Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Գապագեանի Յիշատակին

March 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

1996-ին, երբ Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնեցի, աշխատանքի փոխանցման առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ներկայութեան Երուանդ Տեմիրճեանին, որ օրին Ուսումնական խորհուրդի գործավարն էր: Հոգաբարձութեան հետ հանդիպումին ներկայ էին թաղականութիւնը եւ հոգաբարձուները լրիւ կազմով, որուն մէջ էր նաեւ Գրիգոր Գապագեանը: Օրին ինծի համար այդ միջավայրը բոլորին անծանօթ էր, ուստի մտահոգ էի, թէ ինչպէ՛ս պիտի աշխատիմ, մանաւանդ որ Անդրանիկ Մսըրլեանը, որ այս պաշտօնը ստանձնելու զիս քաջալերողներէն մէկն էր,  զգուշացուց, որ սիսեցիներուն հետ աշխատիլը այդքան ալ դիւրին չէ:

Բայց արդարօրէն պէտք է ըսեմ, որ հոգաբարձութեան մէջ Գրիգոր Գապագեանին ներկայութիւնը մեծ դեր ունեցաւ` Նոր Սիսը եւ սիսեցիները ճանչնալու առումով:

Պարոն Գրիգոր ժպտադէմ, հանդարտաբարոյ, ազնիւ, մաքուր եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն մըն էր: Ամբողջ հինգ տարիներ լաւ գործակից եղաւ ինծի, եւ թէ՛ թաղային, թէ՛ հայրենակցական եւ մանաւանդ եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ կապերու իմաստով անոր անկեղծ, անմիջական, պարզ եւ թափանցիկ ոճը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ:

Վստահ եմ, որ մեր ազգային վարժարաններուն, մանաւանդ թաղային վարժարաններուն մէջ պարոն Գապագեանին նման տիպարներ շատ եղած ու ծառայած են` հաւատք ունենալով եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգին նկատմամբ:

Հետաքրքրական էր նաեւ պարոն Գապագեանին ասպարէզը: Սիսի մէջ ո՛չ գետնայարկ, ո՛չ ալ առաջին յարկ, այլ միջնայարկ կառոյցի մը մէջ ունէր իր աշխատանոցը, իբրեւ օգնական ունէր Ժանեթ Կիցինեանը: Առաւօտները այդ աշխատանոցը հանդիպման վայրի կը վերածուէր: «Ազդակ»-ը ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէր հոն: Ազգային, լիբանանեան, թաղային եւ միջազգային բոլոր նիւթերը զրոյցի ու քննարկումի նիւթ կը դառնային: Աշխատանոցը յատուկ եկեղեցական զգեստներ պատրաստելու վայր էր, այդ պատճառով ալ հոգեւորականներ կը յաճախէին հոն` Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, ամերիկաներէն, եւ շատ յաճախ հանդիպումները ճաշի ու երկար, մտերմիկ զրոյցներու կը վերածուէին:

Այդ բոլորէն անդին` պարոն Գապագեան լաւ ամուսին էր, լաւ հայր եւ աւելի ուշ` սիրուած ու փնտռուած մեծ հայր:

Իր այդ համեստ պայմաններով իր չորս զաւակներուն ալ ապահովեց բարձր ուսում, մասնակից դարձուց ազգային, մշակութային, կրթական կեանքին եւ իր աղուոր ժպիտով գոհունակ ու ինքնաբաւ համեստ զգացումներ ապրեցաւ:

Իրականութիւն է, որ լաւ հայ, լաւ մարդ, լաւ սիսեցի եւ մանաւանդ լաւ քրիստոնեայ ապրեցաւ պարոն Գապագեանը:

Իր յիշատակին արձանագրուած այս տողերը իբրեւ անկեղծ ծաղկեպսակ թող նկատուին, եւ մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ պարոն Գապագեանի լաւ մարդու տիպարը անմար թող մնայ:

 

 

 

 

Նախորդը

Պարտաճանաչ Հոգաբարձուն (Գրիգոր Գապագեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Հայ Ուսուցիչը` Հայապահպանման Առաքեալը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.