Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգա՛նք Կիներուն

Մարտ 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ

Կիներու միջազգային օր մը նշանակելու գաղափարը ծնունդ առած է 1909-ին, երբ Ամերիկեան համայնավար կուսակցութեան կողմէ փետրուար 28-ը ճշդուած է պարգեւատրելու համար Նիւ Եորքի հագուստի գործարաններուն մէջ աշխատող բոլոր այն կիները, որոնք 1908-ին գործադուլ մը կատարած էին, բողոքելու համար աշխատանքային պայմաններու դէմ` պահանջելով աւելի լաւը, այսինքն` լաւ վճարում, նուազ աշխատանքի ժամեր եւ քաղաքական գետնի վրայ ընտրութեան մասնակցելու ու քուէարկելու իրաւունք:

1910-ին Քոփենհակընի մէջ, Ընկերվար միջազգայնական ընդհանուր ժողովին ընթացքին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ կիներու յատուկ միջազգային օր մը ճշդելու գաղափարը` առ ի զօրակցութիւն արական սեռին հետ հաւասար դասուելու եւ իրենց դէմ խտրութեան վերջ տալու ջանքերուն: Քոփենհակընի բանաձեւը գործադրելու ծիրին մէջ, 1911-ին, 8 մարտը նշուեցաւ Կիներու միջազգային օր Շուէտի, Դանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, եւ կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց մասնակցեցան աւելի քան 1 միլիոն կիներ:

Այս շարժումները աւանդութիւն դարձան միջազգային գետնի վրայ մինչեւ 1970-ական թուականները: Սակայն 1977-ին ՄԱԿ-ը (Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը)` հրապարակելով բանաձեւ մը, 8 մարտը հռչակեց կիներու իրաւունքներու եւ համաշխարհային խաղաղութեան օր:

Ամէն տարի մարտ 8-ը կը նշուի նոր թեմայով, իսկ այս տարուան թեման է «Inspire inclusion with love», այսինքն` բառացի թարգմանութեամբ` «Սիրով ոգեշնչել կնոջ ներդրումը»: Աւելի պարզ բառերով, կը նշանակէ` քաջալերել կնոջ ներդրումը եւ դերակատարութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ, որովհետեւ այդ մէկը պիտի պատճառէ եւ առաջնորդէ աւելի զօրաւոր ու հզօր ընկերութեան բոլոր մարզերուն մէջ` առողջական, կրթական, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային: Նաեւ պիտի ամրապնդէ կնոջ ներկայութիւնը այր մարդու հետ հաւասար իրաւունքներով` կողք-կողքի, ինչ որ ինքնաբերաբար աշխարհը պիտի վերածէ աւելի արդար մոլորակի մը:

Նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ 8 մարտը Կիներու միջազգային օր է, արդեօք մտածա՞ծ էք, թէ ինչո՞ւ այրերու միջազգային օր չենք նշեր: Պատասխանը յստակ է: Այր մարդիկ իրենց ծնած վայրկեանէն արդէն իսկ մարդկային գետնի վրայ ստացած են իրենց իրաւունքները, մինչդեռ կիները իրենց միջազգային օրը նշող իւրաքանչիւր տօնակատարութեան ընթացքին դարձեալ ամբողջ աշխարհին պիտի յիշեցնեն իրենց կորսուած իրաւունքներուն մասին եւ պիտի պահանջեն զանոնք:

10 տարիներ առաջ ալ Լիբանանի խորհրդարանը տուաւ այն որոշումը, որուն հիման վրայ 8 մարտը հռչակուեցաւ «Այբուբենի օր» եւ կոչ ուղղուեցաւ բոլորին` նշելու այս տօնը:

Խորհրդարանին կողմէ տրուած այս որոշումը խոցելի էր լիբանանցի կնոջ համար, եւ այս մէկը կինը կը մղէ դարձեալ իր անխոնջ աշխատանքով եւ համբերութեամբ սպասել իր դերակատարութեան արժեւորման, հակառակ նախախնամութեան պարգեւած հաւասարութեան` այր եւ կնոջ միջեւ: Հոս դարձեալ յիշենք, թէ նոյնիսկ Աստուածաշունչին եւ ազգերու պատմութեան մէջ կինը ներկայացուած է իբրեւ հաւասար անհատ այր մարդուն, եւ նկարագրուած իբրեւ խաղաղասէր, անձնուէր, աշխատասէր ու իմաստուն անհատ:

Սակայն, դժբախտաբար, միշտ արական սեռը գերադաս նկատուած է, իսկ իգական սեռը` ենթակայ ու ստորադաս:

Այս է պատկերը բոլոր աշխարհի երկիրներուն մէջ եւ անշուշտ նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր կինը իր իրաւունքներուն վերաբերող շատ հարցեր եւ դժուարութիւններ ունի:

Պիտի յիշենք այդ մարտահրաւէրներէն քանի մը հատը:

– Լիբանանի մէջ լիբանանցի կինը տակաւին իր հպատակութիւնը չի կրնար շնորհել իր զաւակին, մինչդեռ այր մարդը իրաւունք ունի այդ մէկը ընելու: Այս դրութիւնը դատապարտելի է, եւ այս պատճառով կը տեսնենք, որ օրըստօրէ կ՛աւելնայ երիտասարդներու գաղթը դէպի արտասահման` օտար հպատակութիւններ ձեռք ձգելու:

– Լիբանանի մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ընտանեկան բռնութեան կամ ընկերային ու պատերազմական բռնաբարութիւնները, բայց եւ այնպէս կնոջ պաշտպանութեան վերաբերող մասնաւոր օրէնքներ չեն մշակուած: Ուստի կինը կը մնայ անտէր, խեղճ եւ աղքատ: Վերջերս, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ջանքերով, հաստատուեցաւ 1745 հեռաձայնի թիւը (հաթ լայն)` բողոքելու նոյնանման բռնութեան դէմ, ինչպէս նաեւ մարզուեցան ընդհանուր ապահովութեան որոշ պաշտօնեաներ այս հարցով աւելի փափկանկատ գտնուելու կիներու հետ:

Այս բոլոր դժբախտութիւնները կը տեսնենք մասնաւորաբար փոքր տարիքի աղջիկներու վաղ ամուսնութեան մէջ, անոնց թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնայ աղքատութեան պատճառով, մանաւանդ տեղահան եղած սուրիացի գաղթականներու մօտ: Նաեւ յիշենք, որ տարբեր կրօններու դատաստանական վճիռները` այս նիւթերու շուրջ, մեծ մասամբ նախապատուութիւնը կու տան այր մարդոց:

– Լիբանանի մէջ աշխատող կիներու նիւթական վարձատրութիւնը անարդարօրէն տակաւին աւելի ցած է, քան այր մարդուն, մանաւանդ գիւղացի կիներուն մօտ, որոնք հողագործութեամբ կը զբաղին:

– Դարձեալ Լիբանանի մէջ, հակառակ կիներու ստացած բարձր վկայականներուն, պատասխանատու պաշտօնները կը վերապահուին այր մարդոց, իսկ քաղաքական գետնի վրայ կնոջ ներկայութիւնը շատ նուազ թիւով է (երեսփոխան կամ նախարար), հակառակ անոր որ կինը քաջ կեցուածք ունի, համբերատար է, հնարամիտ, յամառ եւ արդար աշխատող եւ իբրեւ այդպիսին ան պէտք է որոշումի տուչութեան իրաւունք ունենայ պետական եւ քաղաքական բարձր մակարդակի սեղաններու վրայ:

Եւ տակաւին շարքը երկար է մարտահրաւէրներուն: Մարտ 8-ին առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր լիբանանցի կիները եւ իրենց ընդմէջէն լիբանանահայ կիները, որոնք այս մարտահրաւէրներու կողքին ունին ուրիշ եւ տարբեր կարեւոր մարտահրաւէր մը, որուն համար կը պայքարին: Այդ մէկը հայապահպանման գործն է, որովհետեւ ձուլումը շատ արագ կ՛ընթանայ զանազան պատճառներով եւ օտարամոլութեան հեւքը կը խանգարէ մեզ:

Դարձեալ յիշենք Արցախի հայ մայրերը, որոնք այսօր տեղահան եղած են այրիացած, անոնց իրաւունքները բռնաբարուած են, սակայն լռութեամբ կը փորձեն իրենց համերաշխութիւնը եւ զաւակներուն հոգատարութիւնը պահել: Յիշենք նաեւ պաղեստինցի, Կազայի մայրերը, որոնք իրենց զաւակները, ամուսինները կորսնցուցին եւ տակաւին քաջաբար կը պայքարին:

Յարգա՛նք բոլոր կիներուն, որոնց ներդրումը պետական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ պիտի օգնէ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման վերելքին: Թէեւ մարտահրաւէրները շատ են, սակայն պէտք չէ տատամսիլ եւ յուսահատիլ: 1995-ին Պէյճինկի մէջ գումարուած Կիներու համաշխարհային համագումարին նշանաբանն էր «Հազար մղոնի ճամբորդութիւնը կը սկսի առաջին քայլով»: Մենք արդէն առած ենք առաջին քայլերը եւ պիտի շարունակենք մեր ժրաջան աշխատանքը` այր եւ կնոջ միջեւ իրաւունքներու հաւասարութեան, եւ ոչ թէ գերադասութիւն, որպէսզի միասնաբար կերտենք փայլուն ապագայ մը մեր գալիք սերունդներուն:

Յարգա՛նք բոլոր կիներուն:

 

 

Նախորդը

Մեր Ուսուցիչները` Մեր Բարերարները

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի Ողջոյնի Խօսքը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?