Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտաճանաչ Հոգաբարձուն (Գրիգոր Գապագեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

March 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Մօտ տասնեակ մը տարիներ առաջ անհանգստութեան պատճառով հիւանդանոց փոխադրուեցար ենթարկուելու կարգ մը բժշկական հետազօտութիւններու, ապա հազիւ ապաքինած եւ քննութիւններուն դրական արդիւնքը ստացած, տակաւին տկար քայլերով, դպրոց հանդիպեցար եւ հաղորդեցիր լաւ լուրը` մեզ ալ մասնակից դարձնելով այդ ուրախութեան: Այս անգամ դարձեալ կը սպասէինք հեռաձայնի զանգի` ակնկալելով լաւ լուրեր, սակայն, ափսո՜ս, յունուարի վերջին օրերուն` ցուրտ առաւօտ մը, անակնկալօրէն ստացանք մահուանդ գոյժը:

Փորձեցի մտաբերել մեր տարիներու գործակցութեան մանրամասնութիւնները, մտքիս մէջ սկսան տողանցել մեր հանդիպումները, ժողովները` դպրոցի տեսչարանէն ներս եւ երբեմն ալ` ձեր գործատեղին:

Պրն. Գապագեանի վաստակին եւ անոր ծալքերուն մասին կարելի է խօսիլ, սակայն կ՛ուզեմ կարեւորութեամբ կեդրոնանալ շրջանի դպրոցին եւ եկեղեցւոյ հանդէպ անոր ունեցած կապուածութեան եւ հաւատարմութեան: Իրեն հետ իմ ծանօթութիւնս կ՛երկարի մօտաւորապէս քսան տարիներ` Ազգ. Ա. Գասարճեան վարժարանի յարկին տակ աշխատանքի կոչումէս սկսեալ շաբաթական հերթականութեամբ տեղի ունեցող հոգաբարձութեան ժողովներուն, ուր պարտաճանաչութիւնը կը թելադրէր իրեն նուազագոյն բացակայութիւնները արձանագրել: Այդ միջոցին սկսայ ծանօթանալ իսկական հայ մարդու մը ազգանուէր նկարագրին եւ գործերուն:

Պրն. Գապագեան գործնապէս բարձր կը գնահատէր հայկական վարժարաններու առաքելութիւնը եւ կը հաւատար, որ գաղութի շարունակականութեան յենասիւնն է անիկա: Ան առանց հեղինակութիւն պարտադրելու` կը դառնար հեղինակաւոր եւ այդ ձեւով դիմագիծ կու տար իր ստանձնած պարտականութեան: Ամրօրէն կառչած կը մնար իր սկզբունքներուն եւ երբեք վէճի կամ վիճաբանութեան մէջ չէր մտներ: Բնաւ չէր ընդհատեր խօսակցութիւնը եւ կ՛ըլլար վերջին արտայայտուողը: Նկատի առնելով իր գործատեղիին վայրը, հազիւ հեռաձայնային կապ մը հաստատէինք, եւ ահա ան իր պարթեւ հասակով ու անմոռանալի ժպիտով կանգնած կ՛ըլլար դրան սեմին` լուծելու համար անհրաժեշտ հարցերը:

Վարակիչ է պրն. Գապագեանին լաւատեսութիւնը. իւրաքանչիւր դպրոցի (պիւտճէական) ձեռնարկին տեսնելով մտահոգութիւնս` կ՛ըսէր. «Ամէն ինչ լաւ է, մի՛ մտահոգուիր» եւ որպէս քաջալերանք` ընտանիքի բոլոր անդամներով ներկայ կը գտնուէր:

Ունէր կազմակերպ կարգապահութիւն, ճշդապահութիւն ու բծախնդրութիւն նաեւ իր գործին հանդէպ: Կը սիրէր օրինաւոր, յստակ եւ անկեղծ գործակցութիւնը: Որեւէ հանդիսութեան իր ներկայութիւնը պայծառացնող էր եւ վստահութիւն ներշնչող: Հարցերուն կը մօտենար համբերատար ներողամտութեամբ:

Պրն. Գապագեան առաջարկներ ստացած էր մաս կազմելու այլ վարժարաններու խնամակալութիւններու, սակայն իր համեստութիւնը, սէրն ու գուրգուրանքը դէպի թաղին դպրոցը թոյլ չէր տուած իրեն ընդունիլ նման առաջարկներ:

Մեր փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան կապը ընդլայնեցաւ, սկսանք արծարծել այլ թեմաներ` ազգային մտահոգութիւններ եւ երիտասարդները յուզող հարցեր:

Դէմքին վրայ յստակօրէն տեսանելի կ՛ըլլային թոռներուն եւ զաւակներուն բերած գոհունակ ժպիտները:

Պրն. Գապագեանի մահով կորսնցուցինք վաստակաւոր ազգային մը, որ կերտուած էր խիղճով, ազգին հանդէպ իր ճիտին պարտքը կատարողի յանձնառութեամբ:

Որպէս գործակից` կը վկայեմ, որ անոր կեանքը եղաւ լեցուն եւ իմաստալից, ապրեցաւ եւ ապրեցուց ընտանիքը եւ սիրած կառոյցները` ձգելով վառ յիշողութիւններ:

Հանգչէ խաղաղ:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Պարանը

Յաջորդը

Գրիգոր Գապագեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.