միացեալ Խօսք.   Տէր Կանգնինք Ապագայ Սերունդներու Կերտիչներուն

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ-ի Միացեալ Խօսք. Տէր Կանգնինք Ապագայ Սերունդներու Կերտիչներուն

Մարտ ամսուան ընթացքին բազմահազար աշակերտներ եւ շրջանաւարտներ կը պատուեն անոնք, որոնք գլխաւոր դերակատարները եղած են իրենց նկարագրի կերտման եւ կեանքի զանազան ալեկոծ փուլերուն յաջողութեամբ թիավարելու կարողութեան իւրացման գործընթացքին մէջ: Ուսուցիչն է, որ ծնողքին կողքին, հիմնական դեր ունեցած է մանուկի, պատանիի եւ երիտասարդի դաստիարակութեան ընթացքին վրայ` ձգելով հետք եւ անջնջելի յիշատակներ: Իսկ հայ ուսուցիչը, այս յատկութիւններուն կողքին, շատ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններու...

Page 155 of 807 1 … 154 155 156 … 807

Արխիւներ