Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 26 փետրուարին Փարիզի մէջ եւրոպական շուրջ երկու տասնեակ պետութիւններու` Քիեւի
զօրակցական խորհրդաժողովի աւարտին «Այս պահուս Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու հարցին մէջ համախոհութիւն գոյութիւն չունի: Ոչինչ, սակայն, պէտք չէ բացառել: Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ որ պարտաւոր ենք, որպէսզի Ռուսիան չյաղթէ», յայտարարեց` անակնկալի մատնելով իր դաշնակիցները, որոնք ստիպուած` շարքով յայտարարեցին, որ Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու որեւէ նպատակ չունին:
Մաքրոն ատկէ քանի մը օր առաջ ալ, ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբի երկամեակին առիթով ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարած էր. «Ուքրանիան ինքն իր, իր բարձր իտէալներուն եւ Եւրոպայի համար կը պայքարի: Անոր կողքին կանգնելու մեր յանձնառութիւնը պիտի մնայ անսասան»: Այդ յայտարարութիւնները պատահական չէին, այլ ինչպէս ան 29 փետրուարին 2024-ի Ողիմպիական խաղերու Փարիզի մօտ գտնուող վայր այցելութեան ընթացքին լրագրողներու նշեց Ուքրանիա արեւմտեան զօրքեր ուղարկելու իր յայտարարութեան իւրաքանչիւր բառը «կշռուած, լաւապէս մտածուած ու հաւասարակշռուած է»:
Ֆրանսան 7 մարտին Փարիզի մէջ Մոլտովայի հետ պաշտպանական ոլորտի մէջ համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրեց, այնպիսի պահու մը, երբ Մոլտովայի եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուածութիւնը նկատառելի աճ արձանագրած է:
Ֆրանսայի նախագահը 21 փետրուարին Հայաստանի վարչապետին հետ Փարիզի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Դուք կրնաք ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեանը` Հայաստանին, անոր անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, անոր ժողովրդավարական ընթացքին եւ անոր խաղաղութեան ձգտումներուն կապուած»: Փարիզ նաեւ սկսաւ Երեւանին սպառազինութիւն մատակարարել, եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւն Երեւանի մէջ յայտարարեց. «Եթէ Հայաստան հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու կարիք ունենայ, անոնք եւս պիտի տրամադրուին»: Ան համագործակցութեան նոր համաձայնագիրներ ստորագրեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ, որ յայտնեց, թէ Երեւան-Փարիզ զինուորական համագործակցութիւնը «համակարգային ու հեռահար բնոյթ ունի»:
Վերջին քանի մը շաբթուան զարգացումները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսան սկսած է հանդէս գալ իբրեւ Ռուսիոյ դէմ պայքարի յառաջամարտիկ ու դրօշակիր` Մոսկուայի հետ տարբեր աստիճանի լարուած յարաբերութիւններ ունեցող Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Հայաստանի նկատմամբ քայլեր կատարելով: Փարիզի այդ յաւակնութիւնը, հաւանաբար պիտի ըլլայ կարճատեւ, ուստի եւ կրնայ անբաղձալի հետեւանքներ ունենալ, մասնաւորաբար` Մոլտովայի եւ Հայաստանի համար, եթէ անոնք գայթակղութեան առջեւ ընկրկին:
Հենրի Քիսինճըր իր «Դիւանագիտութիւն» գիրքին մէջ խօսելով Ֆրանսայի մասին` կը գրէ. «Ֆրանսայի` իր ղեկավարութիւնը ընդունելու պատրաստ եղող երկիրներու գործակիցը դառնալու հակուածութիւնը Խրիմի պատերազմէն ի վեր ֆրանսական արտաքին քաղաքականութեան մէջ մշտական ազդակ եղած է»:
Ֆրանսան, սակայն, գերտէրութիւն մը չէ, ուստի եւ չի կրնար քաղաքական գետնի, առաւել եւս զինուորական գետնի վրայ երեք ճակատներու` Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Հայաստանի մէջ, Ռուսիոյ դէմ, եւ ոչ թէ այդ երկիրներուն համար, պայքարիլ: Ֆրանսան անզօր է նոյնիսկ մէկ ճակատի վրայ պայքարելու` վկայ Ափրիկէի մէջ վերջին զարգացումները, երբ ռուսական «Վակներ»-ի ուժերը յաջողեցան ֆրանսական ուժերը վտարել:
Փարիզ Լիբանանի մէջ իր պայքարին մէջ եւս ձախողեցաւ: Մաքրոն 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի հարիւրաւոր զոհեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ պատճառած մեծ պայթումին օրերուն «թեւերը սոթտած» Պէյրութ այցելեց ու յայտարարեց. «Այստեղ եմ ձեզի օգնելու»: Լիբանանի մէջ կարգ մը շրջանակներու կողմէ «գթառատ մայր» կոչուող Ֆրանսան, սակայն, չկրցաւ պայթումին ծալքերը բացայայտել եւ զոհերուն արդարութիւն ապահովել: Աւելի ուշ նաեւ չկրցաւ իր միջնորդութեամբ երկրին քաղաքական մինչեւ օրս շարունակուող ճգնաժամը լուծել, եւ իր ձախողութիւնն ու անզօրութիւնը վկայող քայլով մը այժմ ստիպուած է միջնորդութեան պատիւը կիսել Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Գահիրէի եւ Քաթարի հետ:
Ֆրանսացի քաղաքագէտները մեծխօսիկ են, իրենց ազգային խորհրդանիշ աքլորին նման պոռոտախօս: Գործնական գետնի վրայ, սակայն, անոնց «ձեռքբերումները» յստակ են:
Յստակ է, որ Ֆրանսայի խնամակալութեան արժանացած վերոնշեալ երկիրները` Ուքրանիան, Մոլտովան ու Հայաստանը, Փարիզին վստահելու պարագային, դատապարտուած են յուսախաբութեան: Պէտք է զգուշ ըլլալ, Ֆրանսայի պարանով կարելի չէ հոր իջնել:
Ֆրանսան Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր դադրած է գերուժ մը ըլլալէ եւ չունի երեք ճակատներու վրայ Ռուսիան պարտութեան մատնելու ներուժը: Հայաստանի պարագային, ան նաեւ չի կրնար Մոսկուային այլընտրանք մը ըլլալ, ան պարզապէս չունի Ռուսիոյ աշխարհագրական դիրքն ու հսկայական տարածքը: Ի վերջոյ, անոնք երկու տարբեր դասի ու կշիռի պետութիւններ են: Կարելի՞ է Փելէի, Մարատոնայի կամ Մեսսիի նման մարզիկ մը վտարել եւ զայն երկրորդ դասակարգի խումբէ խաղացող ֆութպոլիստով մը փոխարինել:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը տակաւին նոր իր հայ պաշտօնակիցը զգուշացուց` ըսելով. «Շրջանէն դուրս անվտանգութեան փնտռտուքը հակառակ արդիւնքը ունի»: Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, իր կարգին, 7 մարտին յայտարարեց, որ Փարիզի մօտ Քիեւի աջակցութեան մէջ «կարմիր գիծերու» չգոյութեան մասին Մաքրոնի խօսքէն ետք, «Ռուսիան այսուհետեւ Ֆրանսայի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ «կարմիր գիծեր» չունի»:
«Եւ, եւ»-ի քաղաքականութեան յաջող կիրարկման պարագային, ֆրանսական ազդակը կրնար ողջունելի եւ օգտակար առաւել մը ըլլալ, սակայն Փարիզի ու Երեւանի` Մոսկուայի նկատմամբ ներկայ դիրքորոշման բացասական ազդակներու գոյութիւնը կ՛արգելակէ անոր կիրարկումը: Տուեալ պայմաններու բերմամբ, կանգնած ենք «կամ, կամ»-ի անախորժ, սակայն իրողական կացութեան առջեւ: Սխալ քայլ մը` եւ Հայաստանի ճամբուն կանգնած «2 ցուլեր»-ուն թիւը կը բարձրանայ 4-ի: