Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսէլի Եռակողմանի Յայտարարութեան Ճակատագրական Բացը

Ապրիլ 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

ԱՄՆ-ի, Եւրոպական Միութեան և Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը կը խօսի ամէն ինչի մասին, բացի Հայաստանի համար կենսական և անմիջական նշանակութիւն ունեցող անվտանգութեան սպառնալիքներէն։ Կը խոստանայ ամէն բան, բացի թուրքևազրպէյճանական ոսոխին դէմ ապահովութեան շօշափելի երաշխիքներէ։ Ան բացարձակապէս կ՚անգիտանայ գոյութենական այն սուր ճգնաժամը, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի մեր երկիրը այսօր։

Այս պայմաններուն մէջ, բացառիկ ուշիմութեան կարիք չունի թշնամին հասկնալու համար, որ Հայաստանի նոր «հովանաւոր»ները երբեք հետաքրքրուած չեն իր ձեռքերը «կապելով»։ Անոնք երբեք հետաքրքրուած չեն Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներու լուծման մէջ դերակատար ըլլալով։

Պրիւքսէլի յայտարարութեամբ, Արևմուտքի տէրերը յստակօրէն կը լուան իրենց ձեռքերը և անգամ մը ևս Հայաստանը կը լքեն իր ճակատագրին։ Աւելի՛ն։ Անոնք գործնականօրէն կ՚անցնին թշնամիին կողմը ռազմական հողի վրայ նժարը թեքելով ի նպաստ թուրքևազրպէյճանական բևեռին։ Պարզ է, որ անոնք իրենց գրաւը դրած են Կովկասի մէջ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի միջոցով Մոսկուան և Իրանը հակակշռելու սին յոյսերուն վրայ։ Մինչ այդ՝ կրկին ծախուողը հայ պետականութեան կենսական շահերն են տնտեսական և մարդասիրական օգնութեան թափանցիկ շղարշներուն ետին։

Անմիջական հետևանքը այս մնջախաղին՝ ազրպէյճանական ուժերու վերջին ոտնձգութիւններն են։ Կարդա՛լ ՀՀ ԱրտԳործՆախարարութեան ստորև տեղադրուած յայտարարութիւնը։ Նախարարութիւնը կը փութայ ինքզինք շնորհաւորել Բաքուի կողմէ ռազմական գործողութիւններու կասեցման համար։ Աւելի զգօն վերաբերմունքը պիտի պահանջէր ակնկալել աւելի մեծ վտանգը, որ դեռ մեր առջևն է և պատրաստուիլ աւելի ծաւալուն մարտահրաւէրներու։

Կը տեղեկացնեն, թէ այսօր Ֆրանսայի դեսպանը Երևանի մէջ խօսած է ՀՀ անվտանգութեան զօրավիգ կանգնելու Ֆրանսայի դիտաւորութեան մասին։ Ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս ջերմ հաւաստիքներէն…որոնք երբեք յստակ մարմնաւորում չեն ստացած մինչև օրս։ Պէտք է անշուշտ հետապնդել դիւանագիտական այս ելոյթները հաստատելու համար անոնց իրական կշիռը, բայց նաև պէտք է անպայման կազմակերպել իրական զուգահեռը և պատրաստուիլ իրական կռուի։

Փաստը այն է, որ ահաւասիկ կրկին, այս ուշ ժամուն, ՀՀ իշխանութիւնները կը շարունակեն ապաւինիլ «խաղաղութեան օրակարգ»ին միաժամանակ ընդունելով, որ թշնամին բացարձակապէս հետաքրքրուած չէ նման փաթեթներով։ Մերկ իրականութիւնը այն է, որ մենք չունինք ոչ Մոսկուայի և ոչ Արևմուտքի յստակ զօրակցութիւնը և երկիրը կը գտնուի քաղաքականապէս սնանկ իշխանութեան մը ձեռքին։ Հետևաբար պայման է, որ առաջին հերթին Փաշինեանական համակարգը դադրի մեր երկրին ճակատագիրը տնօրինելէ։ ԴԱԴՐԵՑՈՒԻ՛։

Պրիւքսէլի Յայտարարութիւնը իր մեծ խոստումներուն ետին բացայայտեց ՀՀ քաղաքականութեան էական բացը։ Ներկայի տուեալներով, Հայաստանի դէպի Արևմուտք շրջադարձը շատ հեռու է թուրքևազրպէյճանական մեծ սպառնալիքը չէզոքացնել կարենալէ։ Ընդհակառակն ան նոր աշխուժութիւն հաղորդած է թշնամիի յարձակապաշտ ռազմավարութեան։ Թուրքևազրպէյճանական բևեռը կը շարունակէ տիրապետել տարածաշրջանի խաղասեղանին թէ՛ Մոսկուայի և թէ՛ Արևմուտքի հետ յարաբերոււթիւններու խաղաքարտերը իր հակակշռին տակ պահելով։ Փոխանակ մեր անվտանգութեան կացութիւնը բարելաւելու, Պրիւքսէլի բանակցութիւններով մենք բացէ ի բաց վատթարացուցած ենք մեր կացութիւնը։ Մինչև ե՞րբ՝ այս ամէնօրեայ գահավէժը։

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (8 Ապրիլ 2024)

Յաջորդը

Հայ Դպրոցն Ու Հայերէնի Դասաւանդումը (Մտորումներ Հալէպահայ Վարժարաններու Միօրեայ Լսարանին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?