Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տարուան նոյեմբեր 5-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը սկսած է որոշ չափով ազդել ու մեղմել Ուաշինկթընի Իսրայէլի նկատմամբ աներեր աջակցութիւնը եւ ամերիկեան վարչակազմը շեղել այդ վաղեմի աւանդութենէն ու անոր կեցուածքները տարբերել երկիրի նախորդ վարչակազմերու կեցուածքներէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը սկսաւ զգալ ամերիկեան եւ միջազգային հասարակական կարծիքի ճնշումը: Այդ երկու հասարակութիւնները զզուած են Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի կողմէ անխտիր սպանութիւններէն ու սովը իբրեւ պատերազմական զէնք օգտագործելէն:
Ամերիկեան վարչակազմը վերատեսութեան ենթարկած է Կազայի պատերազմի սկիզբի Իսրայէլի նկատմամբ իր ամբողջական աջակցութիւնը եւ կ՛ընդդիմանայ Կազայի այլ շրջաններուն մէջ արձանագրուած ու արձանագրուող սպանդներուն Ռաֆահի մէջ կրկնութեան, ուստի Իսրայէլի իշխանութիւններէն կը պահանջէ կա՛մ Ռաֆահ ներխուժելէ առաջ այդտեղ ապաստանած քաղաքայիններու անվտանգութիւնը երաշխաւորող ծրագիր մը ներկայացնել, կա՛մ ալ ամբողջովին հրաժարիլ լայնածաւալ գործողութեան ծրագիրէն եւ այլընտրանք մը որդեգրել:
Ամերիկեան վարչակազմի կեցուածքի փոփոխութիւնը ակներեւ կերպով կ՛երեւի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի 4 ապրիլի յայտարարութիւններուն մէջ:
Պլինքըն Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այժմ Կազայի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելէն, մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելէն եւ զանոնք տրամադրողներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելէն կարեւոր բան չկայ: Իսրայէլ պէտք է բարձրութեան վրայ ըլլայ», աւելցնելով, որ` «Եթէ Իսրայէլէն մեր սպասած փոփոխութիւնները չտեսնենք, ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս նոյն օրը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին «անկեղծ» կեպով խօսած է: «Պայտըն յստակ դարձուց, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլը ինքնապաշպանութեան մէջ առանձին պիտի չձգէ, սակայն եթէ անոնց մօտեցումին մէջ փոփոխութիւններ չըլլան, շատ հաւանական է, որ մեր մօտեցումին մէջ փոփոխութիւն ըլլայ», ընդգծեց ան:
Այս կեցուածքները շատ հեռու են Պայտընի 18 հոկտեմբեր 2023-ի կեցուածքէն, երբ Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին, Իսրայէլի աջակցութեան մարմաջէն մղուած, յանդգնեցաւ զաւեշտական յայտարարութիւն մը կատարել եւ ճշմարտութիւնը ակնյայտօրէն նենգափոխելով պնդել, որ մէկ օր առաջ Կազայի մէջ «Ահլի» հիւանդանոցին դէմ կատարուած օդային հարուածին հեղինակը Իսրայէլը չէ, այլ` «հակառակորդ կողմը»: Անոր այդ յայտարարութիւնը օրին արդար զայրոյթ ու նողկանք յառաջացուց:
Այժմ անցած են այդ օրերը, որովհետեւ Կազայի պատերազմի նկատմամբ կեցուածքը արդէն կ՛ազդէ թեկնածուներու նկատմամբ զօրակցութեան վրայ: Ամերիկեան հասարակութեան մէկ հատուածը կը մերժէ Իսրայէլի նկատմամբ կոյր աջակցութիւնը, իսկ միւս հատուածը ճիշդ այդ մէկը կը պահանջէ: Իրողութիւն մը, որուն պատճառով ամերիկեան վարչակազմը կը դարձնէ շփոթահար: Անիկա կը զգուշանայ իրարու հակադիր դիրքորոշումներէն որեւէ մէկուն ամբողջովին հարելէ, որովհետեւ այդ մէկը հակադիր կեցուածքի տէր քաղաքացիներուն քուէները կորսնցնել կը նշանակէ:
Այս շփոթահարութիւնը յստակ կերպով տեսանելի դարձաւ 25 մարտին, երբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պատերազմի սկիզբէն հինգ ամիսներ ետք որդեգրեց այս հարցին վերաբերեալ իր առաջին որոշումը, որ Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու կոչ կ՛ուղղէր: Խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը թեր քուէարկեցին, իսկ Միացեալ Նահանգներ նախընտրեցին ձեռնպահ մնալ եւ նախագիծին դէմ վեթօ չկիրարկել:
Այս առիթով Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի Թել Աւիւի համար ամերիկեան քայլին կշիռը մեղմացնելու եւ իսրայէլամէտ քուէարկողներուն կողմէ «դաւաճան»-ի պիտակումէն խուսափելու համար յայտնեց.«Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը բացարձակապէս որեւէ ազդեցութիւն չունի Իսրայէլի եւ Համասը հետապնդելու անոր կարողութեան վրայ»: Վեթոյի չկիրարկումը զայրացուց իսրայէլեան կողմը, սակայն նաեւ անոր յղեց այն պատգամը, որ ամերիկեան կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն մը արձանագրուած է:
Պլինքընի եւ Հարիսի 4 ապրիլի յայտարարութիւնները Ապահովութեան խորհուրդի մէջ ամերիկեան կողմի այդ քուէարկութեան տրամաբանական շարունակութիւնն են, իսկ քուէարկութիւնը` ամերիկեան կողմի տեսակէտի անտեսման շարունակման հետեւանքին նախաճաշակն ու սպառնալիքի հաւաստիութեան ապացոյցը: